Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Gravissimum Educationis» հիմնարկի անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Gravissimum Educationis» հիմնարկի անդամները 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Gravissimum Educationis» հիմնարկի անդամները:

«Լոկ կրթական համակարգի փոփոխութեամբ է որ կարելի Է աշխարհը փոխել»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 25 Յունիսին Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Gravissimum Educationis» հաստատութեան կողմէ կազմակերպուած «կրթել եւ փոխակերպել» բնաբանով հանդիպումի մասնակիցները եւ այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ նշեց թէ «ինք ընդառաջելով Կաթողիկէ դաստիարակութեան Ժողովին, 28 հոկտեմբեր 2015-ին,  Վատիկանեան տիեզերական Բ Ժողովի հռչակագիրի 50-րդ տարեդարձին առթիւ, ստեղծած է «Gravissimum Educationis» հիմնարկը, նորոգելու համար եկեղեցւոյ  յանձնառումը՝ ի նպաստ կաթողիկէ դաստիարակութեան, հետեւելու համար ժամանակակից պատմական փոխակերպումներուն»։

«Լոկ կրթական համակարգի փոփոխութեամբ է  որ կարելի աշխարհը փոխել» ըսաւ Սրբազան Պապը այս ուղղութեամբ ներկայացնելով կարգ մը առաջարկներ.

«Նախ եւ առաջ հարկաւոր է ցանց ստեղծել» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, այսինքն միատեղ հաւաքել  դպրոցական եւ համալսարանական հաստատութիւնները,  ամրապնդելու համար դաստիարակչական եւ հետազօտական ծրագիրը։

Ցանց գոյացնել  կը նշանակէ հանդիպումի ու երկխօսութեան վայրեր ստեղծել դաստիարակչական կեդրոններէն ներս, ու այդ վայրերը խթանել նաեւ արտաքին գետնի վրայ, ի միտ ունենալով «դպրոցը վերածել կրթիչ հասարակութեան մը, ուր ուսուցիչներն ու աշակերտները իրարու կապուած ըլլան, կեանքի ու փորձառութեան ծրագրի մը հիման վրայ»։

Երկրորդ , կաթողիկէ կրթութիւնը կանչուած է երաշխաւոր ըլլալ որ ոչ մէկէն յոյսը  խլուի - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ նշելով  թէ բոլորս կանչուած ենք չի կորսնցնելու յոյսը,  որպէսզի յոյս ներշնչենք մեր  օրուան համաշխարհայնացում աշխարհին ու հաստատելով որ  զօրակցիլ համաշխարհայնացումի յոյսին՝ կաթողիկէ կրթութեան առաքելական  հիմնական  յանձնառումն է:

Երրորդ: «Gravissimum Educationis» Հիմնարկին  ու անոր  հետ համագործակցող գիտնականներուն եւ մտաւորականներուն աշխատանքը: Այս աշխատանքները արդիւնաբեր դարձնելու համար Ֆրանչիսկոս Պապ ներկայացուց երեք էական չափանիշեր՝ ինքնութիւն, որակ եւ հասարակաց բարիք:

Ինքնութիւն, որ կը պահանջէ յարատեւութիւն եւ շարունակականութիւն, դպրոցներու, համալսարաններու եւ հետազօտական կեդրոններու հետ,  որոնք ծնած եւ առաջնորդուած են եկեղեցւոյ կողմէ  եւ բաց են բոլորին:

Որակ։   Որակը, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ապահով ճրագն է ՝լուսաւորելու համար ուսմունքի եւ կրթութեան ամէն ձեռնարկ: Որակը կարեւոր  է իրականացնելու  համար միջ կրթական լաւագոյն բեւեռներ, որոնք յանձնարարուած են  եկեղեցւոյ սահմանադրութեան կողմէ  եւ որուն կը ձգտի զօրարկցիլ  «Gravissimum Educationis» հիմնարկը.

Հասարակաց բարիք:  Այս ծիրէն ներս ֆրանչիսկոս Պապ ներկաներուն յորդորեց որ անոնց աշխատանքներուն մէջ երբեք չի պակսի հասարակաց բարիքը,  դիտել տալով որ  հասարակաց բարիքը դժուար  սահմանում է  ժամանակից ընկերութեան մէջ,  որ յատկանշուած է   տարբեր քաղաքացիներու համակեցութեամբ, տարբեր մշակոյթի եւ հաւատքի պատկանող ժողովուրդներով: Այս ուղղութեամբ Սրբազան Հայրը  անհրաժեշտ  նկատեց  ընդլայնել հասարակաց բարիքի  հորիզոնները, եւ բոլորը   կրթել մարդկային  ընտանիքի պատկանելիութեան հեռանկարով:

Ան ի վերջոյ խրախուսեց ներկաները ի իրենց առաքելութիւնը լաւապէս  կատարելու համար  հիմնուելու երեք կարեւոր սիւներու վրայ , քրիստոնէական ինքնութեան մէջ հետեւողականութիւնը , որակաւոր ուսում եւ հետազօտութիւն,   ինչպէս նաեւ հասարակաց բարիքի նպատակի հետապնդում :

Սրբազան Հայրը հաստատեց  թէ  մտաւոր եւ ներգործական  յայտագիր մը որ հիմնուած է  այս երեք սիւներուն վրայ կրնայ կրթութեան միջոցաւ նպաստել ապագայի կերտումին։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց քաջալերելով ներկաները յարատեւելու այս արժանի եւ նպաստաւոր առաքելութեան մէջ, ապա անոնց վրայ հայցեց Տիրոջ օրհնութիւնները ու խնդրեց՝ ինչպէս միշտ, որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2018, 13:59