Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Դրոշմի Խորհուրդը ի նպաստ Եկեղեցւոյ աճումին» 6 յունիսի հրապարակային ունկնդրութիւնը։

Ունկնդրութեան ներկայ էին Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Գիւմրիի «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբի անդամները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Նոյն օրը, Մէկշաբթի իրիկուն, աշակերտներուն հաւաքուած տեղին դռները գոց էին՝ քանի որ կը վախնային Հրեաներէն: Յիսուս եկաւ, կայնեցաւ անոնց մէջտեղ եւ ըսաւ անոնց. «Խաղաղութի՜ւն ձեզի»: Ասիկա ըսելով՝ ցուցուց անոնց իր ձեռքերն ու կողը. աշակերտներն ալ ուրախացան՝ երբ տեսան Տէրը: Յիսուս դարձեալ ըսաւ անոնց. «Խաղաղութի՜ւն ձեզի. ինչպէս Հայրը ղրկեց զիս, ես ալ կը ղրկեմ ձեզ»: Ասիկա ըսելով՝ փչեց անոնց վրայ եւ ըսաւ անոնց. «Ընդունեցէ՛ք Սուրբ Հոգին: (Յովհաննէս 20, 19-22)

Վերոնշեալ սոյն աւետարանական հատուածէն մեկնելով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, 6 յունիս 2018-ի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուց Դրոշմի խորհուրդի մասին խորհրդածութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Դրոշմի խորհուրդի միջոցաւ մենք կը ճանչնանք թէ սուրբ Հոգւոյն պարգեւը մեզ կը մղէ մեր կարգին դառնալու պարգեւ ուրիշներու համար ու բացայայտելու մեր «ես»ը որպէսզի բացուինք քրիստոնէական մեր հասարակութեան  «մենք» ին ինչպէս նաեւ ընկերութեան որուն մէջ կ՛ապրինք։

«Դրոշմի խորհուրդը  մկրտեալները աւելի զօրեղ կերպով կը կապէ Եկեղեցւոյ» ըսաւ ապա Քահանայապետը դիտել տալով թէ Լատին Ծէսին մէջ  դրոշմի սովորական պաշտօնատարը Եպիսկոպոսն է ու թէ այդ մատակարարումը կը նշէ դրոշմեալներուն եկեղեցւոյ աւելի սերտ միացումը. Անոր առաքելական ծագումը ու Քրիստոսը վկայելու առաքելութիւնը։

Եպիսկոպոսը դրոշմեալներուն կ՛ըսէ «խաղաղութիւն ձեր հետ» յիշելով Քրիստոսին ողջոյնը, ուղղուած իր աշակերտներուն։ Եպիսկոպոսի կողմէ խաղաղութիւնը դրոշմեալները կը մղէ գործելու ի նպաստ հաղորդութեան, աշխատելու համերաշխութեան համար, համագործակցելու մեզմէ տարբերներու հետ, այն գիտակցութեամբ թէ քրիստոնէական հասարակութիւնը կը կառուցուի տարբերութիւններու բայց իրար լրացնող իրականութիւններու հարստութիւններով։ 

«Դրոշմի խորհուրդը կ՛ընկալուի միայն մէկ անգամ,  Անոր հոգեկան զօրութենականութիւնը սակայն կը մնայ ժամանակներու ընթացքին», յարեց ապա Սրբազան Պապը, դարձեալ շեշտը դնելով այդ պարգեւին կարեւորութեան վրայ ու զայն ուրիշներու փոխանցելու հարկաւորութեան վրայ։

«Այդ պարգեւը ուրիշներու նուիրելու համար պարգեւ է» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու հրաւէր ուղղեց դրոշմեալներուն «Սուրբ Հոգին» չի բանտարկելու ու չի հակառակելու Անոր շունչին որ զանոնք կը մղէ քալելու ազատութեամբ, ինչպէս նաեւ չի մառերու Անոր հրահրած սիրոյ կրակը, որ կը մղէ կեանքը զոհելու Աստուծոյ ու եղբայրներուն համար։ 

«Թող որ Սուրբ Հոգին մեզի բոլորիս պարգեւէ՝ խօսքով եւ գործով Աւետարանը հաղորդելու առաքելական քաջութիւնը, բոլոր անոնց որոնց կը հանդիպինք մեր ճանապարհորդութեան ընթացքին ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով խորհրդածութիւնը, ապա զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները որոնց շարքին էին նաեւ Անարատ Յղութեան հայ Քոյրերու Գիւմրիի «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբի 32 պատանիները, որոնք Նորին Սրբութեան ներկայացուցին փունջ մը հայկական երգեր։

Ֆրանչիսկոս Պապ ի վերջոյ յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն հիւանդներուն ու նորապսակներուն հրաւիրելով զանոնք դիմելու Յիսուսի Սուրբ Սրտին ու այնտեղէն քաղելու կեանքի հոգեւոր սնունդը որպէսզի Քրիստոսով սնուած դառնանք նոր մարդիկ կերպարանափոխուած այդ Աստուածային սէրէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2018, 12:02