«Պիաճօ Անիէս» մամլոյ մրցանակի պատուիրակութեան անդամաները Վատիկանի մէջ։ «Պիաճօ Անիէս» մամլոյ մրցանակի պատուիրակութեան անդամաները Վատիկանի մէջ։ 

«Պիաճօ Անիէս» մրցանակի պատուիրակութեան անդամաները Վատիկանի մէջ։

«Խստապահանջ գործ մըն է լրագրութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը


Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 4 յունիս 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ընդունեց «Պիաճօ Անիէս» լրագրողի անուամբ  մամլոյ միջազգային մրցանակի պատուիրակութեան անդամները ու այս առթիւ անոնց արտասանած բարի գալուստի խօսքին մէջ «Պիաճօ Անիէս» լրագրողը նկատեց Իտալացի մեծագոյն լրագրողներէն մին ու հասարակաց ծառայութեան պահապանը, «որ բազմաթիւ անգաներ միջամտեց լրագրութեան դերակատարութեան մասին, որպէս հաւատալի, ճշգրիտ, ու ժամկէտային տեղեկատւութեան երաշխաւոր»  ըսաւ Սրբազան Հայրը  ընդգծելով լրագրութեան պատասխանատուութիւնը ու լրագրութեան մը հարկաւորութիւնը որ «անձնական շահերէն վեր գերադասէ ճշմարտութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ լրագրող ըլլալ կը նշանակէ գործակցիլ անհատներու կազմաւորումին, անոնց՝ աշխարհի նկատմամբ ունեցած տեսութեան ու իրադարձութիւններու դիմաց վարուելակերպի ծիրէն ներս»։

«Խստապահանջ գործ մըն է լրագրութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը անդրադառնալով նաեւ թուային աշխարհի իրականութեան, այս ծիրէն ներս ակնարկելով  «լրագրութեան» աշխարհին մէջ տեղի ունեցող յեղաշրջումներուն ու լրագրութեան «աւանդական» միջոցներու հետ միասին բջիջային հեռախօսներու գործածութեան, որ կը յատկանշէ «տեղեկատուութեան ոճին ու ձեւերուն փոփոխութիւնը», յարեց Սրբազան Պապը, նշելով թէ. «եթէ կ՛ուզենք շարունակել նոր սերունդին կրթութիւն ապահովել, հարկաւոր է մուտք գործել այդ աշխարին մէջ, ունենալով իմաստուն «հսկումի» վարուելակերպ մը»։

Սրբազան Պապը ապա նշելով թէ հարցի լուծման համար չկան դեղագիրեր ուզեց շեշտը դնել երեք բառերու վրայ. Արուարձան, ճշմարտութիւն եւ յոյս։

Արուարձաններու մասին արտայայտուելով Սրբազան Քահանայապետը դիտել տուաւ թէ շատ անգամ տեղեկատուութեան արտադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ մեծ կեդրոններու ներքոյ, սակայն ըսաւ Ան, այս մէկը պէտք չէ մեզի մոռցնել տայ այն մարդոց պատմութիւններ որոնք կ՛ապրին հեռու, արուարձաններու մէջ։ Ակնարկելով ապա ճշմարտութեան մասին, Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ լրագրութեան հաւատալիութեան վրայ, այս ծիրէն ներս անհրաժեշտ նկատելով միշտ ճշմարտութեան փնտռտուքը, ինչպէս նաեւ որոշ իրադարձութիւններու դիմաց լուր չի մնալը։ Ապա յոյսին ակնարկելով Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ այս չի նշանակեր պատմել՝ առանց հարցերու աշխարհի մը պատմութիւնը։ Այլապէս պատրանք մըն է այդ - ըսաւ Ան աւելցնելով թէ  «Լրագրող մը պէտք չէ ինքզինք հանգիստ զգայ, պարզապէս իր ազատ ու գիտակից  պատասխանատուութեամբ  իրողութիւն մը պատմած ըլլալուն համար։ «Ան կանչուած է բաց պահելու, ելքի ու յոյսի դուր մը» ըսաւ Սրբազան Հայրը ու խօսքին աւարտին նշեց «Պիաճօ Անիէս» հիմնարկի իրագործած ծրագիրներն եւ ձեռնարկները յատկապէս լրագրութեան աշխարհէն ներս ու մէջբերեց «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականն հետեւեալ հատուածը. «հարկաւոր է երաշխաւորել գիտական եւ ընկերային բանավէճ մը, որ ըլլայ պատասխանատու ու կարող հաշուի առնելու համայն տեղեկատուութիւնը եւ իրականութիւնները կոչել իրենց անունով։ Երբեմն ամբողջական տեղեկութիւնները չեն դրուիր սեղանի վրայ, այլ կ՛ընտորուին անձնական շահերու հիման վրայ, ըլլան անոնք քաղաքական, տնտեսական կամ գաղափարային» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու խօսքը աւարտեց  շնորհաւորելով մրցանակակիրները ու ներկաներէն խնդրեց որ բարեհաճին յիշել զինք իրենց աղօթքներուն մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2018, 13:15