Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը. «Տասը պատուիրանները»։

«Մէ՛կ բան կը պակսի քեզի. գնա՛, ծախէ՛ ունեցածդ, տո՛ւր աղքատներուն, ու գանձ պիտի ունենաս երկինքը. ապա վերցո՛ւր խաչը ու հետեւէ՛ ինծի»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի՝ 13 յունիս 2018-ին, աւանդական հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ խորհրդածութիւններու նոր շարքի մը, հիմնուած տասը պատուիրաններուն վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, այսօր Սուրբ Անտոն Փատովացիի տօնն է։ Ծափահարենք բոլոր Անոտոններուն համար։ Այսօր կը սկսինք քրիստոնէականի նոր ընթացք մը՝ պատուիրաններու նիւթի մասին ու այս նիւթի որպէս ներածական ներշնչում կը քաղենք Մարկոս Աւետարանիչի հետեւեալ հատուածէն (Մարկոս, 10 17-21) «Երբ Յիսուս դուրս ելաւ, ճամբան մարդ մը վազեց, ծնրադրեց անոր առջեւ ու հարցուց անոր. «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ ընեմ՝ որ ժառանգեմ յաւիտենական կեանքը»:Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ բարի կը կոչես զիս. մէկէ՛ն զատ բարի չկայ, որ Աստուած է:Գիտե՛ս պատուիրանները. շնութիւն մի՛ ըներ, սպանութիւն մի՛ ըներ, գողութիւն մի՛ ըներ, սուտ վկայութիւն մի՛ տար, զրկանք մի՛ ըներ, պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ»:Ան ալ պատասխանեց անոր. «Վարդապե՛տ, պահած եմ այդ բոլորը՝ պատանութենէս ի վեր»:Յիսուս անոր նայելով՝ սիրեց զայն եւ ըսաւ անոր. «Մէ՛կ բան կը պակսի քեզի. գնա՛, ծախէ՛ ունեցածդ, տո՛ւր աղքատներուն, ու գանձ պիտի ունենաս երկինքը. ապա վերցո՛ւր խաչը ու հետեւէ՛ ինծի»:

Երիտասարդին Յիսուսին ուղղած հարցումին մէջ կայ ամէն մէկ գոյութեան մարտահրաւէրը՝ «լիակատար ու անվերջ կեանքի իղձը», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հարց տալով. «Ի՞նչպէս կարելի է հասնիլ այդ ձգտումին», խօսքը ուղղելով յատկապէս երիտասարդներուն ու զանոնք զգուշացնելով «միջակութենէն»։ Ան  ապա հաստատեց թէ այսօրուայ երիտասարդներուն համար հարկաւոր է Երկնային Հօրմէ խնդրել «առողջ մտատանջութեան» շնորհքը, կարողութիւն՝ չի գոհանալու առանց գեղեցկութեան ու առանց գոյնի կեանքով մը, որովհետեւ «եթէ երիտասարդները իսկական կեանքի ծարաւը չ՛ունենան ո՞ւր կարող է երթալ մարդկութիւնը» հարց տուաւ դարձեալ Սրբազան Պապը ակնարկելով Յիսուսին երիտասարդին ուղղած հրաւէրին «Մէ՛կ բան կը պակսի քեզի. գնա՛, ծախէ՛ ունեցածդ, տո՛ւր աղքատներուն, ու գանձ պիտի ունենաս երկինքը. ապա վերցո՛ւր խաչը ու հետեւէ՛ ինծի»:

«Յիսուս արդարեւ  «լիութիւն» կը պարգեւէ, Ան եկած է ասոր համար» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով թէ  այդ երիտասարդը պէտք էր միայն առաւել քայլ մը կատարէր, ուր կը բացուի կարելիութիւնը՝ դադրելու մենք մեզի համար ապրելու ու ամէն ինչ թողուլ հետեւելու համար Տիրոջ։ «Յիսուսին հրաւէրը աղքատութեան հրաւէր մը չէ այլ հրաւէր է իսկական հարստութեան, ըսաւ ապա Քահանայապետը դարձեալ մէջբերելով Յիսուսին խօսքերը «Մէ՛կ բան կը պակսի քեզի. գնա՛, ծախէ՛ ունեցածդ, տո՛ւր աղքատներուն, ու գանձ պիտի ունենաս երկինքը. ապա վերցո՛ւր խաչը ու հետեւէ՛ ինծի»։

«Ո՞վ է այն անձը որ կարելիութիւնն ունենալով «բնօրինակի» ու «նմանօրինակի» միջեւ ընտրանք մը կատարելու կ՛ընտրէ նմանօրինակը» հարց տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ մարտահրաւէրը «բնօրինակը եւ ոչ թէ նմանօրինակը փնտռելն է»։

«Յիսուս մեզի կը նուիրէ իսկական կեանքը, իսկական սէրը, իսկական հարստութիւնը եւ որպէսզի երիտասարդները կարողանան մեզի հետեւիլ հաւատքի ճանապարհին վրայ, կարիքն ունին բնօրինակին։ Անձի մը որուն օրինակին հետեւելով կարողանան մղուիլ դէպի անդին» դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ աւելցուց «Յիսուս չ՛եկաւ օրէնքն ու մարգարէները ջնջելու՝ այլ զանոնք կատարելագործելու»։  «Առ այդ պէտք է ձգտինք արտակարգին» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու խորհրդածութինը աւարտեց մատնանշելով թէ յաջորդ խորհրդածութիւններու մէջ նկատի պիտի առնենք պատուիրանները ու Յիսուսին ձեռքը բռնած յառաջ պիտի ընթանանք անցնելով երիտասարդութեան ցնորքներէն՝ դէպի երկնքի գանձը, քալելով Յիսուսին ետին։

«Այդ պատուիրաններու ամէն մէկուն մէջ պիտի վերագտնենք Հօր Աստուծմէ մեզի համար բացուած դուռ մը, որպէսզի մեր Տէրը Յիսուս որ մուտք գործեց այդ դռնէն մեզ առաջնորդէ իսկական կեանքին՝ Իր կեանքին ու Աստուծոյ զաւակներուն կեանքին»։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորները ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն հրաւիրելով զանոնք հետեւիլ Սուրբ Անտոն Փատովացիի օրինակին Անորմէ սորվելով սիրոյ կարողութիւնը՝ «որպէսզի, ըսաւ Սրբազան Պապը, ձեր շուրջիններէն եւ ոչ մին ինքզինք «անտեսուած» զգայ ու դուք կարողանաք  կեանքի դժուարութիւնները դիմագրաւել աւելի մեծ քաջութեամբ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2018, 11:09