Որոնել

Քոնչիսթորօ դահլիճը Քոնչիսթորօ դահլիճը 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը « Suore Teatine dell'Immacolata Concezione » միաբանութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց ներկաները ըլլալու միշտ «դէպի դուրս եկեղեցի մը», սիրելով ու ապրելով Աւետարանի տրամաբանութեամբ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 16 յունիս 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական Պալատի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ընդունեց « Suore Teatine dell'Immacolata Concezione» միաբանութեան անդամները, անոնց հիմնադրուհիին՝ Երանելի Օրսոլա Պենինքազայի  մահուան 4-րդ դարադարձին առթիւ։

Ունկնդրէ լուրը

Ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց՝ եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութեան համար, Միացեալ Նահանգներու, Ափրիկէի ու Եւրոպայի մէջ ապա խօսքը կեդրոնացուց Հիմնադրուհիի առաքինութիւններուն վրայ, որ հրապուրուած Տիրոջմով իր բոլոր կեանքի ընթացքին ջանաց լիարժէք կերպով համապատասխանել Խաչեալ Քրիստոսին, որպէս կեդրոն ու կեանքի սնունդ ընտրելով Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդը եւ որպէս կտակ թողելով «ապրիլ միայն սիրոյ կանոնի համաձայն», ու ասկէ մեկնելով գիտցաւ ըմբռնել մարդոց կարիքները,  յատկապէս երիտասարդներունը, ու իր կեանքը նուիրել Աստուծոյ Փառքին ու հոգիներու փրկութեան համար։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա միաբանութեան խարիզմին ու անոր անդամներու գործունէութեան, որոնք հիմնուած աղօթքի վրայ կը նուիրուին նոր սերունդի դաստիարակութեան ու կազմաւորումին, ինչպէս նաեւ մարդկային զարգացումին ու հաւատքի խթանումին, առանց զանց ընելու տառապեալ անձանց մօտիկութիւն ցուցաբերելը։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց ներկաները ըլլալու միշտ «դէպի դուրս եկեղեցի մը», սիրելով ու ապրելով Աւետարանի տրամաբանութեամբ, «որովհետեւ ժամանակակից աշխարհը, ըսաւ Ան, պէտք ունի վկաներու որոնք ըլլան աշխարհի լոյսն ու աղը եւ ըլլան նաեւ թթխմոր»։

Քահանայապետը խրախուսեց միաբանութեան անդամները միշտ մօտիկ ըլլալու նաեւ աղքատներուն ու անոնց որոնք կորսնցուցած են կեանքի իմաստը ու ծարաւն ունին հացի եւ ջուրի, ինչպէս նաեւ Յիսուսի հետ հանդիպումին։

«Բաց եղէք Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեան, որ ձեզ պիտի առաջնորդէ» յորդորեց ապա Սրբազան Պապը, դարձեալ հաստատելով թէ «աշխարհը պէտք ունի ձեր եղբայրական կեանքի վկայութեան» եւ զգուշացուց զանոնք չարախօսութիւնէ ու անիմաստ քննադատութիւններէ, առաջարկելով հիւրընկալութեան հոգին, իրար հասկացողութիւն ու բաժնեկցութիւն, ինչպէս նաեւ դիւրաբեկներու նկատմամբ յարգանք։

«Թող որ ձեր հիմնադրուհիիին կտակը միշտ հնչէ ձեր սրտերուն մէջ. «Սիրեցէք զիրար փոխադարձաբար։ Իրար յարգեցէք եւ իւրաքանչիւրը թող փնտռէ միւսին բարիքը», ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը աւարտեց հայցելով Անարատ Յղութեան բարեխօսութիւնը, որպէսզի «միշտ դուք ձեզ դնէք կարիքաւորները  ծառայելու ուղեւորութեան մէջ, ու գտնուիք այն վայրերուն մէջ ուր ձեր կարիքը կայ» ըսաւ Ան ու խօսքը եզրափակեց բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը եւ ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/06/2018, 11:59