Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ընտանիքներու Ֆորումը Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ընտանիքներու Ֆորումը 

« Ընտանիքը որպէս Աստուծոյ պատկեր մէկ է՝ այր ու կին». Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը ներկաներուն յանձնեց գրաւոր ճառը ու տարբեր նիւթեր շօշափելով անոնց ուղղեց սրտաբուխ խօսք մը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 16 յունիս 2018-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, «Ընտանիքներու միութիւններու Ֆորում»ի 25-րդ տարեդարձին առիթով, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց  Ֆորումի 150 անդամներուն։

Ան ներկաներուն յանձնելով այս  առթիւ պատրաստած գրաւոր ճառը ուզեց անոնց ուղղել սրտաբուխ խօսք մը, որուն մէջ շեշտը դրաւ ընտանեկան կեանքին հայող զանազան նիւթերու վրայ որոնցմէ առաջինը եղաւ համբերութիւնը։

«Կեանքի մէջ կան դժուար տագնապներ, ուր նաեւ կան «անհաւատարմութեան» պահեր» ըսաւ Սրբազան Պապը ընդգծելով թէ այդ պահերուն է որ պէտք է ըլլալ համբերատար, ունենալ «սպասող սիրոյ համբերութիւնը»։  «Ու եթէ մէկը պոռթկայ միւսը այլ պոռթկումով թող չի պատասխանէ, այլ թոյլ տայ որ փոթորիկը հանդարտի» թելադրեց Սրբազան Քահանայապետը գնահատելով բազմաթիւ կիներու – նաեւ որոշ չափով այր մարդոց – հերոսական համբերութիւնը, երբ լռելեան կը սպասեն իրենց ամուսնոյն վերադարձը՝ դէպի հաւատարմութիւն, այս մէկը որակելով սրբութիւն. Սրբութիւն որ ամէն ինչ կը ներէ, որովհետեւ կը սիրէ։

Խօսելով ապա «Amoris laetitia- սիրոյ ուրախութիւնը» շրջաբերականի մասին Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց թէ շատեր տակաւին չեն հասկցած անոր իսկական խորքը ու զայն կ՛ըմբռնեն որպէս «կարելի է» կամ «կարելի չէ» հասկացողութեամբ։ Մինչ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, հարկաւոր է զայն կարդալ որպէս «ամուսնական կեանքի» պատրաստութիւն, ամուսնութիւնը ըլլալով  բոլոր կեանքի համար խորհուրդ։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ քննադատեց այն իրողութիւնը որ այսօր ընտանիք կազմելը ըմբռնուած է որպէս «բախտախաղ», երբ շատեր կը մտածեն ընտանիք կազմել այն յոյսով որ  ամէն ինչ յաջող ընթանայ, ապա թէ ոչ պատրաստ են ամէն ինչ վերատեսել։ «Այս մէկը մակերեսային մօտեցում է Աստուծմէ մարդկութեան նուիրուած  ամենամեծ պարգեւին որ է ընտանիքը» յարեց Սրբազան Հայրը դիտել տալով թէ «Ընտանիք» բառը համեմատական է, որովհետեւ կարելի է խօսիլ «աստղերու ընտանիքներուն» մասին, «ծառերու ընտանիքներու» եւ «անասուններու ընտանիքներու» մասին, սակայն, ըսաւ Ան, «Ընտանիքը ի նմանութիւն Աստուծոյ մէկ է՝ այր ու կին»։

Նոյնիսկ երբ մարդ մը կամ կին մը անհաւատ են բայց իրար սիրելով կ՛ամուսնանան անոնք կը դառնան Աստուծոյ նմանութեամբ – ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը ու խօսքը կեդրոնացուց զաւակներուն վրայ, որոնք, ըսաւ Ան, ամենամեծ պարգեւն են, քննադատելով այդ ամոլները որոնք այլազան պատճառներով կ՛որոշեն զաւակներ չունենալ ու դատապարտելով «արհեստական վիժումները»։

«Անցեալ դարուն համայն աշխարհը գայթակղած մնաց ի տես Նազիսթներու ըրածներուն՝ ցեղային բիւրեղացումի նպատակով, այսօր մենք նոյնը կ՛ընենք սակայն ճերմակ ձեռնոցներով» յարեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով ընտանիքին ապրած այլ մէկ տագնապին. Աշխատանքի պակասը, ու յաճախ այդ աշխատանքի բերումով ընտանեկան կեանքին մէջ հօր մը կամ մօր մը ներկայութեան պակասին։ Ասկէ մեկնելով Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց մեծ հայրիկներն ու մեծ մայրիկները չի հեռացնել ընտանիքներէն, այլ թոյլ տալ որ անոնք շփուին իրենց թոռնիկներուն հետ։

