Պալիումի յանձման արարողութիւն Պալիումի յանձման արարողութիւն 

Սուրբ Պետրոս եւ Ս. Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ Պալիումի յանձնման արարողութիւն։

«Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ որդին», այսինքն օծեալը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

29 Յունիս 2018-ին, Լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնը։ Աւանդութեան համաձայն սոյն տօնին առթիւ՝ Ֆրանչիսկոս Պապը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց Սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին  կարդինալական ու եպիսկոպոսներու դասը եւ  որուն առթիւ` տարւոյն ընթացքին անուանուած 29 նոր Արքեպիսկոպոս- Մետրոպոլիտներ Քահանայապետի ձեռքէն ընդունեցան Պալիումը` (Եմիփորոնը) որ կը խորհրդանշէ եկեղեցական հաղորդութիւնն ու միութիւնը։

Յայտնենք թէ սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը ներկայացնող ու այս առթիւ Հռոմ գտնուող պատուիրակութեան անդամները, ինչպէս նաեւ 28 յունիսին Ծիրանաւորի տիտղոս ընդունած նոր կարդինալները։

Այս առթիւ արժանի է նշել թէ Պալիումի տուչութեան հինաւուրց աւանդութիւնը իր վերջնական ձեւը գտած է 70-ական թուականներուն, երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. քահանայապետին օրով, երբ որոշուեցաւ զայն յանձնել սուրբ Պետրոս ու Պօղոս Առաքելապետերու տօնին օրը, նշելու՝ յատկապէս կապը ու սերտ միութիւնը՝ եպիսկոպոսներուն ու Սուրբ Աթոռին միջեւ։

Պալիումի յանձնման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ պատարագի սկիզբը։ Թեկնածուները մօտեցան սուրբ Խորանին ու Խաչեցեալին առջեւ ծնրադիր, միասնաբար արտասանեցին երդման բանաձեւը, որմէ ետք Սրբազան Հայրը օրհնեց պալիումները ապա արտասանեց պալիումի յանձնումի բանաձեւը ու զայն յանձնեց Մետրոպոլիտ-Արքեպիսկոպոսներուն։

Պալիումի յանձնման արարողութենէն ետք սրբազան արարողութիւնը շարունակուեցաւ սովորական ընթացքով։

Ունկնդրէ լուրը

Օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը, մեկնաբանելով սուրբ գրային ընթերցումները ու յատկապէս Սուրբ Պետրոսին՝ Յիսուսին հարցումին տուած պատասխանը, երբ Տէրը իր աշակերտներուն հարց կու տայ «Իսկ դուք ո՞վ կը կարծէք որ ըլլամ» ու Սուրբ Պետրոս կը պատասխանէ «Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ որդին», այսինքն օծեալը։

«Յիսուս, Օծեալը որ կը քալէ այն միակ իղձով՝ կորսուածը փրկելու ու զայն մխիթարելու» - ըսաւ Քահանայապետը ընդգծելով թէ Յիսուս  «Իւղով կ՛օծէ մեռեալը, կ՛օծէ հիւանդը, կ՛օծէ վիրաւորը, կ՛օծէ ապաշխարածը, կ՛օծէ յոյսը ու այդ օծումով ամէն մէկ մեղաւոր, ամեն մէկ հարստահարուած, հիւանդ կամ հեթանոս, ինքզինք կը զգայ որպէս Աստուծոյ ընտանիքին սիրուած անդամ»։

Իր վարուելակերպով Յիսուս կ՛ըսէ «դուն ինծի կը պատկանիս» - յարեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ  «Պետրոսի նման մենք եւս կարող ենք դաւանիլ «Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին»։

Աստուծոյ Օծեալը Հօր սէրն ու ողորմութիւնը կը տանի մինչեւ աշխարհիս կատարածը։  Նայիլ Պետրոսի կեանքին ու անոր  խոստովանութեան կը նշանակէ նաեւ սորվիլ ճանչնալ փորձութիւնները որոնք պիտի ընկերանան առաքեալին։

«Յաճախ մենք մեզ քրիստոնեայ կը նկատենք սակայն հեռու կը մնանք Տիրոջ վէրքերէն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ Յիսուս կը դպչի մարդկային խեղճութեան ու մեզ կը հրաւիրէ իր մօտ ըլլալ, դպչելով ուրիշներու տառապեալ մարմնին։

«Հաւատքը դաւանիլ սրտով ու շրթունքներով կը պահանջէ ապա բացայայտել չարին «շշուկները» ու ճանչնալ  Աստուծոյ քնքշութեան յեղափոխական ուժը» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու աւելցուց «մտածել եւ հետեւիլ Քրիստոսին, կը պահանջէ թոյլ տալ որ սիրտը բացուի Հօր Աստուծոյ ու բոլոր անոնց որոնց հետ Ան նոյնացաւ, այն վստահութեամբ թէ Ան երբեք չի լքեր իր ժողովուրդը»։

Քարոզի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ «սիրելի եղբայրներ, բազմաթիւ դիմագիծերու մէջ կը բնակի նոյն հարցումը «Դո՞ւն ես Ան որ պիտի գայ, թէ ուրիշ մէկու մը սպասենք»։ Մեր սրտով ու շրթունքներով խոստովանինք «Յիսուս Քրիստոս Տէրն է»։ Պարզութեամբ, վստահութեամբ ու այն ուրախ գիտակցութեամբ որ «Եկեղեցին  կը փայլի ոչ թէ իր սեփական լոյսով, այլ Քրիստոսի լոյսով։ Ան իր պայծառութիւնը կ՛ընդունի արդարութեան Արեւէն ու այսպէսով կարող է ըսել «Ես չեմ որ կ՛ապրիմ այլ Քրիստոս կ՛ապրի իմ մէջս»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2018, 10:15