Որոնել

Պապին հանդիպումը կարգ մը անկարներու հետ Պապին հանդիպումը կարգ մը անկարներու հետ 

Հրապարակային ունկնդրութենէն առաջ Սրբազան Հայրը հանդիպեցաւ խումբ մը հիւանդներու հետ։

Սրբազան Հայրը իր աղօթքները ապահովեցնելով խնդրեց որ իրենց կարգին աղօթեն իրեն համար

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 20 յունիս 2018-ին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահեց հրապարակային ունկնդրութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարւոր ուխտաւորներ։

Նախ քան հրապարակ ժամանելը, Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ համախմբուած խումբ մը հիւանդներուն ու անկար մանուկներու հետ ու անոնց շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն տուած այցելութեան համար նշեց թէ պիտի կարողանան ունկնդրութեան հետեւիլ մեծ պաստառներու միջոցաւ, հուսկ անոնց ապահովեցուց իր աղօթքները ու խնդրեց որ իրենց կարգին աղօթեն իրեն համար։ Նախ քան հրաժեշտ առնելը Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց բոլոր ներկաները միասին աղօթել «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքը ապա բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2018, 09:50