Ֆրանչիսկոս Պապ վերադարձաւ Վատիկան։

Վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին որպէս «համամիութեան ուխտաւոր» միջազգային 23-րդ ճամբորդութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

21 յունիս 2018-ի երեկոյեան 21.10 անց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետն ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը փոխադրող օդանաւը վայրէջք կատարեց Հռոմի Չամփինօ օդակայան, վերջ տալով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Քահանայապետութեան միջազգային 23-րդ ճամբորդութեան, որ զինք՝ մէկ օրով առաջնորդած էր Ժընեւ որպէս «համամիութեան ուխտաւոր», նշելու համար Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի հիմնադրութեան ու գործունէութեան 70 ամեակը։

Զուիցերիայէն մեկնումէն ետք Նորին Սրբութիւնը հեռագիր մը յղեց Զուիցերիոյ համադաշնութեան նախագահին, որուն մէջ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց՝ իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան համար, բոլոր Զուիցերացիներուն ապահովելով իր աղօթքները ու Աստուածային օրհնութիւնը։ Սաւառնելով հուսկ Իտալիոյ օդային տարածքին վրայէն Սրբազան Պապը այլ հեռագիր մը յղեց Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահին, որուն մէջ  նշեց թէ վերադարձ կը կատարէ Ժընեւ կատարած առաքելական ճամբորդութիւնէն, ուր «ուրախութիւնը ունեցաւ հանդիպելու բնակչութեան ու տարբեր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, որոնք յանձնառու են խաղաղութեան եւ միութեան ուղեւորութեան մէջ»։

Սրբազան Պապը հուսկ Նախագահին ու համայն Իտալացի ժողովուրդին փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները անոնց եւս ապահովեցնելով յատուկ աղօթք ի սպաս Իտալացի ազգի բարօրութեան։

Իտալիոյ Նախագահ Մաթթարելլան,  իր կարգին, Սրբազան Քահանայապետին յղեց բարի վերադարձի հեռագիր մը, որուն մէջ նշեց. «Երկխօսութիւնը զոր դուք կը խթանէք մարդկային խիղճերուն, ցոյց կու տայ թէ միութեան եւ հաշտութեան արժէքները հիմնական են՝ յաղթահարելու համար ժամանակակից համաշխարհային մարտահրաւէրները»։ 

Նախ քան Վատիկան վերադարձը Նորին Սրբութիւնը, սովորութեան համաձայն, այցելեց Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքան, աղօթելով Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ առ ի շնորհակալութիւն ճամբորդութեան յաջողութեան համար։

«Քալենք, աղօթենք եւ գործենք միասին» բնաբանով, համամիութենական բնոյթ ունեցող Քահանայապետական 23-րդ սոյն ճամբորդութիւնը այլ քայլ մը արձանագրեց քրիստոնեաներու միութեան ուղիին վրայ, ուր Ֆրանչիսկոս Պապ, այլ քրիստոնեայ դաւանանքներու ներկայացուցիչներու հետ միասին, աղօթեցին ու հայցեցին սուրբ Հոգւոյն շնորհքը վասն քրիստոնեաներու միութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2018, 08:00