Սուրբ Քամիլլօ Տէ Լէլլիս Սուրբ Քամիլլօ Տէ Լէլլիս 

Եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Քամիլլօ Տէ Լէլլիսի ծիսական տօնը

Միաբանութիւնը կը գործէ նաեւ Հայաստանի Աշոտցք գիւղի «Ռետեմթորիս Մաթեր» հիւանդանոցին մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր՝ 14 յուլիսին,  Լատինաց մօտ տօնն է Սուրբ Քամիլլօ Տէ Լէլլիսին, հիւանդներու հոգածութեան միաբանութեան  հիմնադիրը ու հիւանդներու եւ առողջապահական գործիչներու պաշտպան սուրբը։  Ան ծնած էր Իտալիոյ Պոուքիանիքօ գիւղաքաղաքին մէջ՝ 25 մայիս 1550-ին։ Երիտասարդական տարիները անցուցած է որպէս զինուորական զբաղելով կեանքի վայելքներով։ Դարձի գալէն ետք ան իր ամբողջ կեանքը կը նուիրէ հիւանդներու խնամքին, որոնց մէջ կը տեսնէ Աստուծոյ սիրտը։

Միաբանութիւնն ու անոր առաքելութիւնը

1586-ին Սուրբ Քամիլլոն կը հիմնէ հիւանդներու հոգածութեան միաբանութիւնը որ իսկական եղբայրսիրութեան դպրոց մը կը դառնայ ու իր առաքելութիւնը կը տարածէ համայն աշխարհի մէջ, ներառեալ Հայաստան,  ճանչցուելով որպէս Քամիլեան միաբանութիւն։

«Հիւանդները մեր տէրն ու տիրականն են» կ՛ըսէր Սան Քամիլլոն  իր միաբանակից եղբայրներուն թելադրելով «հոգ տանիլ անոնց, իր միակ հիւանդ զաւակը խնամող  մօր մը  քնքշութեամբ»։

Սուրբ Քամիլլոն մահկանացուն կը կնքէ 64 տարեկանին՝ 14 Յուլիս 1614-ին եւ որպէս կտակ կը թողու հետեւեալ խօսքերը «Ես Քամիլլօ Տէ Լէլլիս…սատանային՝  անօրէն փորձիչին, կը թողում բոլոր մեղքերս…մինչ հոգիս կը պարգեւեմ իմ սիրեցեալ Յիսուսին ու անոր Մօր…ամբողջութեամբ՝ հոգւով ու մարմնով կը յանձնուիմ Յիսուս Քրիստոսին, այն վստահութեամբ թէ Ան իր անհուն սիրով ու ողորմութեամբ ինձ կ՛ընդուի ու կը ներէ»։

Սուրբ Քամիլլոն սուրբ հռչակուեցաւ Պենետիկտոս ԺԴ օրով ՝ 1746-ին։

Ֆրանչիսկոս Պապին քաջալերանքը

2016-ի Հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վրաստան կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն  ներս, Քամիլեաններու Թիֆլիսի բուժարանին տուած այցելութեան ընթացքին, խօսքը ուղղելով միաբանութեան անդամներուն ըսաւ «Ձեզ կը քաջալերեմ շարունակելու այս յանձնառու ու պտղաբեր ուղեւորութիւնը։ Աղքատ եւ տկար մարդիկը Քրիստոսի մարմինն են, որոնք կը հարցադրեն բոլոր դաւանանքներու պատկան քրիստոնեաները, զանոնք մղելով գործել անշահախնդիր կերպով՝ հետեւելով Սուրբ Հոգւոյն կոչին»։

Հայաստանի «Ռետեմթորիս Մաթեր» հիւանդանոցը։

Քամիլլեան միաբանութիւնը կը գործէ նաեւ Հայաստանի մէջ ծառայութիւն մատուցելով ՝ Աշոտցք գիւղի  «Ռետեմթորիս Մաթեր» հիւանդանոցին մէջ։

Հիւանդանոցը կառուցած է 1991-ին Իտալիոյ Քարիթասի կողմէ որպէս Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի կողմէ նուէր՝ հայ ժողովուրդին։

Հիւանդանոցին հոգաբարձուինը ի սկզբանէ յանձնուած է Քամիլլեան միաբանութեան։ Հիւանդանոցը ունի 100 անկողին ու ծառայութիւն կը մատուցէ աւելի քան 15 հազար բնակչութեան, թէեւ այնտեղ կը ժամանեն ու խնամք կը ստանան Վրաստանէն ու Հայաստանի տարբեր վայրերէ հիւանդներ։

Հիւանդանոցին կառուցումը տեղի ունեցաւ 1988-ին դեկտեմբեր եօթին Հայաստանը հարուածող ահեղ երկրաշարժէն ետք, որ քար ու գանդ ըրաւ շրջանի գիւղերը ու պատճառեց 25 հազարէ աւելի զոհեր։

Հիւանդանոցին ծախսերուն մեծ մասը կը հոգայ Իտալիոյ Եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասը, տրուած ըլլալով որ այնտեղ մատուցուած խնամակալութիւնը յատկացուած է յատկապէս աղքատներուն ու կը մատակարարուի ձրի կերպով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2018, 11:28