Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Պարի ճամբորդութեան յայտագիրը։

Խաղաղութեան եւ երկխօսութեան համամիութենական աղօթք Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Պատրիարքներու մասնակցութեամբ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ 7 յուլիսին Պարի կատարելիք միօրեայ հովուական ճամբորդութեան յայտագիրը որուն առթիւ նախատեսուած է՝ վասն խաղաղութեան եւ երկխօսութեան համամիութենական աղօթք մը Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Պատրիարքներու մասնակցութեամբ։

Սրբազան Հայրը Վատիկանէն կը մեկնի առաւօտեան եօթին ու մէկ ժամ 15 վայրկեան տեւող թռիչքէ  ետք կը ժամանէ Պարիի «Քրիստոֆորօ Քոլոմպօ» հրապարակ ուր կը դիմաւորուի Պարիի Արքեպիսկոպոս՝ գերապայծառ Ֆրանչեսքօ Քաքուչիի կողմէ, Փուլիա մարզի նահանգապետ Միքելէ Էմիլիանոյի, Պարիի ոստիկանապետ՝ Մարիլիզա Մանիոյի ու Քաղաքապետ Անթոնիօ Տեքարոյիի կողմէ ու անմիջապէս կը փոխադրուի Սան Նիքոլա Պազիլիքա ուր նախատեսուած է նաեւ Պատրիարքներուն ժամանումը, հուսկ բոլորը միասին կ՛ այցելեն Պազիլիքայի գետնադամբանը մեծարելու համար  Սան Նիքոլայի մասունքները։ Անոնք ապա կը փոխադրուին Պարիի ծովեզերքը ուր նախատեսուած է համամիութենական աղօթքի հանդիպումը։

Աղօթքէն ետք բոլոր Հովուապետերը դարձեալ կը վերադառնան Պազիլիքա ուր տեղի կ՛ունենայ դռնփակ  առանձնական զրոյց մը, հուսկ 13.30-ին Պարիի առաջնորդարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ եղբայրական ագապ, որուն աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ կ՛առնէ Պատրիարքներէն եւ նախ քան ուղղաթիռ բարձրանալը կ՛ողջունէ նաեւ տեղական քաղաքական իշխանութիւնները ու ժամը 16-ին Պարիէն կը մեկնի վերադաrձ կատարելու համար Վատիկան ուր ժամանումը նախատեսուած է 17.15-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2018, 09:54