Կարինալ Թոռանի յուրկաւորութեան արարողութեան ընթացքին Կարինալ Թոռանի յուրկաւորութեան արարողութեան ընթացքին 

Կարդինալ Ճան Լուի Թոռանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը:

Քահանայապետական միջ-կրօնային երկխօսութեան խորհուրդի երբեմնի նախագահ՝ կարդինալ Ճան Լուի Թոռան հոգին աւանդեց առ Աստուած, անցեալ հինգշաբթի, 5 յուլիս 2018-ին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 12 յուլիս 2018-ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարէն ներս տեղի ունեցաւ միջ-կրօնային երկխօսութեան խորհուրդի երբեմնի նախագահ կարդինալ Ճան Լուի Թոռանի յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգի արարողութիւնը, նախագահութեամբ կարդինալական դասի աւագերէց Կարդինալ Աճելօ Սոտանոյին եւ ներկայութեամբ ծիրանաւորներուն  ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսներուն դասին: Հանգուցեալին հարազատներուն կողմէ յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ կարդինալ Թոռանին քոյրը: 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ  նախագահեց Հանգուցեալ ծիրանաւորին թաղման կարգին վերջին մասը:

Յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ կարդինալական դասի աւագերէց կարդինալ Անճելօ Սոտանօ անդրադառնալով հանգուցեալ Կարդինալ Ճան Լուի Թոռանին առաքելական կեանքին, յայտնեց որ «ան եղբայրակից մըն էր, որ քաջութեամբ ծառայեց Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցին, հակառակ՝անոր հիւանդութեան ծանր պայմաններուն»:

Կարդինալ Սոտանօ ապա ակնարկեց աւետարանի երանութիւններուն, յարելով, թէ Աւետարանին մէջ Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ Քրիստոնեային իսկական երանութիւնները, դիտել տալով որ «յուզիչ է մեր եկեղեցւոյ մէջ բացականչել սոյն երանութիւնները. Երանի հոգիով աղքատներուն, երանի ողորմածներուն, երանի խաղաղութեան գործիչներուն», աւեցնելով «Երանութիւններ,  որոնք միշտ լուսաւորեցին մեր սիրելի հանգուցեալ եղբօր կեանքը՝ նման լուսաւոր աստղերու ՝ իր ուղեւորութեան մէջ» ըսաւ կարդինալ Սոտանոն դիտել տալով, որ ինք բազմաթիւ տարիներ վկայ եղած է Կարդինալ Թոռանի առաքելական վսեմ հոգիին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2018, 12:12