Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ռուսիոյ Կիւրեղ Պատրիարքը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ռուսիոյ Կիւրեղ Պատրիարքը 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Մոսկուայի Պատրիարքութեան պատուիրակութեան

Համամիութիւնը կը կայանայ միասնաբար ընթանալու մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 30 մայիս 2018-ին, առաւօտեան, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան փոքրիկ դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մոսկուայի Պատրիարքութենէն 20 հոգեւորականներէ կազմուած պատուիրակութիւն մը:

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան անդամներուն տուած այցելութեան համար, նշելով որ այդ այցելութիւնը կ՝օգնէ հաւատքը ապրելու յոյսի եւ միութեան մէջ, ինչպէս նաեւ միասնաբար ընթանալու:

Նորին Սրբութիւնը ապա ըսաւ, թէ ինք ուրախ է միութեան ուղիին վրայէն ընթանալուն համար, ընդգծելով որ այդ ուղին միակ ուղին է որ վստահութիւն կը ներշնչէ, որովհետեւ բաժանումի ուղին պատերազմներու եւ բաժանումներու առաջնորդող ուղին է: Այս ծիրէն ներս հաստատելով, որ Կաթողիկէ եկեղեցին երբեք պիտի չթոյլատրէ որ եկեղեցիէն ծնի բաժանումի կեցուածք:

«Մենք երբեք պիտի չթոյլատրենք, որ այս մէկը տեղի ունենայ» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով «Մուսկուայի, Ռուսիոյ մէջ կայ լոկ մէկ պատրիարքութիւն եւ երբեք պիտի չունենանք այլ պատրիարքութիւն»։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց, որ ինք մխիթարութիւն կը զգայ այն ժամանակ երբ ականատես կ՝ըլլայ ձեռք տուած եղբայրական ողջագուրումին, որոնք միասնաբար կը մտածեն ու կ՝ընթանան, ընդգծելով որ համամիութիւնը կ՝իրականանայ միասնաբար ընթանալով:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կարեւոր նկատեց Աստուածաբանական ուսումը, յստակացնելով կարգ մը կէտեր եւ չսպասել հարցերու լուծումին՝ միասնաբար ընթանալու համար՝ եղբայրասիրութեան եւ աղօթքի մէջ:

Ան ապա իր ուրախութիւնը յայտնեց Կիւրեղ Պատրիարքին հետ ունեցած հանդիպումին համար, որ զինք շատ հանգստացուցած է:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը նշելով, որ կաթողիկէները պէտք են յարգել Օրթոտոքս եղբայրները ազդարարելով, որ կաթողիկէ եկեղեցին պէտէ չէ երբեք ձեռնամուխ ըլլայ Ռուսիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ ներքին գործերուն, ոչ իսկ քաղաքական հարցերուն մէջ ընդգծելով որ այս է Սուրբ Աթոռի այսօրուան կեցուածքը եւ անոնք որոնք չեն յարգեր այս մէկը չեն հնազանդիր Սուրբ Աթոռին :

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքի աւարտին դարձեալ շեշտեց աղօթքի կարեւորութիւնը՝՝ աղօթել մէկը միւսին համար, անհատական աղօթքի մէջ եւ այս կապակցութեամբ նշեց, որ ինք Կիւրեղ Պատրիարքին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք , պատրիարքին կողմէ ստացած՝ Սուրբ Սերովբէի մասունքի նուէրը զետեղած է իր անկողինին քով եւ ամէն գիշեր քնանալէ առաջ կ՝աղօթէ միութեան համար  ու նոյնը կը կատարէ նաեւ առաւօտուն՝ հազիւ արթննայ: «Աղօթենք մէկը միւսին համար ու միասին քալենք» ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով իր խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2018, 12:00