Որոնել

Ուղեւորութիւնը բաժնեկցիր Ուղեւորութիւնը բաժնեկցիր 

Քահանայապետին հրաւէրը. «Ստեղծենք բաժնեկցութեան նոր վայրեր »։

Քահանայապետը Քարիթասին յղած պատգամին մէջ քաջալերեց շարունակելու իրենց ընթացքը՝ գաղթականներու ու փախստականներու կից։

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Քարիթասի՝ "Share the Journey – ուղեւորութիւնը բաժնեկցիր» քարոզարշաւի ծիրէն ներս, Հռոմի Քարիթասի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի անուամբ կեդրոնին մէջ, գաղթականներուն համար կազմակերպուած ճաշին առթիւ, Սրբազան Քահանայապետը Քարիթասի պատասխանատուներուն յղեց պատգամ մը, որուն մէջ քաջալերեց զանոնք շարունակելու իրենց ընթացքը՝ գաղթականներու ու փախստականներու կից, անոցն հետ կիսելով սիրոյ ճաշը։

«Որպէս Քարիթաս դուք ընկալեցիք հրաւէրը, համաշխարհային գետնի վրայ, նեցուկ կանգնելու փախստականներուն ու գաղթականներուն՝ 27 սեպտեմբեր 2017-ին ընթացք առած « ուղեւորութիւնը բաժնեկցինք» քարոզարշաւով։ Այսօր կ՛ուզեմ հրաւէր ուղղել բոլորին - փախստականներ, գաղթականներ, քարիթասի գործիչներ եւ իշխանութիւններ - մտաբերելու այս ուղեւորութեան ձեր սրտին խօսող յատկութիւնները ու անոր հրահրած յոյսը, ու այդ մտածումը կիսել ուրիշներուն հետ» հրաւէր ուղղեց Սրբազան Պապը ապա կոչ ուղղեց բոլոր հաւատացեալներուն ու հովիւներուն, ինչպէս նաեւ բարի կամք ունեցող մարդոց, միշտ աւելիով գործելու ի նպաստ բաժնեկցութեան վայրերու ստեղծումին, որպէսզի, գրեց Ան իր պատգամի աւարտին, մեր հանդիպումներէն ծլի գաղթականներուն ու փախստականներուն հետ նորոգուած եղբայրութիւնը մը»։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց բոլորին շնորհելով իր օրհնութիւնները ու մաղթելով բարի ախորժակ։

Բաժնեկցիր ուղեւորութիւնը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2018, 13:00