Որոնել

Գերապայծառ Շուերեպ Գերապայծառ Շուերեպ 

Ֆրանչիսկոս Պապ 10 հազար Եւրօ նուիրեց Եմենցի գաղթականներուն։

Քահանայապետը այդ գումարը նուիրեց կղզիի եպիսկոպոս ՝գերապյածռա Փիթըր Քանկ Ուիլին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հարաւային Քորէայի մօտ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Ալֆրէտ Շուերէպ՝ Ժեժու կղզիին մէջ ապաստան գտած  Եմենցի գաղթականներուն յանձնած է Ֆրանչիսկոս Պապին 10 հազար եւրոյի նուէրը։ Անոնք՝ փախուստ տալով Եմենի մէջ տիրող անկարգութիւններէն ու հակամարտութիւններէն, շաբաթներէ ի վեր կը գտնուին կղզիի վրայ, հարցեր ու մտահոգութիւններ յարուցելով կղզիի բնակչութեան համար որոնք ի տես իրավիճակին  սկսած են բողոքել կառավարութեան դէմ։ 

Քահանայապետը այդ գումարը նուիրեց կղզիի եպիսկոպոս ՝գերապյածռա Փիթըր Քանկ Ուիլին որպէս օգնութիւն ի տես Անոր յանձնառումին ու անոր գաղթականներուն պարգեւած հոգտարութեան։ 

Գերապայծառ Շուերէպ կղզի կատարած առաջին հովուական այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպում ունեցած է նաեւ Եմենցի 527 գաղթականներու հետ որոնք ապա մասնակցած են առաքելական նուիրակին մատուցած Սուրբ պատարագին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2018, 10:29