Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց «Special Olympics”, կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը

«Մարզանքի աշխարհը յատուկ հնարաւորութիւն կ՝ընծայէ անհատներուն՝ աճելու համար բարեկամութեան փոխ հասկացողութեան մէջ»

Վազգէն Աբարդեան-Վատիկան

Չորեքշաբթի, 27 յունիս 2018-ին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան սկիզբը ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց Special Olympics պատուիրակութեան անդամներուն՝ կազմակերպութեան հիմնադրութեան 50 ամեակի առիթով:
Ողջոյնի խօսքի մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.
«Մարզանքի աշխարհը յատուկ հնարաւորութիւն կ՝ընծայէ անհատներուն՝ աճելու համար բարեկամութեան փոխ հասկացողութեան մէջ եւ ես կ՝աղօթեմ որպէսզի այս ողիմպիական կրակը կարենայ ուրախութեան եւ յոյսի նշան ըլլայ Տիրոջ նկատմամբ, որ միութեան եւ խաղաղութեան պարգեւներ կը շնորհէ իր զաւակներուն:

Ֆրանչիսոկս Պապ ապա հայցելով Աստուածային օրհնութիւնները պատուիրակութեան անդամներուն վրայ ըսաւ“

«Բոլոր անոնց համար որոնք կ՝աջակցին “Special Olympics”, կազմակերպութեան նպատակներուն, յօժարակամ կը հայցեմ Ամենակալ Աստուծոյ ուրախութեան եւ խաղաղութեան օրհնութիւնները:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2018, 13:22