Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց միսիոներական գործունէութիւններուն ղեկավարները

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց աշխարհի մէջ եկեղեցւոյ միսիոնարականութեան աւետարանական վերարժեւորումի անհրաժեշտութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 1 յունիս 2018-ին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քահանայապետական միսիոներական գործունէութիւններուն ազգային ղեկավարները՝ Հռոմի մէջ գումարած իրենց տարեկան ընդհանուր ժողովին առիթով:

Այս առթիւ անոնց արտասանած խօսքին սկիզբը ֆրանչիսկոս Պապ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վերոյիշեալ կազմակերպութեան անդամներուն Աստուծոյ ժողովուրդին ի սպաս անոնց միսիոներական գործունէութիւններուն համար ապահովեցնելով բոլորին իր աղօթքը:

«Մեր առջեւ ունինք հետաքրքրական ուղեւորութիւն մը «պատրաստութիւնը 2019 հոկտեմբերի «Միսիոներական արտակարգ ամիսին» որ ես ինքս հաստատեցի 2017-ի միսիոներական համաշխարհային օրուան առթիւ» ըսաւ Քահանայապետը քաջալերելով ներկաները քաջութեամբ ապրիլ այդ ձեռնակին նախապատրաստական ընթացքը զայն նկատելով որպէս մեծ հնարաւորութիւն՝ վերանորոգելու համար համայն եկեղեցւոյ միսիոներական յանձնառումը :

Սրբազան քահանայապետը ապա զգուշացուց՝ քահանապետական միսիոներական գործունէութիւնները լոկ «նիւթական օժանդակութիւններ» մատուցող հաստատութիւն վերածելէ,  կարեւորելով աշխարհի մէջ եկեղեցւոյ միսիոնարականութեան աւետարանական վերարժեւորումի անհրաժեշտութիւնը:

Վերարժեւորումի գործընթացէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց նորոգել, ոչ միայն հինը այլ թոյլ տալ Սուրբ Հոգիին, որ ամէն բան նոր ստեղծէ եւ վերանորոգէ իրողութիւնները, քաջալերելով ներկաները որ չի վախենան բոլոր այն նորութիւններէն որոնք յառաջ կու գան Յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսէն:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ 2019-ին միսիոներական հոկտմբեր ամսուն «մկրտեալներ եւ առաքուածներ. Քրիստոսին եկեղեցին աշխարհի համար առաքելութեան մէջ » նիւթին նշելով որ այդ նիւթի ընտրանքը կ՝ընդգծէ առաքելութեան առաքումը, որ կոչում մըն է՝ հաստատուած մկրտութեան խորհուրդին մէջ եւ կը պատկանի բոլոր մկրտեալներուն:

«Մենք բոլորս առաքեալներ ենք, որովհետեւ Աստուծոյ հաղորդուած սէրն ենք, Աստուծոյ սրբութիւն ենք՝ ստեղծուած անոր պատկերին համաձայն» - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ ակնարկեց քահանայապետական միսիոներական գործունէութիւններու վերարժեւորումի գործընթացին, նշելով որ այդ կը նշանակէ լրջութեամբ եւ քաջութեամբ ի միտ ունենալ իւրաքանչիւրին եւ համայ եկեղեցւոյ սրբութիւնը, որպէս ընտանիք ու մէկ հասարակութիւն: ՝

Ֆրանչիսկոս Պապ քահանայապետական միսիոներական գործունէութիւններուն ղեկավարներուն դիտել տալով որ անոնք չ՝ունին ծախելիք առարկաներ այլ ունին հաղորդելիք կեանք մը, որ է Աստուածային կեանքը եւ Աստուծոյ ողորմած սէրն ու սրբութիւնը:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքին աւարտին անդրադարձ կատարեց նաեւ 2019ի հոկտեմբեր ամսոյն ընթացքին գումարուելիք «Ամազոնի» հայող եպիսկոպսոական սիւնհոդոսին նշելով որ այդ հաւաքը պիտի գումարուի աղօթելու ու միասնաբար խորհրդածելու ամազոնեան երկիրներու եւ աւետարանացումի մարտահրաւէրներու մասին, ապա հրաւիրեց ներկաները աղօթելու այդ դիտաւորութեամբ, հուսկ զանոնք յանձնեց Աստուածամօր ու այլ սուրբերու հովանիին ու բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2018, 14:12