Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը խումբ մը հիւանդներուն հետ:

«Տէրը իր սրտին մէջ յատուկ տեղ ունի հաշմանդամութենէն տառապող ոեւէ անձ,այսպէս նաեւ Սուրբ Պետրոսի յաջորդը»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 27 յունիս 2018-ին, նախքան հրապարակային ընդհանուր ունկnդրութիւնը, ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի «Պօղոս Զ» անուամբ դահլիճին մէջ հանդիպեցաւ «Deaf Catholic Youth Initiative of the Americas” բարեսիրական հասատութեան խումբ մը հիւանդներուն հետ:

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ապահովեցնելով իր աղօթքը ներկաներուն համար մաղթեց, որ «Յիսուսի հետ քալելու համար ժամանակ մը » բնաբանով Հռոմ ուխտագնացութիւնը, առիթ հանդիսանայ՝ աճելու՝ուրիշներու եւ Յիսուսի նկատմամբ, սիրոյ մէջ

«Տէրը իր սրտին մէջ յատուկ տեղ ունի հաշմանդամութենէն տառապող ոեւէ անձ,այսպէս նաեւ Սուրբ Պետրոսի յաջորդը» ըսաւ Սրբազան Պապը յոյս յայտնելով որ Հռոմի մէջ անցուցած ժամանակը զանոնք հարստացնէ հոգեպէս ու անոնց մէջ ամրապնդէ Աստուծոյ եւ Անոր բոլոր զաւակներուն նկատմամբ սիրոյ վկայութիւնը։

«Դուք շարունակեցէք ձեր ճանապարհորդութիւնը, ձեզմէ կը խնդրեմ որ յիշէք ինծի համար աղօթել։ Թող որ Ամենակալ Աստուած իր բեղուն օրհնութիւններով օրհնէ ձեզ »յարեց Սրբազան Պապը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2018, 10:41