Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ROACO-ի անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ROACO-ի անդամները 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը « R.O.A.C.O.»ի լիագումար 91-րդ նիստի մասնակիցներուն։

Արեւելեան եկեղեցիներու զաւակները կարող են տակաւին վկայել թէ արժէք ունի ապրիլ ու տառապիլ Աւետարանին համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Միջին Արեւելքը այսօր դժուար կացութիւններու խաչմերուկ մըն է ու այնտեղ կայ վախը որ քրիստոնեաները բնաջնջուին. Առանց քրիստոնեաներու միջին արեւելք մը Միջին Արեւելք ըլլալէ կը դադրի»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Ուրբաթ 22 յունիս 2018-ին, Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ  ընդունելով Արեւելեան Եկեղեցիներու ի նպաստ օգնութիւն մատուցող հաստատութեան՝ «R.O.A.C.O.»ի լիագումար 91-րդ նիստի մասնակիցները։

Սրբազան Հայրը մէկդի դնելով  այս առթիւ պատրաստած ճառը, ներկաներուն ուղղեց սրտաբուխ խօսք մը, որուն մէջ նշեց թէ Միջին Արեւելքը այսօր կը տառապի, կ՛ողբայ ու Աշխարհի հզօրները կ՛անտեսեն զայն ու անոր չեն նայիր պէտք եղած ուշադրութեամբ, այլ զայն կ՛օգտագործեն պարզապէս քիչ մը աւելի իշխանութիւն ունենալու համար, անտեսելով այդտեղ բնակող ժողովուրդներուն մշակոյթը, հաւատքն ու կեանքը։

Քրիստոնեաներու թիւը օրէ օր կը նուազի, ու շատեր, որոնք հեռացան, չեն ուզեր վերադառնալ իրենց հայրենի տունը, թէեւ կապուած են իրենց հողին ու հաւատքին, սակայն տառապանքը մեծ է - ըսաւ Սրբազան Հայրը գնահատելով ROACO-ի գործունէութիւնը ի նպաստ տեղական եկեղեցիներուն, ապա հաստատեց թէ Միջին Արեւելքը այս պահուս ունի բազմաթիւ հարցեր, որոնց շարքին է գաղթականներուն հարցը։

«Մտաբերենք Լիբանանը ուր բնակչութեան կէսը  Սուրիացի են» դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով նաեւ գաղթականներ հիւրընկալող այլ երկիրներու ապա հաստատեց թէ Միջին Արեւելքի մէջ կայ մեծ մեղք մը՝ պատերազմի ու իշխանութեան մեղքը, որոնց թիրախը անմեղ մարդիկն են, մանուկներն են։

«Այնտեղ կը պակսին դպրոցները, հիւանդանոցները, որովհետեւ քանդուած են ռմբակոծումներէն» նկատել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հաստատեց. «Մենք ալ մեղաւոր ենք Միջին Արեւելիքի նկատմամբ»։  Մեղաւոր ենք որովհետեւ հաւատքի ու կեանքի միջեւ կը պակսի հետեւողականութիւնը։ Կան, դժբախտաբար, մի քանի վարդապետներ, եպիսկոպոսներ եւ միաբանութիւններ, որոնք աղքատութիւնը կը քարոզեն, սակայն կ՛ապրին հարստութեան մէջ, եւ ես պիտի ուզենայի որ այս մարդիկը  մերկանային իրենց սեփականութիւններէն, ու աւելիով նուիրուէին իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն։

«Տէրը սակայն մեզ միայնակ չի թողուր եւ ասոր համար պիտի ըսեմ որ Միջին Արեւելքը է նաեւ յոյս։ Մշակուելիք յոյս մը որուն համար պէտք է ամէնքս աշխատինք» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով խօսքը։ 

 

