Գաղթականներու լուսանկար Գաղթականներու լուսանկար 

Պապին պատգամը գաղթականութեան հայող Սուրբ Աթոռ-Մեքսիքօ երկխօսութեան մասնակիցներուն

Գաղթականութեան հարցը թիւերու հարց չէ, այլ գաղթականները անհատներ են, որ ունին իրենց պատմութիւնը, մշակոյթը, զգացումներն ու ձգտումները:

Վազգէն Աբարդեան- Վատիկան

Հինգշաբթի, 14 յունիս 2018-ին, Վատիկանի Գիտութիւններու կաճարին «Պիոս Դ» անուան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային գաղթականութեան հայող Սուրբ Աթոռ-Մեքսիքօ Բ երկխօսութեան հանդիպումը, կազմակերպութեամբ Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութեան բաժանմունքի եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Մեքսիքոյի հիւպատոսութեան, համագործակցութեամբ Քահանայապետական գիտութիւններուն կաճարին եւ մարդկային համապարփակ զարգացման՝ գաղթականութեան եւ ապաստանեալներուն բաժանմունքին։

Այս առթիւ Պետութիւններու հետ յարաբերութեան բաժանմունքի քարտուղար ՝Գերապայծառ Փոլ Կալլակեր ընթերցեց Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը որուն մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք յիշեալ կլոր սեղանի կազմակերպիչներուն եւ զրուցողներուն, նկատել կու տայ որ բանակցութիւնները տեղի կ՝ունենան Սուրբ Աթոռի եւ Մեքսիքոյի միջեւ դիւանագիտական կապերու հաստատման 25 ամեակի ծիրէն ներս այս մէկը առիթ նկատելով ամրապնդելու եւ վերանորոգելու Սուրբ Աթոռի Եւ Մեքսիքոյի միջեւ համագործակցութիւնը ՝ միասնաբար աշխատելու կարիքաւորներուն եւ ընկերութեան մեկուսացեալներուն ի նպաստ:

Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով միջազգային ընտանիքի կողմէ քննարկուած գաղթականութեան հայող հարցերուն եւ այս ուղղութեամբ որդեգրուելիք համաձայնութիւններուն՝ «ապահով գաղթականութեան համար», քաջալերեց ներկաները աշխատելու, որպէսզի այդ համաձայնութիւնները իրենց ներշնչումը գտնեն արդարութեան, զօրակցութեան ու կարեկցութեան արժէքներուն մէջ, ընդգծելով նաեւ մտայնութեան փոփոխութեան կարեւորութիւնը՝ ուրիշը չնկատելու որպէս վտանգ մեր հանգստաւէտութեան համար այլ որպէս մեր ընկերութեան հարստութեան խթանում:

Ինչ կը հայի ժամանակից գաղթականութեան հոսքին, Ֆրանչիսկոս Պապ անհրաժեշտ նկատեց միջազգային ընտանիքին համագործակցութիւնը ու օժանդակութիւնը՝ սկսեալ գաղթականին ծննդավայրէն, մինչեւ անոր գաղթած երկերը , դիտել տալով թէ այս բոլոր հանգրուաններու մէջ գաղթականը խոցելի է մինակ է ու ինքզինք կղզիացած կը զգայ:

Ի վերջոյ ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ գաղթականութեան հարցը թիւերու հարց չէ, այլ գաղթականները անհատներ են որ ունին իրենց պատմութիւնը, մշակոյթը, զգացումներն ու ձգտումները:

«Անոնք մեր եղբայրներն ու քոյրերը են որոնք կարիքը ունին մեր յարատեւ պաշտպանութեան՝ անկախ իրենց գաղթականութեան իրավիճակէն», գրած է Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ շեշտը դնելով գաղթականներուն հիմնական իրաւունքներու ու արժանապատուութեան պաշտպանութեան վրայ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ժողովականներէն խնդրեց որ յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերեն գաղթական մանուկներուն անոնց ընտանիքներուն ինչպէս նաեւ բոլոր այն գաղթականներուն որոնք թիրախ են մարդավաճառութեան:

Պատգամին աւարտին, շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ՝ ներկաներուն աշխատանքներուն եւ մատուցած ծառայութեան համար, հրաւէր ուղղեց որ անոնք շարունակեն ջանք թափել ընդառաջելու համար մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն աղաղակին, ապա բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2018, 10:56