***********************************************

ԳՐԱՒՈՐ ՃԱՌԸ

 Անոնց յանձնած գրաւոր իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը գնահատեց «Ընտանիքներու միութիւններու Ֆորում»ի իրականութիւնը, որ «իր մէջ կը պարունակէ աւելի քան 500 ընկերակցութիւններ ու իսկական ցանց մըն է որ ի յայտ կը դնէ բաժնեկցութեան ուժը ու հաղորդութեան գեղեցկութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, հաստատելով թէ «ընտանիքը» Աստուծոյ ծրագրի կեդրոնն է, եւ այր մարդու ու կնոջ միջեւ սէրն ու անոնց փոխլրացումը, աստուածային խորհրդաւոր ծրագրի մը բերումով, զանոնք կը դասէ Արարիչին որպէս համագործակից, որոնց յանձնուած է նոր արարածներու կեանք պարգեւելու պարտականութիւնը, ի սիրտ ունենալով անոնց զարգացումն ու դաստիարակութիւնը։

«Ընտանիքը ըլլալով կեանքի առաջին օրրան եւ ընկերութեան ու սիրոյ առաջին վայր, ունի հիմնական դեր մը մարդու կոչումին մէջ։ Կը նմանի պատուհանի մը բացուած նոյնինքն Աստուծոյ խորհուրդին, որ է« սէր միութեան մէջ ու անձերու երրորդութիւն» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով ժամանակակից աշխարհին որ յաճախ առաջնորդուած է եսասէր ու անհատական տրամաբանութիւններով եւ որ յաճախ կը կորսնցնէ մնայուն կապերու, մարդոց նկատմամբ յանձնառումի, ուրիշի հանդէպ պատասխանատուութեան, անձնուիրումի ու ձրիութեան գեղեցկութիւնն ու իմաստը»։ «Ասոր համար դժուար կը թուի հասկնալ ընտանիքի արժէքը» դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտը դնելով ընտանեկան կառոյցին թիկունք կանգնելու անհրաժեշտութեան վրայ,  որ «պէտք է ըլլայ նաեւ քաղաքացիական իշխանութիւններու առաջին մտահոգութիւնը» ըսաւ Ան, հաստատելով թէ «ան որ ընտանեկան միջավայրին մէջ կը սորվի ապրիլ հարազատ յարաբերութիւններ, կարող պիտի ըլլայ աւելի մեծ շրջանակներուն մէջ եւս ապրելու զանոնք ու այն որ յարգանքն ու ծառայութիւն կը փորձարկէ ընտանիքի մէջ, պիտի կարողանայ զանոնք ապրիլ նաեւ ընկերութեան ու աշխարհի մէջ». Առ այդ նպատակակէտը ըլլալու է «թիկունք կանգնիլ ընտանիքներուն ու արժեւորել անոնց դերակատարութիւնը»  ըսաւ Սրբազան Հայրը քաջալերելով ներկաները շարունակելու այդ ուղղութեամբ իրենց ջանքերն ու յանձնառումը, վկայելով նաեւ սիրոյ ուրախութիւնը։

Մատնանշելով հուսկ «Ընտանիքներու միութիւններու Ֆորում»ի սահմանադրութեան, Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց ներկաները գործելու ի նպաստ՝ «ընտանիքներու միշտ աւելի զօրեղ մասնակցութեան, մշակութային, ընկերային ու քաղաքական կեանքէն ներս», ինչպէս նաեւ «ընտանիքին հայող պատշաճ քաղաքականութիւններու խթանումին ի սպաս, որոնք պաշտպանեն ընտանիքի դերն ու անոր իրաւունքները»։  Ան ապա յորդորեց գործել նաեւ «ծնունդներու» աճումին ի սպաս որովհետեւ «նորածինները երկրի մը  ամենամեծ ներդրումն են,  ու անոր ապագայի բարօրութեան առաջին պայմանը»  ըսաւ Նորին Սրբութիւնը քաջալերելով ներկաները շարունակելու իրենց ընթացքը ի ծառայութիւն ընտանիքին ու կեանքին, ապա բոլորին վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւններ ու Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքի հովանին։

«Եթէ կը բարեհաճիք մի մոռնաք աղօթել ինծի համար» ըսաւ հուսկ Սրբազան Հայրը աւարտելով իր խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/06/2018, 12:30