Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պոլիվիայի նախագահ Մորալէսը Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պոլիվիայի նախագահ Մորալէսը 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պոլիվիայի նախագահ Մորալէսը:

Այսօր կը յիշատակուի նաեւ Պենետիտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին 11 տարիներ առաջ Չինաստանի կաթողիկէ եկեղեցւոյ ուղղած նամակին 11-րդ տարեդարձը,

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 30 Յունիս 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեկային մէջ ընդունեց Պոլիվիայի Բազմազգային Հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Խուան Էվօ Մորալէս Այման ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ապա ընդունեց եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Մարք Ուելլէն որմէ ետք Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց «Թանկարժէք Արեան» միաբանութեան Ընտանիքներու կողմէ կազմակերպուած հաւաքի 3000 հազար մասնակիցներուն։

Նշենք թէ այսօր կը յիշատակուի նաեւ Պենետիտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին 11 տարիներ առաջ Չինաստանի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն ու հաւատացեալներուն ուղղած նամակին 11-րդ տարեդարձը, որուն մէջ  վաստակաւոր Քահանայապետը  կոչ  ուղղած էր  Փէքինի իշխանութիւններուն ապահովելու համար ''կրօնական ճշմարիտ ազատութիւն''։

Այդ նամակով Պենետիկտոս ԺԶ  Վաստակաւոր Քահանայապետը 24 մայիսը հռչակած էր Չինաստանի եկեղեցւոյ համար աղօթքի օր, նուիրուած օգնական քրիստոնէից երանուհի Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին, որուն առթիւ, ամէն տարի,  Չինաստանի հաւատացեալները  կը հաւաքուին Շանկայի Շիշեան Մարեմեան սրբավայրին մէջ։

Վաստակաւոր Քահանայապետը ապա մաղթանք յայտնած էր որ այդ օր բոլոր քրիստոնեաները աղօթքով միանան Չինաստանի եկեղեցւոյ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2018, 10:07