Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Լեհաստանի Վարչապետին Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Լեհաստանի Վարչապետին 

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Լեհաստանի Վարչապետին։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին ընդգծուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Լեհաստանի միջեւ տիրող երկկողմանի բարի յարաբերութիւնները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան


Երկուշաբթի 4 Յունիս 2018-ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կը տեսակցուի թէ այսօր առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Լեհաստանի Վարչապետ Տիար Մաթէուս Մովայեվսքիին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարլոնին հետ որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղարը գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։
Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին ընդգծուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Լեհաստանի միջեւ տիրող երկկողմանի բարի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ ու Պետութեան միջեւ տեղի ունեցող պտղաբեր համագործակցութիւնը, ամէն մին իր սեփական ասպարէզէն ներս։ Քննարկուեցան ապա երկու կողմերը հետաքրքրող նիւթեր, ինչպէս Ընտանիքին հայող քաղաքականութիւնը, արարչութեան պահպանումը, ի տես նաեւ յառաջիկայ 2018-ի հոկտեմբերին, Քաթովիչէի մէջ նախատեսուած Կլիմայական Փոփոխութիւններու մասին Միացեալ Ազգերու համաժողովին, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարեցաւ բրողական բնոյթ ունեցող այլ հարցերու շուրջ։
Ւ վերջոյ զրոյցները կեդրոնացան Եւրոպական ու Միջազգային իրավիճակի վրայ յատուկէն ակնարկ կատարելով գաղթակայաններու մասին, ինչպէս նաեւ Լեհ Կառավարութեան յանձնառումի մասին՝ ի նպաստ Ուքրանացի եւ Միջին Արեւելքի գաղթականներուն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2018, 12:48