Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին Յունիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը։

Աղօթենք միասին որպէսզի ընկերային ցանցերը խթանեն զօրակցութիւնը եւ ուրիշին յարգանքը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանցը, ամէն ամիս կը ներկայացնէ «Քահանայապետի Տեսերիզը» խորագիրով՝ Նորին Սրբութեան ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը։ Որպէս Յունիս ամսուայ դիտաւորութիւն Սրբազան Քահանայապետը ընտրած է «ընկերային ցանցերը» ու այս առթիւ հրապարակած լսատեսողական պատգամին մէջ Ան կ՛ըսէ.

Ունկնդրէ լուրը

«Համացանցը Աստուծոյ պարգեւ է եւ է նաեւ մեծ պատասխանատուութիւն։ Հաղորդակցութիւնը, իր վայրերով ու իր միջոցներով, ընդարձակ հորիզոններ յառաջացուց շատ մը մարդոց համար։ Օգտուինք ընկերային ցանցերուն մեզի տրամադրած հանդիպումի ու զօրակցութեան կարելիութիւններէն։ Եւ թող որ թուային ցանցը չի դառնայ ուծացումի վայր մը այլ դառնայ՝ մարդկայնութեամբ հարուստ գործնական միջավայր»։

«Աղօթենք միասին որպէսզի ընկերային ցանցերը չի վերացնեն սեփական անձնականութիւնները, այլ խթանեն զօրակցութիւնը եւ ուրիշին յարգանքը անոր տարբերութեան մէջ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2018, 16:00