Մարզանք Մարզանք 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Մարզանքը արժէքներու հարուստ աղբիւր մըն է»։

Նորին Սրբութիւնը կը յիշեցնէ նաեւ թէ սրբութեան ձգտելու համար եւս պէտք է մեր «լաւագոյնը տանք»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մարզանքը արժէքներու հարուստ աղբիւր մըն է ու առանց սահմանի վայր մը ուր կը փորձարկուի մրցակցութեան ուրախութիւնը». Սրբազան Քահանայապետին սոյն խօսքերը պարունակուած են Անոր, Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի վատիկանեան բաժանմունքի կառավարիչ Կարդինալ Ֆարրելին յղած մէկ նամակին մէջ, բաժանմունքին մարզանքի մասին հրապարակած մէկ փաստաթղթի մը առիթով։

Ունկնդրէ լուրը

Մարզանքը, կը հաստատէ Քահանայապետը, մարդոց միջեւ հանդիպումի վայր է, առանձնայատուկ վայր մը ուր չկայ ցեղային, սեռային, կրօնական կամ գաղափարական զանազանում եւ ուր կարելի է փորձարկել մրցակցութեան ուրախութիւնը, միասնաբար ձգտելով նպատակի մը՝ որուն կեդրոնականութիւնը «լաւագոյնը կատարելն է»։

«Արդարեւ, կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը, կեանքի ու մարզանքի մէջ վեհանձն ձգտումներուն կարելի է հասնիլ միասնաբար, խմբային կերպով»  ապա կը բացայայտէ թէ մարզանք կը նշանակէ նաեւ երիտասարդութիւն ու այս ուղղութեամբ կը շեշտէ մարդկային համապարփակ զարգացումի կարեւորութիւնը, ու մարզանքի ծիրէն ներս վեհանձնութեան, խոնարհութեան, զոհողութիւններուն, յարատեւութեան եւ ուրախութեան գործօնները։

«Մարզանքը մեզի կը սորվեցնէ զօրակցութիւն, ան նոյնիսկ կարող է ըլլալ առաքելութեան ու սրբութեան միջոց» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ մարզանքը կարող մեր առջեւ բանալ դէպի Քրիստոս տանող ճանապարհը ու դառնալ նաեւ միջոց աւետարանութեան։

Նորին Սրբութիւնը կը յիշեցնէ նաեւ թէ սրբութեան ձգտելու համար եւս պէտք է մեր «լաւագոյնը տանք» ու կը հրաւիրէ Եկեղեցին խորացնելու սերտ յարաբերութիւնը՝ որ գոյութիւն ունի կեանքի ու մարզանքի միջեւ, որպէսզի մարզանքի համար կատարուած ջանքերը ըլլան նաեւ խթան՝ բարելաւելու մենք մեզ որպէս անհատ, կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ։

«Մարզանքը հարուստ աղբիւր է արժէքներու ու առաքինութիւններու որոնք մեզ կ՛օգնեն, որպէսզի մարզիկի նման, մենք մեզ ու մեր կարողութիւնները աւելի լաւ ճանչնանք, ապա պայքարինք՝ որպէսզի ամէն օր բարելաւենք մենք մեզ» կը հաստատէ Սրբազան Քահանայապետը Կարդինալ Ֆարրելին ուղղած իր նամակին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2018, 13:19