Որոնել

SWITZERLAND-VATICAN-RELIGION-POPE SWITZERLAND-VATICAN-RELIGION-POPE 

Ֆրանչիսկոս Պապի Ժընեւ ուխտագնացութեան աւարտի շնորհակալական խօսքը։

Տէրը թող առաջնորդէ ձեր ուղեւորութիւնը յատուկէն համամիութենական ուղին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Քալենք աղօթենք ու գործենք միասին» բնաբանով Նորին Սրբութեան համամիութենական այցելութիւնը Ժընեւ վերջ գտաւ 21 յունիս 2018-ի երեկոյեան, «Palexpo» մարզահամալիրին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագով, որուն աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Զուիցերիոյ թեմերու բոլոր հաւատացեալներուն, եպիսկոպոսներուն ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ համադաշնակցային կառավարութեան, «անգնահատելի եւ ազնիւ գործակցութեան» համար:

Սրբազան Պապը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Գերապայծառ Մորերոտին եւ Լոզան-Ճընեւ-Ֆրիպուրկ թեմի հասարակութեան: Շնորհակալութիւն ձեր հիւրընկալութեան, պատրաստութեան եւ աղօթքին համար ու կը խնդրեմ հաճեցէք շարունակել աղօթել:

Ես եւս պիտի աղօթեմ ձեզի համար, որպէսզի Տէրը առաջնորդէ ձեր ուղեւորութիւնը յատուկէն համամիութենական ուղին: Իմ գնահատանքի ողջոյնս կը փոխանցեմ Զուիցերիոյ թեմերու բոլոր հովիւներուն եւ եպիսկոպոսներուն, ինչպէս նաեւ այն բոլոր հաւատացեալներուն որոնք ժամանեցին Զուիցերիա, ֆրանսայի եւ այլ երկիրներուն բոլոր շրջաններէն:

Կ՝ողջունեմ նաեւ այս գեղեցիկ քաղաքի բնակիչները, ուր ճիշդ 600 տարիներ առաջ բնակեցաւ Մարթինօ Ե Պապը եւ ուր կարեւոր միջազգային հաստատութիւններ ունին իրենց կեդրոնները, որոնց շարքին աշխատանքի միջազգային կազմակերպութիւնը որուն հիմնադրութեան հարիւր ամեակը պիտի նշուի գալ տարի»:

Խօսքին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Զուիցերիոյ համադաշնակցային կառավարութեան՝ անգնահատելի եւ ազնիւ համագործակցութեան համար ապա ուղղուեցաւ աւանդատուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2018, 09:49