Որոնել

Lողի մարզիկ Lողի մարզիկ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ լողի դաշնութեան մարզիկները:

Մարզանքի լեզուն տիեզերական է եւ ան դիւրիւնութեամբ հասանելի է նոր սերունդներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Հինգշաբթի, 28 յունիսին, Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ընդունեց Իտալիոյ լողի դաշնութեան աւելի քան 300 անդամները:

Ունկնդրէ լուրը

Ողջունելով ներկաները Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ մարզիկներուն «Եօթը բլուրներ» կարգախօսով լողի մրցոյթին՝ իրենց բերած մասնակցութեան ու դիտել տուաւ թէ այդ մրցոյթին մասնակցութեամբ կը շնորհեն նաեւ առողջ ճիգի եւ խմբային խաղի կարգապահութեան վկայութիւն:

Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ լողի մարզիկները ցոյց կու տան, նպատակներու հետապնդումի կարելիութիւնը՝մարզանքի եւ յոգնութեան միջոցաւ որոնք կ՝ենթադրեն մեծ յանձնառում եւ զոհողութիւն, նկատել տալով որ այս բոլորը կեանքի դաս կը հանդիսանայ ՝յատկապէս մարզիկներու տարեկիցներուն:

Սրբազան Հայր ապա նշեց, որ լողը ինչպէս նաեւ մարզական որեւէ գործունէութիւն՝ երբ հաւատարմութեամբ կիրարկուած է առիթ կը հանդիսանայ մարդկային եւ ընկերային արժանքիններու կազմաւորումին, ինչպէս նաեւ մարմնական կազմաւորումէն զատ, հզօր կամքի տէր նկարագիրին կերտման :

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտը դնելով խումբ կազմելու իրականութեան վրայ յայտնեց թէ լողը նախ եւ առաջ անհատական մարզանք է սակայն երբ ան գործադրուած է մարզական ընկերութեան մէջ՝ ազգային մակարդակին վրայ, անիկա կը դառնայ խմբային փորձառութիւն որուն մէջ ամէնէն շատ գնահատուած կ՝ըլլայ գործակցութեան ու փոխադարձ օժանդակութեան երեւոյթը:

Ան ապա անդրադարձաւ լողի խմբային խաղերուն, շեշտը դնելով այդ խաղերու ներդաշնակութեան եւ մարզիկներու կողմէ կիրակուած միեւնոյն շարժումի ձեւերուն երեւոյթին վրայ յայտնելով որ այդ ներդաշնակութեան գաղտնիքը կը կայանայ փոխադարձ օժանդակութեան մէջ:

Ֆրանբիսկոս Պապ ապա յիշեց վերջերս Հռոմի մէջ մահացած լողի մարզիկ՝ Նոյեմիի ողբերգական կորուստը, յայտնելով թէ ինք աղօթեց Նոյեմիի եւ անոր ընտանիքին համար:

Նորին Սրբութիւնը խօսքը աւարտեց քաջալերելով մարզիկներն ու անոնց ղեկավարները բարի տիպար ըլլալու՝ իրենց տարեկիցներուն, օգնելու համար անոնց իրենց ապագային կերտման գործընթացքին մէջ ըսելով.

«Մարզանքի լեզուն տիեզերական է եւ ան դիւրինութեամբ հասանելի է նոր սերունդներուն» հուսկ քաջալերեց մարզիկները հաղորդելու դրական պատգամներ ՝իրենց գործունէութեան միջոցաւ, նպաստելու համար ընկերութեան բարեկարգման:

Թող Տէրը օրհնէ եւ շնորհէ ձեզի միասնական մարզանք կատարելու ուրախութիւնը եղբայրութեան հոգիով: Ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով լողի մարզիկներուն ուղղած խօսքը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2018, 12:00