Որոնել

Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչերը ի նպաստ Նիքարակուայի, Սուրիոյ ու Պարիի ուխտագնացութեան։

«Բոլորէդ կը խնդրեմ որ աղօթքով ընկերանաք խաղաղութեան եւ միութեան ուխտագնացութեան»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի՝  1 Յուլիս 2018-ի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ողջունելով այս առթիւ ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները ըսաւ.

Ունկնդրէ լուրը

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, նորոգելով աղօթքս սիրեցեալ Նիքարակուայի ժողովուրդին համար, կ՛ուզեմ միանալ այն ջանքերուն զոր կը կատարեն երկրին եպիսկոպոսները ու բարի կամքի բազմաթիւ անձինք, իրենց միջնորդի եւ վկայութեան դերակատարութեամբ, ժողովրդավարական ճանապարհի ազգային երկխօսութեան գործընթացին համար։

Քահանայապետը ակնարկեց ապա Սուրիոյ, հաստատելով թէ կացութիւնը կը մնայ ծանր՝ յատկապէս Տարաա շրջանին մէջ, ուր զինուորական արարքները հարուածեցին նաեւ դպրոցներ եւ հիւանդանոցներ, ու պատճառ դարձան  փախստականներու նոր հոսքի մը ստեղծումին։ «Աղօթքին հետ միասին կը նորոգեմ կոչս, որպէսզի տարիներէ ի վեր տառապող բնակչութիւնը խնայուի աւելորդ տառապանքներէ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հուսկ Եթովպիայի եւ Էրիթերիայի միջեւ այս օրերուն սկիզբ առած խաղաղութեան ի նպաստ երկխօսութիւնը նկատեց «պատմական», մաղթանք յայտնելով որ այդ երկխօսութիւնը՝ յոյսի լոյս մը վառէ երկու երկիրներուն համար ու համայն Ափրիկեան ցամաքամասին համար։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա իր աղօթքը ապահովեց նաեւ  Թայլընտի մէկ քարայրի մէջ մէկ շաբաթ առաջ կորսուած երիտասարդներուն համար ապա մատնանշեց թէ յառաջիկայ շաբաթ օր պիտի մեկնի Պարի, Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հասարակութիւններու ու եկեղեցիներու հովուապետերու հետ միասին։ «Պիտի ապրինք աղօթքի եւ խորհրդածութեան օր մը, այդ շրջանի միշտ աւելիով ողբերգական իրավիճակին ի տես, ուր հաւատքի բազմաթիւ  մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն տառապիլ» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ  «Մէկ ձայնով պիտի հայցենք «Քու վրադ գայ խաղաղութիւնը»։

«Բոլորէդ կը խնդրեմ որ աղօթքով ընկերանաք այս խաղաղութեան եւ միութեան ուխտագնացութեան» կոչ ուղղեց հուսկ Սրբազան Պապը ապա ողջոյնի խօսքեր ուղղեց հրապարակին վրայ համախմբուած տարբեր վայրերէ ժամանած ուխտաւորներու խումբերուն որմէ ետք հրաժեշտ առաւ ներկաներէն բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնդրելով որ բարեհաճին չի մոռնալ աղօթել իրեն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչերը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2018, 20:07