Որոնել

Պարի քաղաքին Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ գետնադամբանը Պարի քաղաքին Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ գետնադամբանը 

Ֆրանչիսկոս Պապ 5-րդ քահանայապետն է որ կ՝այցելէ Պարի քաղաքը

Առաջին անգամ Պարի քաղաք այցելած է Ուրպանոս Բ Պապը՝ միջին դարուն 1089-ին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Իտալիոյ Պարի քաղաքին պատմութեան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիսանայ 5-րդ քահանայապետը, որ կ՝այցելէ այդ քաղաքը:

Առաջին անգամուան համար Սուրբ Նիկողայոսի մասունքնեը ամփոփող քաղաք այցելած է Ուրպանոս Բ Պապը՝ միջին դարուն 1089-ին: Ապա 1098-ին միեւնոյն Պապը երկրորդ անգամուայ համար այցելած է Պարի քաղաք, Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ գետնադամբանի բացման արարողութեան առիթով:

Մէկ ու կէս դար ետք 1137-ին, Պարի քաղաք այցելած է Իննոչենցօ Բ Պապը, ապա՝ 1984-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը:

2005-ին, Ազգային Սուրբ Հաղորդութեան համագումարի առիթով Պարի քաղաք կը ժամանէ Պենետիկտոս Վաստակաւոր Քահանայապետը:

Մինչ՝ 7 յուլիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ Պարի քաղաքը կ՝այցելէ համամիութենական բնոյթ ուխտագնացութեամբ, որուն կարգախօսն է «խաղաղութիւնը քու հետդ, եկեղեցիները միջին արեւելքի ի նպաստ»:

Նորին Սրբութեան Պարի քաղաք այցելութեան նշանաբանը կը կրէ կամարի ձեւով «Խաղաղութիւն քու հետդ թող ըլլայ» գրառութիւն, որ խորհրդանիշն է արեւմուտքը արեւելքի միացնող աղեղին, որուն յատակը կը գտնենք Քրիստոնեան միջին արեւելքի համար գրառութիւնը ՝ ի յայտ դնելու Պարի քաղաքին այցելութեան դրդապատճառը: Նշանաբանին մէջ գործածուած կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ այր մարդու եւ կնոջ մարտիրոսութիւնը :

Նշանաբանին մէջ կը գտնենք արդի ոճով Սուրբ Նիկողոսի եկեղեցւոյ գծագրութիւնը, շուրջը երեք ոսկեգոյն կլորակներ, որ կը ոգեկոչեն Սուրբ Երրորդութեան խորհուրդը ՝ ակնաղբիւր միութեան, մաղթուած խաղաղութեան հիմը հանդիսացող քրիստոնեաներու եւ եղբայրական հաղորդուդութեան բաղձանքէն:

Ապա Նշանաբանի մէջ որդեգրուած ալիքներու գծագրութիւնը կը խորհրդանշէ Ատրիաթիք ծովը, որ կամուրջն է միջերկրական ծովուն եւ որ ունի համամիութեան եւ ժողովուրդներուն միջեւ հաղորդութեան կոչում։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/07/2018, 08:00