Ֆրանչիսկոս Պապ  ընդունեց Կեանքի ի նպաստ Քահանայապետական ակադեմիայի հաւաքին մասնակցողները Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Կեանքի ի նպաստ Քահանայապետական ակադեմիայի հաւաքին մասնակցողները 

Կեանքի ի նպաստ Ք. Ակադեմիայի անդամները Վատիկանի մէջ:

Ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ կեանքի ու անոր յարգանքի ու պաշտպանութեան կարեւորութեան վրայ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 25 յունիս 2018-ին սկիզբ կ՛առնէ Կեանքի ի նպաստ Քահանայապետական ակադեմիայի 24-րդ լիագումար նիստը, «Equal beginnings. But then? A global responsibility» խորագիրով որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ, յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց նիստին 300 մասնակիցներուն։
Ներկաներուն արտասանած իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ կեանքի ու անոր յարգանքի ու պաշտպանութեան կարեւորութեան վրայ։

«Իմաստութիւնը որ ներշնչելու է մեր վերաբերմունքը՝ «մարդկային բնապահպանութեան» նկատմամբ, կը մղէ նկատի առնելու կեանքի հոգեւոր ու բարոյական որակը, անոր բոլոր հանգրուաններուն մէջ» սկսեալ յղացումէն, անցնելով ի լոյս ընծայուած կեանքէն, երիտասարդ ու չափահասի կեանքէն, մինչեւ ծերութեան կեանքը, հուսկ յաւիտենական կեանքը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ «կայ ապա կեանք մը որ է ընտանիք ու հասարակութիւն, կեանք՝ որ է յորդոր եւ յոյս ապա կեանք մը որ է հիւանդ եւ դիւրաբեկ, վիրաւոր, նախատուած, բացառուած…սակայն այս բոլորը կը մնան միշտ մարդկային կեանք, յարեց Սրբազան Պապը մատնանշելով թէ «Ասիկա կեանքն է մարդ անհատներու որոնք կը բնակին երկրի վրայ որ ստեղծուած է Աստուծմէ եւ որոնք կը կիսեն հասարակաց տունը, միւս բոլոր կենդանի արարածներուն հետ միասին»։

Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց թէ՝ «կեանքի գեղեցիկ գործը նոր անհատի մը ստեղծումն է» ու հարց տուաւ «երբ մենք մանուկները կը յանձնենք զրկումներու, աղքատները անօթութեան, հալածուածները պատերազմի ու տարեցները լքումի, արդեօք չե՞նք գործեր «մահուան» կեղտոտ տրամաբանութեան համաձայն», ու հաստատեց թէ այդ մահուան կեղտոտ աշխատանքը կը բխի մեղքէն որ մեզ կ՛ուզէ համոզել թէ մահը վերջն է ամէն ինչի, թէ մենք աշխարհ եկած ենք պատահաբար ու թէ սահմանած ենք ոչնչութեան։

Արդարեւ ըսաւ Սրբազան Պապը, երբ միւսը-ուրիշը կը բացառենք մեր հորիզոնէն կեանքը իր մէջ կը ներփակուի ու կը դառնայ «սպառումի» բարիք։

Քահանայապետը ակնարկեց ապա լիագումար նիստի նիւթի «կենադանաբարոյական» տեսութեան որ հիմնուած է մարդ անհատի անձեռնմխելի արժանապատուութեան վրայ, այնպէս ինչպէս զայն կը սիրէ Աստուած, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը այս ծիրէն ներս կարեւորելով «համապարփակ բնապահպանութեան» զարգացումը ու անհատի «ամբողջական տեսլականը», որ մարդ անհատը կը դնէ միջավայրի ու այլ կենդանի էակներու հետ յարաբերութեան մէջ, որուն համար «հարկաւոր է արժանահաւատ զատորոշում մարդկային կեանքի հիմնարար տարբերութիւններու մասին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով կեանքի տարբեր հանգրուաններուն ու յատկապէս շեշտելով կեանքի պաշտպանութեան հարկաւորութիւնը, մասնաւորապէս դիւրաբեկ կեանքի պաշտպանութիւնը, որովհետեւ՝ ըսաւ Ան, «ամէն մէկ կեանք միշտ ալ սուրբ է», եւ այս իրողութենէն մեկնելով նշեց թէ կեանքի մշակոյթը պէտք է նաեւ իր հայեացքը ուղղէ «վերջնական հանգրուանին» վրայ, որովհետեւ ամէն մէկ անհատ ձրիօրէն կանչուած է Աստուծոյ հետ հաղորդութեան։

Ճառին աւարտին Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «քրիստոնէական իմաստութիւնը պէտք է խիզախութեամբ վերաբացուի  մարդկութեան նպատակակէտին՝ որ է մասնակից դառնալ Աստուծոյ կեանքին, որ մեզի խոստացաւ, մահուընէ անդին, կեանքի սիրոյն բանալ, առանց արցունքի, լոյսի սիրալիր էակներու անսահման հորիզոնը»

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2018, 12:07