Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը «Իտալիոյ աշխատանքի վարպետներու դաշնութեան» անդամներուն։

Կարելի չէ երջանիկ ըլլալ եթէ կարելիութիւնը չունինք մեր սատարը տալու հասարակաց բարիքի կառուցման

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 15 յունիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց «Իտալիոյ աշխատանքի վարպետներու դաշնութեան» կողմէ կազմակերպուած ազգային գիտաժողովի մասնակիցներուն եւ այս առթիւ ներկաներուն արտասանած ճառին մէջ ուրախութիւնը յայտնեց անոնց հետ հանդիպելուն համար գնահատելով դաշնութեան բերած սատարը ի նպաստ ընկերային զարգացումին ու հասարակաց բարիքին։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա Լեւոն ԺԳ Պապին «Rerum novarum» աշխատանքին հայող շրջաբերականին ու ընկերային կեանքէն ներս աշխատանքի յատուկ կարեւորութեան, հաստատելով թէ «աշխատանքը՝ Աստուծոյ մարդուն պարգեւած կոչումին սիրտն է, որով մարդ արարածը կը շարունակէ Աստուծոյ արարչագործ ծրագիրը»։

«Մենք կանչուած ենք խոկալու Աստուածային այս գեղեցիկ ծրագրի մասին, որ հիմնուած է մարդոց ու միւս արարածներու միջեւ ներդաշնակութեան վրայ - ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ աւելցուց -  Միեւնոյն ատեն մտահոգութեամբ կը նայինք մարդկութեան ու արարչութեան ներկայ պայմաններուն, որոնք խորքին մէջ կը կրեն մեղքին, թշնամութեան, եսասիրութեան ու անձնական շահերու նշանները»։

Քահանայապետը ակնարկեց ապա այն բազմաթիւ եղբայրներուն եւ քոյրերուն որոնք կը տառապին պատերազմներու, բռնութիւններու ու միջավայրի ապականումի հետեւանքով, այս ուղղութեամբ կոչ ուղղելով անտարբեր չի մնալու, այլ սփոփելու այդ ցաւերը ու անոնց մէջ հրահրելու կեանքի յոյսը՝ յատկապէս երիտասարդներուն։

«Աւելի լաւ ապագայի յոյսը կ՛անցնի աշխատանքէն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով թէ կարելի չէ երջանիկ ըլլալ եթէ կարելիութիւնը չունինք մեր սատարը տալու, փոքր կամ մեծ, հասարակաց բարիքի կառուցման։

Ասոր համար ընկերութիւն մը որ հիմնուած չէ աշխատանքի վրայ, չի խթաներ զայն եւ չի հետաքրքրուիր բացառուածներով, ինքզինք կը դատապարտէ փճացումի ու անարդարութիւններու կրկնապատկումին։ Ընդհակառակը ընկերութիւն մը որ զօրակցական հոգիով կը ջանայ ամէն մէկ անհատի կարողութիւնները արժեւորել, կարող կ՛ըլլայ շրջանցելու բոլոր դժուարութիւնները, իւրաքանչիւրին առիթ տալով իր ճակատագիրը կերտելու՝ Աստուծոյ ծրագրին համաձայն – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու մատնանշեց գիտաժողովի ընթացքին արծարծուած նիւթին հաստատելով թէ «անցեալի գանձերը կը շարունակեն ապրիլ ժամանակներու հոլովոյթին շնորհիւ անոնց վերապահուած խնամքին» այս ուղղութեամբ հրաւէր ուղղելով ներկաներուն, իրենց կարգին  խթանելու «Գեղեցիկ Երկիր Իտալիոյ» խնամքը։

Նորին Սրբութիւնը ապա ընդգծեց «բարոյական» երեւոյթի կարեւորութիւնը յատկապէս աշխատանքի մարզէն ներս, ուր տիրելու է «արդարութիւն, պատասխանատուութիւն եւ թափանցիկութիւն», «որոնք, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ձեր դաշնութեան կեանքի կեդրոնն են», ապա հրաւիրեց ներկաները իրենց կեանքը ապրելու որպէս առաքելութիւն, որովհետեւ միայն առաքելական ու նուիրումի հոգիով է որ մեր վկայութիւնը կը դառնայ վաւեր ու կարող՝ սիրոյ միջոցաւ, բոցավառելու համայն աշխարհը - յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթելով որ «այս ուղեւորութեան ընթացքին մեզ  առաջնորդեն Յիսուսին աւետարանական Երանութիւնները»։ Թող որ անոնք մեզ մղեն սիրով նայելու Յիսուսին. Ցոյց տան թէ սրբութիւնը կը կայանայ նաեւ մեր եղբայրներուն հետ բաժնեկցելու մեր էութիւնը.Սորվեցնեն  թէ կարելի չէ իր ճակատագրին կամ ալիքներու տարուբերումի մէջ թողուլ ան որ իր երկիրը կը թողու՝ հացի եւ արդարութեան ծարաւով. Մեզ մղեն տկարներուն նայելու գթութեամբ։

«Ձեզի կը մաղթեմ պտղաբեր ուղեւորութիւն ու բարի աշխատանք ու կը խնդրեմ որ բարեհաճիք աղօթել ինծի համար» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքին աւարտին բոլորին վրայ հայցելով Աստուածային օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2018, 12:30