-----------------------------------------------------------

Գրաւոր Պատգամը

Գրաւոր պատգամին  մէջ Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ այս տարի կը յիշատակուի հաստատութեան հիմնադրութեան  50 ամեակը, ողջունելով բոլոր ներկաները ու յատկապէս Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը ու « R.O.A.C.O.»ի նախագահ՝ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին։

Ընդգծելով հաստատութեան 50 ամեակի կարեւորութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց ներկաները միշտ յիշողութեան մէջ պահելու անցած ժամանակը ու յիշելու նաեւ դիմագիծերն անոնց որոնք արդեն աւարտեցին իրենց երկրային ուխտագնացութիւնը։ 

«Ծրագիրներու մշակումը, շնորհիւ համայն աշխարհի բազմաթիւ հաւատացեալներու առատաձեռնութեան, առիթ ընծայեց  Արեւելեան կաթողիկէ զանազան եկեղեցիներուն, զարգացնելու ու յառաջ տանելու աւետարանական վկայութիւնը» գրեց Սրբազան Պապը ակնարկելով թէ ինչպէս անոնց վկայութիւնը յաճախ յատկանշուած է ցաւերով, հալածանքներով ու թիրախ ծայրայեղականութեան։ 

Նորին Սրբութիւնը գնահատեց «գործնական զօրակցութիւնը՝ որով կարելի եղաւ դիմագրաւել պատերազմի ու գաղթականութեան մարտահրաւէրները ու Եկեղեցիներուն ապահովել աւետարանումի ու հովուական խնամակալութեան գործունէութեան շարունակականութիւնը։ «Այս, յարեց Սրբազան Հայրը, կը բացայայտէ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ դիմագիծը, որ Աւետարանը կը հռչակէ խօսքերով եւ գործերով, շօշափելի դարձնելով  Աստուծոյ սէրը»։ 

«Արեւելքի Կաթողիկէ  եկեղեցիները, որոնք կենդանի վկաներն են առաքեալներու ծագումին, կանչուած են յատուկ կերպով պահպանելու ու տարածելու Պենտեկոստէի կրակին բոցը, անոնք կանչուած են ամէն օր վերագտնելու իրենց մարգարէական ներկայութիւնը, բոլոր այն վայրերուն մէջ ուր ուխտաւոր են, սկսեալ Երուսաղեմէն, Սուրբ Երկիր, որուն յատուկ կոչումը պէտք է պահպանուի, քաղաքական լարուածութիւններէ ու վէճերէ անդին» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապ  հրամայական նկատելով նաեւ «այսօր աւելի քան երբեք, պահպանել  քրիստոնեաներու ներկայութիւնը»։

Սրբազան Քահանայապետը, մաղթեց որ այն վայրէն ուր Յիսուս Քրիստոս մեռաւ եւ Յարութիւն առաւ, յառաջ գայ զօրութեան հոգի մը՝ որ ոգեւորէ Սուրբ Երկրի ու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները լաւապէս հասկնալու համար իրենց իւրայատուկ կոչումը, ու իմացականութիւն տալու հաւատքին եւ յոյսին։ 

«Արեւելեան եկեղեցիներու զաւակները, շնորհիւ ձեր օգնութիւններուն, կարող են՝ մեր յաճախ տժգոյն սրտերուն վկայել, թէ տակաւին արժէք ունի ապրիլ ու տառապիլ Աւետարանին համար, որովհետեւ Աւետարանը կը մնայ միշտ բոլոր ժամանակներու մարդոց ուրախութիւնն ու կեանքը» հաստատեց  Սրբազան Քահանայապետը, անգամ մը եւս գնահատելով ROACO-ի գործունէութիւնը, ու նշեց թէ անոր  շնորհիւ Սուրբ Պետրոսի յաջորդը կը շարունակէ՝ քրիստոնեաներու միջեւ միութիւն հաստատելու իր առաքելութիւնը, ապա պատգամը եզրափակեց բոլոր ներկաներուն շնորհելով առաքելական օրհնութիւններ եւ ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։ 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2018, 12:30