Որոնել

Հայր Եղիա Եղիայեան Հայր Եղիա Եղիայեան 

Հայր Եղիա Եղիայեան Փարիզի՝ Հայերու Սուրբ Խաչ թեմի նոր Առաջնորդ։

«Վատիկան Նիուզ»ի հայկական բաժնի անձնակազմը իր սրտագին շնորհաւորութիւնները կը փոխանցէ նորընտրեալ Եպիսկոպոսին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 23 Յունիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդուեց Փարիզի Հայերու Սուր Խաչ թեմի եպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Յովհաննէս Թեյրուզեանի, Արեւելեան Եկեղեցիներու կանոնագրութեան 210րդ յօդուածին հիման վրայ ներկայացուցած հրաժարականը, ու Անոր տեղ անուանեց՝ Զմմառու Պատրիարքական միաբանութեան անդամ՝ Գերապատիւ Հայր Եղիա վրդ Եղիայեանը որ մինչեւ օրս կը վարէր Լիբանանի Զալքայի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետի պաշտօնը։

Հայր Եղիա Եղիայեան ծնած է Հալէպ՝ 29 մայիս 1950-ին։  Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան անդամակցելով՝ Քահանայ ձեռնադրուած է 24 մարտ 1974-ին։

Ան հովուական ծառայութիւնը մատուցած է որպէս Մեսրոպեան Վարժարանի տնօրէն, Զմմառու վանքի փոքր նորընծայարանի տեսուչ, Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանի տեսուչ ապա Զմմառու Վանքի միաբանութեան վարչութեան անդամ եւ Վանքի ընդհանուր մատակարար։

Բացի Արաբերէնէն եւ Հայրերէնէն ան կը խօսի նաեւ Իտալերէն եւ Ֆրանսերէն։

«Վատիկան Նիուզ»ի հայկական բաժնի անձնակազմը իր սրտագին շնորհաւորութիւնները կը փոխանցէ նորընտրեալ Եպիսկոպոսին, անոր ապահովեցնելով աղօթքներ ի նպաստ պտղաբեր ու բեղուն առաքելութեան ի փառս Աստուծոյ եւ ի ծառայութիւն ազգիս հայոց։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/06/2018, 12:43