Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

«Աստուած սէր է եւ կը կանխէ օրէնքը» Հրապարակային Ունկնդրութիւն։

Տասը Խօսքերը կը սկսին այսպէս «Ես եմ Քու Տէր Աստուածդ, քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, դուրս հանեցի»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

 

Արդ՝ քեզմէ առաջ եղած օրերէն ի վեր, այսինքն Աստուծոյ մարդը երկրի վրայ ստեղծած օրէն ի վեր, երկնքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը հարցուր, թէ արդեօք ասոր պէս մեծ բան մը եղա՞ծ է ու ասոր պէս բան մը լսուա՞ծ է։  Արդեօք ազգ մը կրակին մէջէն խօսող Աստուծոյ ձայնը քու լսածիդ պէս լսեր ու ողջ մնացե՞ր է։ Կամ թէ Աստուած մէկ ազգը միւս ազգերուն մէջէն իրեն առա՞ծ է՝ փորձերով, հրաշքներով, զարմանալի գործերով, պատերազմով, զօրաւոր ձեռքով ու բարձր բազուկով եւ մեծ արհաւիրքներով, ինչպէս ձեր Տէր Աստուածը Եգիպտոսի մէջ ձեզի համար այս բոլոր բաները ըրաւ ձեր աչքերուն առջեւ։ Ասիկա քեզի ցուցուեցաւ, որպէս զի գիտնաս թէ Եհովան՝ ինք միայն Աստուած է. անկէ ուրիշ Աստուած չկայ։

Ունկնդրէ լուրը

Հին կտակարանի Օրինաց Երկրորդ գիրքէն (4,32-35) քաղուած սոյն հատուածէն մեկնելով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը չորեքշաբթի 27 յունիս 2018-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարւոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ,  ներկայացուց հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը, որուն մէջ շարունակելով անդրադառնալ տասը պատուիրաններու մասին ըսաւ.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, այսօր եւս ունկնդրութիւնը տեղի կ՛ունենայ երկու վայրերու մէջ։ Պօղոս Զ-ի սրահին մէջ ներկայ են բազմաթիւ հիւանդներ, որոնք պաստառներու միջոցաւ պիտի հետեւին հրապարակային ուկնդկրութեան։ Ողջունենք զանոնք ու շարունակենք խօսիլ պատուիրաններու մասին որ ինչպէս ըսինք անոնք Աստուծոյ խօսքերն են ուղղուած իր ժողովուրդին, Հօր մը սիրալիր խօսքեր։

Տասը Խօսքերը կը սկսին այսպէս «Ես եմ Քու Տէր Աստուածդ, քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, դուրս հանեցի»։

Այս խօսքերը արտասանուած են Սինա լեռան վրայ, Իսրայէլի ժողովուրդին Կարմիր ծովէն անցքէն ետք. «Իսրայէլի Աստուածը արդարեւ նախ կ՛ազատէ ապա վստահութիւն կը պահանջէ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ  օրէնքը սկիզբ կ՛առնէ Աստուծոյ առատաձեռնութեամբ եւ ասկէ մեկնելով կը հասկնանք առաջին յայտարարութիւնը «Ես եմ Քու Տէր Աստուածդ»։

«Աստուած օտարական մը չէ «Քու Տէր Աստուածդ» պատկանելիութիւն մըն է, յարաբերութիւն է ու այս մէկը կը լուսաբանէ բոլոր օրէնքը ու կը բացայայտէ քրիստոնէական վարուելակերպի գաղտնիքը, որովհետեւ Յիսուսի նոյնինքն վարուելակերպն է «այնպէս ինչպէս Հայրը սիրեց զիս ես ալ ձեզ սիրեցի (Յովհ 15, 9)», յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով թէ «Քրիստոնէական կեանքը ամենէ առաջ Հօր վեհանձնութեան երախտապարտ պատասխան է։ Այն քրիստոնեաները որոնք կը հետեւին միայն «պարտաւորութիւններու» կը  բացայայտեն թէ անձնական փորձառութիւն մը չունին այն Աստուծոյն որ «մերն» է։ Օրէնքը դնել յարաբերութենէն առաջ, հաւատքի ուղեւորութեան չ՛օգներ։

«Ի՞նչպէս կարող է երիտասարդ մը ձգտիլ քրիստոնեայ ըլլալ եթէ մենք մեկնինք պարտաւորութիւններէ, յանձնառումներէ ու հետեւողականութենէ։ Քրիստոնեայ կազմաւորումը հիմնուած չէ կամիք ուժի վրայ այլ փրկութեան ընկալումի վրայ, թոյլ տալով որ սիրուինք» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ «երախտագիտութիւնը բնորոշ յատկանիշն է՝ Սուրբ Հոգիին այցը ընդունած սրտին» եւ յորդորելով «Աստուծոյ հնազանդելու համար պէտք է ամենէն առաջ յիշել անոր բարիքները»։

Հարկաւոր է որ մենք ապրինք զաւակներու եւ ոչ թէ ծառաներու հոգեւորականութիւն մը, ինչպէս ըրաւ ընտրեալ Ժողովուրդը - աւելցուց Սրբազան Պապը մէջբերելով  Ելից գիրքէն սոյն հատուածը.   «Շատ օրեր ետքը Եգիպտոսի թագաւորը մեռաւ։ Իսրայէլի որդիները ծառայութեան պատճառով հառաչեցին ու աղաղակեցին։ Ծառայութեան համար անոնք աղաղակեցին Աստուծոյ։ Աստուած անոնց հեծեծանքը լսեց ու Աստուած յիշեց իր ուխտը՝ որ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին հետ ըրեր էր։  Աստուած նայեցաւ Իսրայէլի որդիներուն վրայ, գիտցաւ անոնց վիճակը» (Ելից 2,23-25)։

Աստուծոյ փրկարար արարքը արդարեւ հեծեծանքին պատասխանն է. Մենք միայնակ չենք կրնար փրկուիլ, մենք կարողութիւնն ունինք օգնութեան աղաղակ արձակել, հայցելով փրկութիւնը։

Այս աղաղակը մեծապէս կարեւոր է, անիկա աղօթք է, գիտակցութիւն է եւ Աստուած կը սպասէ այդ ճիչին, որովհետեւ կարող է եւ կը փափաքի բեկել մեր շղթաները։ Աստուած մեզ չի կոչեց կեանքի որպէսզի լուծի տակ մնանք, այլ որպէսզի ըլլանք ազատ ու ապրինք երախտագիտութեան մէջ, ուրախութեամբ հնազանդելով Անոր, որ մեզի ամէն ինչ պարգեւեց,  անսահման օրէն աւելի, քան այն բաներէն որ մենք կարող ենք տալ Անոր: Օրհնեալ ըլլայ Ան յաւիտեան։

 

ՍՈՒՐԲ ՊԵՏՐՈՍ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ՏՕՆ։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրատարակը համախմբուած ուխտաւորները ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն  ու նորապսակներուն, յիշեցնելով թէ «միւս օր կը նշուի Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Պօղոսի՝ Հռոմի պաշտպան սուրբերու տօնը։  Այս Տիրոջ առաքեալներէն սորվինք կարողութիւնը՝ քաջութեամբ վկայելու Յիսուսի Աւետարանը, մեր տարբերութիւններէ անդին պահպանելով համերաշխութիւնն ու բարեկամութիւնը, որոնք հիմքն են որեւէ հաւատքի մը  հռչակումի հաւաստիութեան» - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2018, 10:21