Ֆրանչիսկոս Պապ  աղքատներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ աղքատներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապին անակնկալը՝ 280 աղքատներուն։

Ընթրիքի պահուն անակնկալ մուտք կատարեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու տեղ գրաւեց, աղքատներու մէկ սեղանի պարապ թողուած աթոռի մը վրայ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ՝ 29 յունիսի երեկոյեան, Քահանայապետի ողորմաբաշխութեան գրանեսկի կառավարիչ նորանշանակ  կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքին, ուզած էր իր այդ անուանումը տօնախմբել իւրայատուկ կերպով, Վատիկան հրաւիրելով 280 աղքատներ, որոնց շարքին էին նաեւ գաղթականներ ու նախկին բանտարկեալներ։

Ընթրիքի պահուն անակնկալ մուտք կատարեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու տեղ գրաւեց, աղքատներու մէկ սեղանի պարապ թողուած աթոռի մը վրայ,  զարմանքի մատնելով բոլոր ներկաները եւ նոյնինքն Կարդինալ Քարյեւսքին։ «Եկած ե աղքատներուն համար, ոչ թէ քեզի համար» ըսաւ Սրբազան Պապը ժպտալով։ Ան ապա երկու ժամէ աւելի բաժնեկից դարձաւ Ծիրանաւորի հիւրերու տօնախմբութեան, զրուցելով իր սեղանակիցներուն հետ, մտիկ ընելով անոնց պատմութիւններուն, որոնք յաճախ յատկանշուած են տառապանքով սակայն նաեւ ապագայի յոյսով։

Ընթրիքին ծառայող կամաւորներէն մին պատմեց թէ Սրբազան Քահանայապետին այդ այցը բացառիկ էր։ «Ամէնքս կը կարծէինք թէ եկած էր պարզ ողջոյնի խօսք մը տալու ու մեկնելու,  սակայն այդպէս չ՛եղաւ ու քահանայապետը մեր հետ մնաց բոլոր ընթրիքի ընթացքին» ըսաւ Ան նշելով թէ Ֆրանչիսկոս Պապ  ուզեց իր սեղանակիցներէն իմանալ իրենց կեանքի պատմութիւնները, կիսելով մերթ ընդ մերթ ցաւեր ու նաեւ յոյսերը, իր կարգին եւս արտայայտելով իր զգացումներն ու իր տեսակէտերը, ընտանեկան այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ որ բոլոր հիւրերուն յիշողութեան մէջ դրոշմուեցաւ որպէս անմոռանալի։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2018, 12:42