Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քահանայապետը Օսթիայի մէջ նշեց Սուրբ Հաղորդութեան տօնը։

Յիսուս մեզի համար դարձաւ բեկանուած հաց ու մեզմէ կը խնդրէ որ նուիրուինք ուրիշներուն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 3 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Հռոմի ծովեզերեան շրջան՝ Օսթիայի մէջ նշեց Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը, այնպէս ինչպէս ըրած էր իր նախորդներէն մին՝ Պօղոս Զ Քահանայապետը, 50 տարիներ առաջ։

Սանթա Մոնիքա Եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ այս առթիւ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ «Սուրբ Հաղորդութիւնը «ապագայի հացն է» որ այսօր մեզի համտեսել կու տայ «ցանկացած բարի որեւէ ակնկալիքէ աւելի մեծ ու անսահման ապագայ մը»։ Ան կը յագեցնէ սպասումները ու կը սնուցէ ամենագեղեցիկ երազները։ Ան շօշափելի գրաւագիրն է այն բաներուն որոնք մեզի պիտի պարգեւուին. Մէկ խօսքով դրախտի ամրագիրն է» - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

«Յիսուս մեզի համար կը պատրաստէ վայր մը եւ կերակուր»յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով օրուան աւետարանական հատուածին ուր կը խօսուի Յիսուսի վերջին ընթրիքի մասին ու Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատումի մասին։ Ան ապա հրաւէր ուղղեց մեր կարգին պատրաստուելու Տիրոջ հետ հանդիպումին, ու կոչ ուղղեց միշտ բաց պահել դռները, որովհետեւ «Յիսուս կ՛ուզէ որ տապալին անդրաբերութեան ու մեղսակցութեան պատնէշները եւ վերացուին չարաշահումներու ու ամբարտաւանութեան վանդակապատերը, բացուին արդարութեան, վարուելակարգի եւ օրինականութեան ուղիները»։

«Յիսուսին՝ այստեղ երկրի վրայ պատրաստած վայրը Եկեղեցին է» ըսաւ ապա Քահանայապետը դիտել տալով թէ «այնտեղ պէտք է տեղ վերապահուի բոլորին՝ անխտիր»։ «Մինչ վերը պատրաստուած վայրը՝ դրախտն է» հաստատեց Ան, նշելով թէ Յիսուս մեզմէ եւս կը խնդրէ որ բան մը պատրաստենք ու կը թելադրէ որ զայն ընենք նայելով մեր կարիքաւոր եղբայրներուն։

«Յիսուս մեզի համար դարձաւ բեկանուած հաց ու մեզմէ կը խնդրէ որ նուիրուինք ուրիշներուն, ու չ՛ապրինք միայն մենք մեզի համար, այլ մէկը միւսին համար, որպէսզի Սուրբ Հաղորդութիւնը ապրուի, աշխարհին մատուցելով այն սէրը որ կ՛ընդունինք Տիրոջ մարմնէն» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով թէ «Սուրբ Հաղորդութիւնը միակ կերակուրն է որ կը յագեցնէ որովհետեւ Անոր մէջ կը հանդիպինք Յիսուսին ու կը զգանք Անոր մեզի վերապահած սէրը»։

Սրբազան Հայրը քարոզը աւարտեց հրաւիրելով հաւատացեալները միշտ ընտրելու կեանքի այդ կերակուրը։ Առաջին կարգին դասել Սուրբ Զոհը, վերագտնել  Սուրբ Հաղորդութեան հասարակական պաշտամունքը։

Ակնարկելով ապա Սուրբ Պատարագէն ետք նախատեսուած թափօրին, Քահանայապետը նշեց թէ «պիտի քալենք այս քաղաքի ճամբաներէն Յիսուսին հետ, որ կը փափաքի մտնել տուներուն մէջ ու այնտեղ տանիլ մխիթարութիւն»։

«Բանանք Անոր առջեւ մեր դռները» ըսաւ Սրբազան Հայրը ու աղօթք մը արտասանեց որուն մէջ հայցեց որ դառնանք «եղբայրութեան, արդարութեան եւ  խաղաղութեան պատգամաւորներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2018, 09:24