Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը։

Ապագան չի պատկանիր ժլատութեան այլ բաժնեկցութեան, չի պատկանիր բաժանումին՝ այլ սիրոյ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի՝ 28 Յունիս 2018-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց  Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութենէն պատուիրակութիւն մը որ  Հռոմ ժամանած է Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ, աւանդութեան համաձայն իրենց մասնակցութիւնը բերելու՝ Հռոմի Եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբերու տօնի տօնախմբութիւններուն։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ պատուիրակութեան անդամներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ. «Սիրելի եղբայրներ ի Քրիստոս, Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Պօղոսի տօնակատարութեան նախօրեակին, ուրախութիւնն ունիմ ձեզի հանդիպելու որ եկած էք ներկայացնելու Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա ու Սիւնհոդոսը։ Ձեր ներկայութիւնը Հռոմի Եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբերու ի պատիւ կայացած արարողութիւններուն, նշան է աճող այն հաղորդութեան որ իրարու կը կապէ՝ Կաթողիկէ Եկեղեցին ու Տիեզերական Պատրիարքութիւնը։

Յիշել առաքեալները ու անոնց ուսուցումները ինչպէս նաեւ անոնց վկայութիւնը՝ կը նշանակէ յիշել մեր միասնական արմատները, որոնց վրայ կառուցուած են մեր քոյր եկեղեցիները ու միեւնոյն ատեն կը նշանակէ գիտակցիլ Աւետարանի ի նպաստ ծառայութեան մեր միասնական առաքելութեան, յարուցելու համար նոր մարդկութիւն մը՝ մղուած դէպի Աստուած»։

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց ապա ժամանակակից աշխարհին մէջ քրիստոնէական հաւատքին աստիճանաւոր «մթագնութեան» ինչպէս նաեւ մարդ անհատի արժանապատուութեան նկատմամբ արհամարհանքին, դրամապաշտութեան, բռնութեան ծաւալումին, բնական կենսամիջոցներու չարաշահումին, այս բոլորը նկատելով՝ «նշաններ ողբերգական իրականութեան մը՝ որուն դիմաց չենք կրնար վհատիլ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, համաձայն գտնուելով նաեւ Բարթողոմէոս Ա-ի հետ թէ «անընդունելի է որ ընկերային զօրակցութեան ու արդարութեան այլընտրական ձեւերու զարգացումը անտեսուած ըլլայ…Մեր եկեղեցիներու մէջ կը փորձարկենք օրհնեալ վստահութիւնը թէ ապագան չի պատկանիր «ունենալ»ուն այլ «ըլլալ»ուն , չի պատկանիր ժլատութեան այլ բաժնեկցութեան եւ ոչ իսկ անհատականութեան ու եսասիրութեան այլեւ հաղորդութեան ու զօրակցութեան։ Ապագան չի պատկանիր բաժանումին՝ այլ սիրոյ»։

Սրբազան Պապը  ակնարկեց ապա երկու եկեղեցիներու միջեւ կայացած համագործակցութեան, յատկապէս որոշ հարցերու շուրջ, ինչպէս «արդի ստրկութեան» դէմ պայքար, արարչութեան պաշտպանութիւնը ու խաղաղութեան փնտռտուքը, ու այս ծիրէն ներս շնորհակալութիւն յայտնեց Բարթողոմէոս Ա Պատրիարքին, որ ընդառաջեց իր խնդրանքին, իր մասնակցութիւնը բերելու յառաջիկայ 7 յուլիսին Պարիի մէջ կայանալիք աղօթքի հանդիպումին, Միջին Արեւելիքի քրիստոնեայ հասարակութիւններու հովուապետերու հետ միասին, «աղօթելու եւ խորհրդածելու այդ շրջանի մէջ ապրող մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ողբերգական իրավիճակի մասին» յարեց Սրբազան Պապը մաղթանք յայտնելով որ բազմապատկուին կաթողիկէներու եւ օրթոտոքսներու միջեւ համագործակցութեան, աղօթքի եւ Աւետարանի հռչակումի առիթները։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Պետրոս ու Պօղոս առաքեալներու, ինչպէս Նաեւ Սուրբ Պետրոսի եղբայր՝ Սուրբ Անդրէասի բարեխօսութիւնը, որպէսզի «Ամենակալ Տէրը՝ մեզի պարգեւէ շնորհքը, ըլլալու Աւետարանի հաւատարիմ քարոզիչներ» ըսաւ Ան, ու ներկաներուն վրայ հայցելով Աստուածային օրհնութիւններ անոնցմէ խնդրեց որ բարեհաճին աղօթել իրեն համար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2018, 10:21