Որոնել

Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի ԵՀՕ Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի ԵՀՕ 

Հինգ տարիներ անցան Ֆրանչիսկոս Պապին Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի ԵՀՕ հաւաքէն։

22 յուլիս 2013-ին, ֆրանչիսկոս Պապ Քահանայապետութեան միջազգային առաջին ճամբորդութիւնը կը կատարէր դէպի Պրազիլ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը» այս էր Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի կողմէ ընտրուած ՝ Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի ԵՀՕ բնաբանը։ Արդարեւ հինգ տարիներ առաջ՝ 22 յուլիս 2013-ին,  ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր  Քահանայապետութեան միջազգային առաջին ճամբորդութիւնը կը կատարէր դէպի Պրազիլ, մասնակցելու համար սոյն երիտասարդութեան համաշխարհային 28 օրուայ տօնախմբութիւններուն։ 

«Ես ոչ ոսկի ունիմ եւ ոչ արծաթ, սակայն հետս բերած եմ ինծի համար ամենաթանկարժէքը` Յիսուս Քրիստոս. Կու գամ Անոր Անունով սնուցելու այն եղբայրական սիրոյ բոցը որ վառած է ամէն մէկ սրտի մէջ եւ կ՛ուզեմ որ իմ ողջոյնս բոլորին ու ամէն մէկուն հասանելի ըլլայ. ''Քրիստոսի խաղաղութիւնը ձեր հետ''։ Ասոնք եղան Ֆրանչիկսոս Պապին  Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի  նախագահական պալատին մէջ կայացած բարի գալուստի պաշտօնական արարողութեան առթիւ արտասանած առաջին բառերը, որոնք խանդավառեցին  Պրազիլցիներու սրտերը։ Մինչ Քոփակապանայի ծովեզերքին վրայ տեղի ունեցած  արարողութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը՝ այնտեղ համախմբուած հազարաւոր երիտասարդներուն ըսաւ. «Հաւատքը յեղափոխական է. որովհետեւ անոր կեդրոնը չկայ «ես»ը այլ Քրիստոս»  ու խրախուսեց երիտասարդները իրենց կեանքի որպէս կեդրոն ընտրելու Քրիստոսը, Անոր վրայ դնելով իրենց վստահութիւնը ու իրենց կեանքին մէջ ամրապնդելու հաւատքը, յոյսն ու սէրը»։

Եպիսկոպոսներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց զանոնք դուրս ելլելու իրենց ապրած հանգստաւէտ վայրերէն, երթալու դէպի արուարձանները ու դառնալու ծառաներ հաղորդութեան ու հանդիպումի մշակոյթին։ «Օգնենք երիտասարդները գիտակցելու թէ աշակերտ միսիոնար ըլլալը՝ հետեւանքն է սուրբ մկրտութեան ու առաջին վայրը ուր պէտք է աւետարանել սեփական տունն է, աշխատանքի եւ ուսմունքի միջավարն է, ընտանիքը, բարեկամները։

«Մտիկ ընենք երիտասարդներուն, անոնց հարցադրումներուն, ժամանակ վատնենք անոնց հետ» յորդորեց Ֆրանչիսկոս Պապ որ ԵՀՕ առթիւ կազմակերպուած Ճանապարհ Խաչիի արարողութեան ընթացքին յղած պատգամին մէջ՝ շեշտը դրաւ սիրոյ վրայ ու հրաւիրեց սիրել անպէս ինչպէս Քրիստոս սիրեց մեզ։

«Քրիստոսի խաչին մէջ մենք կը հանդիպինք մեզ հասկցող բաց սրտի մը, որ մեզ կը ներէ, մեզ կը սիրէ ու մեզմէ կը խնդրէ այդ սէրը կռել մեր կեանքին մէջ, սիրել մեր իւրաքանչիւր եղբայրն ու քոյրը...Քրիստոսի Խաչին մէջ կայ տառապանքը. Մարդուն ու մեր մեղքը,  Քրիստոս մեզ կ՛ընկալէ բազկատարած, իր ուսերուն վրայ շալկելով նաեւ մեր խաչերը ու մեզի կ՛ըսէ. քաջութիւն, դուք երբեք միայնակ չէք...Քրիստոսի Խաչին մէջ կայ Աստուծոյ սէրը ու Անոր անհուն ողորմածութիւնը» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ «Քրիստոս Խաչը փոխակերպեց ու պարտութեան, մահուան  եւ թշնամութեան գործիքէն զայն դարձուց նշան սիրոյ, յաղթանակի ու կեանքի»։

Իսկ աղօթքի հսկումի ընթացքին  Քահանայապետը հրաւիրեց երիտասարդները ըլլալու Քրիստոսի մարզիկները ու մաս կազմելու անոր խումբին։

«Յիսուս մեզի կը նուիրէ բան մը որ կը գերազանցէ աշխարհի ախոյանութեան բաժակը, Ան մեզի կը պարգեւէ ՝ պտղաբեր եւ երջանիկ կեանքի կարելիութիւնը  ու ապագայ մը Իր հետ որ անվերջ է՝ յաւիտենական կեանքը»։ Ան սակայն մեզմէ կը պահանջէ որ մարզուինք, որպէսզի կարենանք դիմագրաւել կեանքի դժուարութիւնները ու վկայել մեր հաւատքը։

«Աղօթքի, խորհուրդներու ընդմէջէն եղէք պատմութեան դերակատարներ. Յիսուս ձեզ կը կոչէ ըլլալու իր Եկեղեցւոյ կենդանի քարերը։ Եկեղեցի մը որ կարող ըլլայ ընկալել համայն մարդկութիւնը եւ ըլլայ բոլորին տունը։ Յիսուս արդարեւ ձեզի կ՛ըսէ «գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը» -ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ որ եզրափակիչ սուրբ պատարագի ընթացքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 3 միլիոն ուխտաւորներ եւ 2 միլիոն երիտասարդներ,  հրաւիրեց երիտասարդները «վախ չունենալ Քրիստոսը տանելու կեանքի ամէն մէկ միջավայրի մէջ, ու նոյնիսկ գոյութենական արուարձաններու մէջ»։ «Աւետարանել նախ եւ առաջ կը նշանակէ անձնական վկայութիւն տալ Աստուծոյ սիրոյ մասին։ Աւետարանել կը նշանակէ Աստուծոյ զօրութիւնը տանիլ՝ արմատախիլ ընելու համար չարն ու բռնութիւնը ու կառուցել նոր աշխարհ մը։ Յիսուս Քրիստոս ձեզի կը վստահի, Եկեղեցին ձեզի կը վստահի. Քահանայապետը ձեզի կը վստահի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/07/2018, 11:19