Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Մկաններու հիւանդութեան դէմ պայքարի իտալական միութեան անդամները Վատիկանի մէջ։

Քահանայապետը քաջալերեց ներկաները շարունակելու իրենց այդ ընթացքը միշտ աւելիով դառնալով աւետարանական զօրակցութեան ու սիրոյ վկաներ։

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Շաբաթ 2 յունիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց  Մկաններու հիւանդութեան դէմ պայքարի իտալական միութեան 1500 անդամներուն ու այս առթիւ անոնց արտասանած խօսքին մէջ, գնահատեց անոնց ու անոնց կամաւոր համագործակիցներուն  տարած աշխատանքը ի ծառայութիւն մկաններու հիւանդութենէ տառապող անձերու նկատմամբ։ 

Ունկնդրէ լուրը

«Անոնց համար դուք յոյսի բոց մըն էք» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը «որով անոնք կարող են վստահութեամբ դիմագրաւել հիւանդութեան դժուարութիւնները»։

Այս ծիրէն ներս Սրբազան Քահանայապետը նշեց նաեւ թէ առօրեայ կեանքը ապրելու համար մատուցուած ծառայութիւններէն անդին՝ կարեւոր է նաեւ մարդկային ջերմութիւնը, եղբայրական երկխօսութիւնը ու քնքշութիւնը, ու ֆիզիկական վերականգնումի հետ միասին հոգեւորին վերականգնումը, որ՝ շարունակեց Սրբազան Պապը, կ՛արտայայտուի մօտիկութեան արարքներով ու լքումի եւ կղզիացումի դէմ պայքարի միջոցաւ։

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց ապա Միութեան մատուցած ծառայութեան յատկանիշ դարձած «ձրիութիւնը» ու անոր կից նաեւ հիւանդին կացութեան ու հարցերուն դիմագրաւելը՝ խոնարհութեան, լրջութեան, վճռակամութեան ու յարատեւութեան, ինչպէս նաեւ յարգանքի հոգիով։

Քահանայապետը քաջալերեց ներկաները շարունակելու իրենց այդ ընթացքը միշտ աւելիով դառնալով աւետարանական զօրակցութեան ու սիրոյ վկաներ։

«Ձեր այդ գործունէութեամբ դուք կարող էք փորձարկել այն իրականութիւնը թէ միայն ան որ կը սիրէ եւ ինքզինք կը նուիրէ ուրիշներուն, կարող է ինքզինք կատարելագործել» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին որ մեզի յայտնեց թէ «ամենամեծ պատուիրանը սէրն է», եւ իր երկրային կեանքի ընթացքին տեսանելի դարձուց աստուածային քնքշութիւնը, ինքզինք ունայնացնելով եւ ծառայի կերպարանք առնելով ու դառնալով նման մարդոց։

«Յիսուս մինչեւ մահ կիսելով երկրային իրադարձութիւնները մեզի սորվեցուց քալել սիրոյ մէջ» ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը, հաստատելով թէ սէրը ու եղբայրսիրութիւնը կը ներկայացնեն աւետարանական ամէնէ խօսուն վկայութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց ապա բազմաթիւ սուրբերու ու անձնուէր անձերու որոնք եղբայրսիրութեան առաքինութեամբ  բացայայտեցին նաեւ Աստուծոյ սէրը, հիւանդին մէջ տեսնելով նոյնինքն Քրիստոսին Մարմինը։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր՝ մատուցած օգնութիւնը կարեւոր է, սակայն աւելի կարեւոր է նաեւ սիրտը՝ որով այդ օգնութիւնը կը մատուցի» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով ներկաները դառնալու օրինակ, յատկապէս երիտասարդներուն համար, զանոնք դաստիարակելով ու կրթելով զօրակցութեան ու հիւրընկալութեան մշակոյթին, ու բաց ըլլալու թերաճներու պահանջներուն։

«Ան որ կը տառապի շատ աւելիով կը հասկնայ կեանքի աստուածային պարգեւին արժէքը» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն՝ իերնց յանձնառումին համար ու դարձեալ քաջալերեց զանոնք յառաջ ընթանալու իրենց ընթացքին մէջ, օրինակ առնելով նաեւ Սուրբ Կոյս Մարիամէն որ  անյապաղ փութաց իր ազգական Եղիսաբեթի մօտ, Անոր տանելով փրկութեան եւ ուրախութեան պատգամը։  «Ան ձեզի թող սորվեցնէ հեզ սիրոյ ձեւը ու Տիրոջմէ ձեզի համար ընդունի այդ սէրը  տառապողներուն մէջ ճանչնալու շնորհքը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը եզրափակեց խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար ապա բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2018, 12:10