Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին ճամբորդութիւնը Ժընեւ Ֆրանչիսկոս Պապին ճամբորդութիւնը Ժընեւ 

Ֆրանչիսկոս Պապը Ժընեւի մէջ որպէս «Համամիութեան ուխտաւոր»։

«Զուիցերիան Ֆրանչիսկոս Պապէն կը սպասէ ուրախութեան եւ յոյսի պատգամ մը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 21 յունիս 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը միօրեայ ուխտագնացութեամբ կը մեկնի Ժընեւ ու իր կեցութեան ընթացքին յատուկ այցելութիւն կը կատարէ Եկեղեցիներու համաշխարհային Խորհուրդի կեդրոնատեղիին, անոր հիմնադրութեան 70-րդ տարեդարձին առիթով։

Պօղոս Զ Ժընեւ այցելած է 1969-ին։

Սրբազան Քահանայապետին սոյն այցելութիւնը կը հանդիսանայ Քահանայապետի մը Ժընեւ կատարած  չորրորդ ճամբորդութիւնը։ Առաջինը եղած է Պօղոս Զ-ը որ 1969-ի Յունիս 10-ին, Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան 50 ամեակին առթիւ, մեկնեցաւ Ժընեւ ու առիթէն օգտուելով այցելութիւն տուաւ նաեւ ԵՀԽ կեդրոնատեղիին։

Յովհաննէս Պօղոս Բ երկու անգամ այցելած է քաղաքը։

Յովհաննէս Պօղոս Բ եւս 2 անգամ այցելեց Զուիցերական քաղաքը։ Առաջինը նախատեսուած էր 1981-ին, սակայն 13 մայիսին իր դէմ գործադրուած մահափորձի պատճառաւ, ճամբորդութիւնը յետաձգուեցաւ մինչեւ 15 յունիս 1982-ին, որուն ընթացքին Սրբազան Հայրը  այցելեց Ժընեւի Կարմիր Խաչի կոմիտէն ու Աշխատանքի Կաթողիկէ Միջազգային Կազմակերպութեան կեդրոնը, իսկ երկու տարիներ ետք՝ 12 Յունիս 1984-ին, Ժընեւ կատարած երկրորդ ճամբորդութեան ընթացքին Ան այցելեց  Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կեդրոնատեղին ու Պոսսէյի համամիութենական հաստատութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ համամիութեան ուխտաւոր

Իսկ յառաջիկայ օրերուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, համամիութենական բնոյթ ունեցող կարեւոր մէկ ճամբորդութեամբ,  Եկեղեցիներու համաշխարհային Խորհուրդի հիմնադրութեան 70րդ տարեդարձին առիթով,  պիտի այցելէ Խորհուրդի Ժընեւի կեդրոնատեղին։

Համամիութենական ուխտագնացութիւն մը, ամրապնդելու համար քրիստոնեաներու միջեւ միութեան կապերը, նման 2016-ին Շուէտ կատարած ճամբորդութեան, Լուտերական Եկեղեցւոյ Բարեկարգումի 500-րդ տարեդարձին առթիւ ու նման Ֆրանչիսկոս Պապին Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Կիւրեղի հետ Քուպայի մէջ ունեցած պատմական հանդիպումին ու Անոր Բարթողոմէոս Ա-ի հետ ունեցած եղբայրական կապերուն։

ԵՀԽ կատարելիք այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Հարաւային ու Հիւսիսային Քորէայէն ժամանած մէկ քրիստոնեաներու պատուիրակութեան հետ որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 15 յունիսին սկիզբ առնող համամիութենական հաւաքին։

Ժընեւի այցելութեան կեդրոնական նիւթը կը մնայ խաղաղութիւնը ու եկեղեցիներու աջակցութիւնը գաղթականներուն։ Արդարեւ ԵՀԽ մաս կազմող 350 եկեղեցիներու մեծամասնութիւնը կը պատկանի Ասիական ու Ափրիկեան իրականութիւններուն, ցամաքամասեր ուրտեղէն յաճախ կը մեկնին գաղթականները։

Սուրբ Պատարագ

Միօրեայ սոյն այցելութեան ծիրէն ներս, որպէս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Տիեզերական հովուապետ, Ֆրանչիսոս Պապ Ժընեւի «Palaexpo» համալիրին մէջ պիտի գլխաւորէ Սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն համայն Զուիցերիայէն ժամանած հաւատացեալներ։

«Զուիցերիան Ֆրանչիսկոս Պապէն կը սպասէ ուրախութեան եւ յոյսի պատգամ մը» ըսած է այս ճամբորդութեան առթիւ Ժընեւի եպիսկոպոսը՝ գերապայծառ  Շարլ Մորերոտ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2018, 08:38