Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ափրիկէի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Ափրիկէի մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ափրիկեան եկեղեցիներու ինստիտուտի պատուիրակութիւնը։

Այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է որ քրիստոնեաները սորվին գործել միասին, ի նպաստ հասարակաց բարիքին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ՝ 23 Յունիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը առաքելական պալատի իր աշխատանքային գրասենեակին մէջ ընդունեց «Organization of African Instituted Churches» կազմակերպութեան  պատուիրակութեան 11 անդամները։

«African Instituted Churches» համամիութենական կազմակերպութիւնը՝ հիմնուած է 1978-ին ու մաս կը կազմէ Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդին։

Պատուիրակութեան անդամներուն յղած իր խօսքին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց իրեն տուած սոյն այցելութեան համար ու նաեւ կազմակերպութեան կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ ունեցած սերտ կապերուն համար։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Հայրը մատնանշեց ապա Ափրիկեան ցամաքամասի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու յատկապէս այդտեղ տեղի ունեցող գործընթացին՝  ստեղծելու համար աւելի արդար ու խաղաղ ընկերութիւն մը, որ պաշտպան կանգնի ափրիկեան ժողովուրդներու արժանապատուութեան։

Թէեւ՝ նկատել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ այդ գործընթացը շատ մը երկիրներու մէջ յաջողութիւն չ՛արձանագրեց ու անոնք տակաւին հեռու կը մնան խաղաղութենէն ու տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական զարգացումէն։

Դուք լաւապէս կը ճանչնաք Ափրիկէի մարտահրաւէրները, ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն, եւ գիտակից էք նաեւ Եկեղեցիներու դիմագրաւած հարցերուն, իրենց աւետարանումի, հաշտութեան, մարդկայնական օգնութիւններու ի նպաստ առաքելութեան ծիրէն ներս, յատկապէս գիտակցից էք նաեւ այդ մեծ մարտահրաւէրին՝ երիտասարդներուն ապահովելու կայունութիւն, դաստիարակութիւն ու աշխատանքի հնարաւորութիւն։

Ափրիկէն այսօր կը նմանի այդ մարդուն որ Երուսաղեմէն կ՛իջնէր Երիքով ու ճանապարհորդութեան ընթացքին կ՛իյնայ աւազակներու  ձեռքը, որոնք կը կողոպտեն զինք ու ծեծելէ ետք կը թողուն  կիսամեռ՝ ճամբուն եզերքը։

Հիմնական հարցը որուն պէտք է պատասխան տալ այս է «Ի՞նչ իմաստով քրիստոնէական պատգամը բարի լուր մըն է Ափրիկէի համար»։ Աղքատներու յուսալքումի դիմաց. Երիտասարդներու հիասթափութեան ու տարեցներու եւ տառապողներու ցաւի ճիչին դիմաց, Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը՝ փոխանցուած եւ ապրուած, կը դառնայ յոյսի, խաղաղութեան, ուրախութեան, ներդաշնակութեան, սիրոյ ու միութեան փորձառութիւն - հաստատեց Քահանայապետը ու աւելցուց «Մեր Քրիստոնեայ պարտականութիւնն է  ընկերանալ բոլոր այն ջանքերուն որոնք կը ձգտին ցամաքամասի մարդկային, մշակութային ու նիւթական կենսամիջոցները արժեւորել եւ այս ծիրէն ներս անյետաձգելի կը մնայ յանձնառումը ի նպաստ խաղաղութեան խթանումին, որուն համար հարկաւոր է նաեւ կարիքաւորին նկատմամբ զօրակցութեան գործնական ցուցմունք, ու այս ծիրէն ներս Եկեղեցիներու պարտականութիւնն է օգնել մարդիկը՝ որպէսզի իրենց սեփական ներուժը դնեն ի նպաստ հասարակաց բարիքին ու միեւնոյն ատեն պաշտպան կանգնինք անոնց արժանապատուութեան, անոնց ազատութեան եւ անոնց իրաւունքներուն։

Հակառակ մեր բոլոր տարբերութիւններուն, «այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է որ քրիստոնեաները սորվին գործել միասին, ի նպաստ հասարակաց բարիքին» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ, ակնարկելով Ափրիկան Ժողովուրդներու կրօնական զգացումին ու կրօնական արժէքներուն՝ ընտանիք, կեանքի նկատմամբ սէր, զաւակները որպէս պարգեւ Աստուծոյ, տարեցներու նկատմամբ յարգանք ու մերձաւորի նկատմամբ պարտականութիւն…. Այս արժէքներէն մեկնելով է որ կրնանք մեր զօրակցութիւնը արտայայտել ընկերային ու միջ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ, ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը քրիստոնեաներու յատուկ պարտականութիւն նկատելով նաեւ, Ափրիկեան ընկերութեան ցեղային, աւանդական, լեզուային ու կրօնային տարբեր խումերու մէջ խթանել համակեցութիւնը։

Ասոր համար է որ կը քաջալերեմ համամիութենական աւելի խոր երկխօսութիւն մեր միջեւ ու բոլոր միւս քրիստոնեայ եկեղեցիներուն հետ, ըսաւ Սրբազան Պապը հայցելով Սուրբ Հոգւոյն շնորհքը՝ որպէսզի մեզ լուսաւորէ եւ օգնէ ՝Ափրիկէի լաւագոյն ապագայի մը համար համագործակցելու բոլորին հետ, քրիստոնեայ, իսլամ կամ աւանդական կրօնի պատկան անձերու հետ, ըսաւ Ան ու խօսքը եզրափակեց հայցելով Աստուածային սիրոյ հայեացքը ներկաներուն ու անոնց ընտանիքներուն եւ ժողովուրդներուն վրայ, ապա խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար որովհետեւ «կարիքն ունիմ այդ աղօթքին» ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/06/2018, 12:15