Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին անակնկալ այցը անկարներու հոգ տանող հիմնարկի մը։

Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ «Մեզի հետ ու մեզմէ ետք» հիմնարկի եւ «ՕԶԱ» ընկերակցութեան անդամներուն հետ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 24 Յունիս 2018-ի երեկոյեան 8-ին, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը։
«Ֆրանչիսկս Սրբազան Քահանայապետը այս երեկոյ հանդիպում ունեցաւ «Մեզի հետ ու մեզմէ ետք» հիմնարկի եւ «ՕԶԱ» ընկերակցութեան անդամներուն հետ, որոնք համախմբուած էին Հռոմի «Casale 4.5» շրջանի մէջ։
Հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ծանօթացաւ վերոնշեալ երկու հաստատութիւններու գործունէութեան հայող ծանր անկարներու համար կեանքի ծրագրի մը։
Հանդիպումին ներկայ էին աւելի քան 200 հիւրեր որոնց հետ Ֆրանչիսկոս Պապ մնաց գրեթէ երկու ժամ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2018, 09:30