Որոնել

Համամիութենական հանդիպում Համամիութենական հանդիպում 

Ֆրանչիսկոս Պապ «աղօթքը համամիութեան թթուածինն է»

Աղօթենք եւ միասնաբար գործենք, որպէսզի Աստուծոյ օգնութեամբ միութիւնը ծաղկի եւ աշխարհը հաւատայ :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 21 յունիսին՝ յետմիջօրէին, Ճընեւ կատարած համամիութենական այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ ԵՀԽ կեդրոնի «Վիսսեր Հուֆդ» անուան դահլիճին մէջ մասնակցեցաւ համամիութենական հանդիպումին, որուն առթիւ ի մէջ այլոց խօսք առաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնելով ԵՀԽ-ի քարտուղար՝ Վերապատուելի Տոքթ. Օլավ Ֆիսք Թուէյթի, ԵՀԽ-ի հիմնադրութեան 70 ամեակին առիթով իրենց ուղղած հրաւէրին համար:

Ունկնդրէ լուրը

Ան ապա նշեց, որ Սուրբ Գիրքի մէջ 70 տարին կը յիշեցնէ բոլորուած ժամանակի ժամանակամիջոց: 70 թիւը նաեւ թիւ մըն է, որ կը յիշեցնէ աւետարանի երկու հռչակաւոր հատուածներ: Առաջին՝ Տէրը մեզի պատուիրեց ներել ոչ միայն եօթը անգամ այլ 70 անգամ եօթը: (Մատթ 18,22):
Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել կու տայ , որ թիւը ցոյց չի տար քանակի չափանիշը, այլ կը բանայ որակային հորիզոն մը: Անիկա արդարութեան չափանիշը չէ այլ կը բանայ եղբայրասիրութեան անծայրածիր չափանիշի մը որ կարող է ներելու առանց սահմաններու, եղբայրսիրութիւն մը որ հակամարտութիւններու երկար տարիներէ ետք մեզի թոյլ կու տայ՝ միասին գտնուելու որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր՝ երախտապարտ Հօր Աստուծոյ:
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց որ եթէ հոս կը գտնուինք, այս մէկը կը պարտինք մեր նախնիներուն որոնք նախընտրեցին ներողամտութեան ուղին եւ իրենց կեանքը սպառեցին՝ Տիրոջ կամքին ընդառաջելու համար, որպէսզի բոլորս մէկ բան ըլլանք: (Յովհ 17,21).
70 թիւը կը խորհրդանշէ նաեւ աւետարանական երկրորդ իրողութիւն մը: 70 առաքեալները, որ Յիսուս առաքեց քարոզութեան եւ որոնք յատուկէն կը յիշատակուին Արեւելքի քրիստոնէական աշխարհին մէջ:

Ֆրանչիսկոս Պապ հարց տալով թէ ինչպէս կրնան քրիստոնեաները աւետարանել եթէ իրենց միջեւ բաժնուած են, դիտել տուաւ որ այս շտապ հարցականը ուղեցոյց է առաքելութեան ուղեւորութեան եւ թարգման է Տիրոջ աղօթքին, որպէսզի մէկ ըլլան եւ աշխարհը հաւատայ (Յովհ 17,21).
Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Համամիութիւն եւ առաքելութիւն կապին շետշը դրաւ աւետարանումի նոր սլացքի անհրաժեշտութեան վրայ հաստատելով որ «եթէ աճ գտնէ միսիոնարականութեան սլացքը, կ՝աճի նաեւ մեր միջեւ միութիւնը: Ինչպէս ի սկզբանէ աւետարանումը նշեց եկեղեցւոյ գարունը, այսպէս նաեւ աւետարանումը պիտի նշէ համամիութենականութեան նոր գարունի ծաղկումը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը կեդրոնացուց ԵՀԽ-ի 70 ամեակի հանդիսութեան բնաբանին վրայ «Քալել, աղօթել ու գործել միասին»
Ընթանալ: Քալել երկու ուղղութեամբ՝ դէպի ներս եւ դէպի դուրս։ Դէպի ներս որպէսզի ուղեւորուինք միշտ դէպի կեդրոն, մենք մեզ ճանչնալու համար՝ Յիսուսի միակ որթատունկի որպէս ճիւղ:
Դէպի դուրս: Դէպի բազմաթիւ այսօրուան գոյութենականութեան արուարձաններ, միասնաբար տանելու համար Աւետարանի ամոքիչ շնորհքը տառապող մարդկութեան:
Աղօթել: Աղօթքը համամիութեան թթուածին է : Առանց աղօթքի հաղորդութիւնը չի յառաջանար: Աղօթել՝ Սուրբ Հոգիին շունչին արգելք չի հանդիսանալու համար:
Միասին աշխատիլ: Այս առնչութեամբ ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Կաթողիկէ եկեղեցին կը ճանչնայ կարեւորութիւնը, հաւատք եւ սահմանադրութիւն յանձնախումբի աշխատանքներուն եւ կը փափաքի շարունակել նպաստել ՝որակաւոր Աստուածաբաններու մասնակցութեամբ:

Ֆրանչիսկոս Պապ իր գնահատանքը յայտնեց Պոսսէյ համամիութեան հաստատութեան դերակատարութեան, երիտասարդ սերունդներէն համամիութենական պատասխանատու հովիւներ կազմելու ծիրէն ներս, դիտել տալով որ Կաթողիկէ եկեղեցին բազմաթիւ տարիներէ ի վեր կը գործակցի Պոսյէ հաստատութեան կրթական բաժանմունքի հետ՝ կաթողիկէ դասատուի մը ներկայութեամբ:
Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ Աւետարանի քարոզչութեան նշելով որ Աւետարանի հաւաստիութիւնը կը փորձարկուի անսալով աշխարհի բոլոր վայրերուն մէջ գտնուող ՝ անիրաւաբար զոհ գացած մարդոց եւ մեկուսացումի մէջ գտնուող անձերու ճիչերուն, այս ծիրէն ներս մատնանշելով, թէ աղքատութիւնը յաճախ պատճառ կը դառնայ հակամարտութիւններուն :
Սրբազան Հայրը ակնարկեց հուսկ աշխարհի մէջ տիրող հարցերուն ուր դիւրաբեկները միշտ առ աւելիով մեկուսացուած վիճակի մէջ կը գտնուին
ուր բազմաթիւ եղբայրներ եւ քոյրեր հալածուած են իրենց քրիստոնեայ ըլլալուն համար ու յորդորեց նեցուկ կանգնիլ անոնց, հիմնուելով «արեան համամիութեան» վրայ որ կը խրախուսէ յառաջ ընթանալու:
Սրբազան Պապը քաջալերեց շրջանցել միակողմանի շահերը, տխուր երեւոյթ նկատելով այն մարդոց համոզմունքը որ իրենց առանձնաշնորհումները կը նկատեն Աստուածային նախասիրութեան զուտ նշաններ, փոխանակ նկատելու զանոնք որպէս կոչ՝ պատասխանատուութեամբ ծառայելու մարդկային ընտանիքին եւ արարչագործութեան պահպանումին:
«Եթէ ծառայութիւն մը կարելի է իրականացնել, ուրեմն ինչու զայն չծրագրենք ու չկատարենք միասնաբար, փորձարկելով աւելի ընդլայնուած եղբայրութիւն մը սիրոյ շօշափելի գործերով» յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը աւարտեց ըսելով. Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր իրարու օգնենք ընթանալու. Աղօթելու եւ միասին աշխատելու համար որպէսզի Աստուծոյ օգնութեամբ միութիւնը ծաղկի եւ աշխարհը հաւատայ :

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2018, 16:29