Տուպլինի մէջ ընտանիքներու համաշխարհային հաւաք Տուպլինի մէջ ընտանիքներու համաշխարհային հաւաք 

Ֆրանչիսկոս Պապին Իրլանտա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը

Յառաջիկայ 25-26 օգոստոս 2018-ին, Տուպլինի մէջ տեղի կ՝ունենայ ընտանիքներուն համաշխարհային 9-րդ հաւաքը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 11 յունիս 2018-ին, լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, յառաջիկայ 25-26 օգոստոս 2018-ին, Տուպլինի ընտանիքներուն համաշխարհային օրուան առիթով, առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը:

Տուպլինի ընտանիքներուն համաշխարհային հանդիպումի առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապին Իրլանտա կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը սկիզբ կ՝առնէ շաբաթ 25 օգոստոսին՝ առաւօտեան, ժամը 8,15-ին, Հռոմի «Ֆիումիչինօ» միջազգային օդակայանէն, ուր թռիչքով կը մեկնի Տուպլին: Տուպլինի օդակայան ժամանումին Սրբազան քահանայապետը կը փոխադրուի Արաս Ան Ոուշթարին շրջանին մէջ գտնուող նախագահական պալատ, որուն մուտքին տեղի կ՝ունենայ ֆրանչիսկոս Պապին ի պատիւ բարի գալուստի արարողութիւն, որմէ ետք Սրբազան Հայրը քաղաքավարական այցելութիւն կը շնորհէ Իրլանտայի նախագահին:

Իրլանտայի նախագահին տուած այցելութենէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի Տուպլինի դղեակը, ուր կը հանդիպի երկրի իշխանութիւններուն, ընկերային քաղաքացիական եւ դիւանագիտական մարմնին անդամներուն, անոնց ուղղելով պատգամ մը, որուն աւարտին նախատեսուած է որ Ֆրանչիսկոս Պապ առանձնական հանդիպում ունենայ Տուպլինի հիւրընկալութեան կեդրոնին մէջ գտնուող անօթեւան ընտանիքներուն, որմէ ետք ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի Քորք անուան մարզադաշտ, ուր իր մասնակցութիւնը կը բերէ ընտանիքներու համաշխարհային հանդիպումի օրուան առթիւ կազմակերպուած տօնակատարութիւններուն, փոխանցելով ներկաներուն իր սրտի խօսքը :

Կիրակի 26 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Պապ թռիչքով կը ժամանէ Քնոք քաղաք, ուր կ՝այցելէ քաղաքի սրբավայրը, ուրտեղէն կ՝արտասանէ նաեւ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որմէ ետք կը վերադառնայ Տուպլին քաղաք եւ հոն կը կը կատարէ կէսօրուան ճաշը՝ քահանայապետական պատուիրակութեան անդամներուն հետ:

Յետմիջօրէին ժամը 15-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ Տուպլինի Ֆոնիքս հանրային պարտէզին մէջ կը նախագահէ Սուրբ Պատարագին արարողութեան, որմէ ետք Տոմինքեան քոյրերուն վանքին մէջ կը հանդիպի եպիսկոպոսներուն անոնց ուղղելով պատգամ մը

Տուպիլնի օդակայանին մէջ կայանալիք հրաժեշտի արարողութենէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապ թռիչքով վերադարձ կը կատարէ Հռոմի Չիամբինօ օդակայան՝ որուն ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան ժամը 11,00ին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2018, 10:58