Ֆրանչիսկոս Պապին զրոյցը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին զրոյցը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապին զրոյցը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ։

«Այսօր կայ մարդկային իրաւունքներու տագնապ մը» ըսաւ Սրբազան Պապը ընդգծելով թէ բոլոր եկեղեցիները պէտք է ըլլան խաղաղութեան եկեղեցիներ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ժընեւի ուխտագնացութենէն դէպի Հռոմ առաջնորդող թռիչքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զրուցելով իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ անդրադարձաւ գաղթականութեան, երկխօսութեան ու համամիութեան նիւթերու մասին ու շեշտը դրաւ «յոյսի իրաւունքի» ուժ պարգեւելու անհրաժեշտութեան վրայ, ի տես «մարդկային իրաւունքներու» տագնապին։

«Կ՛ուզեմ ձեզի ըսել վերջին խօսք մը. Այսօր եղաւ համամիութենական օր մը։ Ճաշի ընթացքին համաձայն գտնուեցանք մէկ իրողութեան մը վրայ որ ձեզի կը թողում որպէսզի խորհրդածէք անոր վրայ. «Այս համամիութենական շարժումի մէջ հարկաւոր է բառարանէն ջնջել բառ մը. «հոգեորսորդութիւն» բառը, որովհետեւ կարելի չէ միաժամանակ համամիութենական ու «հոգեորսորդ» ըլլալ, կամ համամիութենական հոգի ունիս կամ մարդորսորդ ես»։ Այս խօսքերով է որ Սրբազան Քահանայապետը աւարտեց լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցը որմէ ետք ուզեց յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել նաեւ գերապայծառ Անճելօ Պեչչուին՝ «Պետքարտուղարութեան տեղապահը՝ որ յառաջիկայ օրերուն կ՛աւարտէ այս պաշտօնը ու կը ստանձնէ «Սուրբերու Դատերու Ժողովի» կառավարիչի նոր պաշտօնը եւ որ վերջին անգամ ըլլալով իր տեղապահի պաշտօնի բերումով կը մասնակցի քահանայապետական առաքելական ճամբորդութեան մը։

Զրոյցի ընթացքին շօշափուած նիւթերէն մին եղաւ նաեւ երիտասարդներուն նկատմամբ մտահոգութիւնները։ Սրբազան Քահանայապետը մի քանի անգամներ կրկնեց «հանդիպումի» արժէքի կարեւորութիւնը, ընդգծելով թէ իր ունեցած հանդիպումներու ընթացքին, ըլլայ Զուիցերիոյ համադաշնութեան նախագահին հետ, ըլլայ միւս եկեղեցական ներկայացուցիչներուն հետ, կեդրոնական տեղ գրաւեցին  երիտասարդները ու անոնց նկատմամբ մտահոգութիւնը։

«Բոլորս ալ մտահոգուած ենք անոնցմով» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ անցեալ Մարտ ամսուայ ընթացքին կայացած երիտասարդներու նախասիւնհոդոսական հաւաքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը  բերին աշխարհի զանազան վայրերէն քրիստոնեայ եւ այլ կրօնի պատկան 315 երիտասարդներ, հաստատելով թէ այդ հաւաքը հրահրեց յատուկ հետաքրքրութիւն։ 

Պատասխանելով ապա գաղթականներու մասին ուղղուած մէկ հարցուին, Նորին Սրբութիւնը վերահաստատեց՝ բազմաթիւ անգամներ կրկնած չափանիշերը։ Պատերազմէ ու անօթութենէն փախուստ տուող գաղթականներուն պէտք է երաշխաւորուին չորս բայեր  «հիւրընկալութիւն, ընկերակցութիւն, դասաւորում եւ ներառում», ամէն երկիր իր կարողութիւններու համաձայն։ Սրբազան Հայրը ապա իր կսկիծը արտայայտեց ի տես մարդավաճառներու գործած չարաշահումներուն ու բռնութիւններուն ու այս առընչութեամբ շեշտեց թէ «կառավարութիւնները պէտք է յանգին համաձայնութեամբ մը, նախ եւ առաջ կարճ ժամանակի մէջ այս տագնապը դիմագրաւելու համար, ապա ծրագրելու քաղաքականութիւններ հիմնական օրէն արմատախիլ ընելու գաղթականութեան երեւոյթը։  Այս ուղղութեամբ Սրբազան Պապին գաղափարը յստակ է «կրթութիւն երաշխաւորել ու աշխատանք ստեղծել  դժուարութեան մէջ գտնուող Երկիրներու մէջ, ըլլան անոնք Ափրիկեան կամ Լատինամերիկեան երկիրներ, վերջ դնելու համար գաղթականներու մարդավաճառութեան»։

Պատերազմի հարցը  դժուար լուծում ունի նշեց Նորին Սրբութիւնը ու դժուար կը լուծուի նաեւ քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած հալածանքը, սակայն անօթութեան հարցը կարելի է լուծել ու այս ուղղութեամբ միջազգային ընտանիքը պէտք է գործնական քայլեր որդեգրէ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ  գնահատեց ապա Իտալիոյ եւ Յունաստանի «վեհանձնութիւնը» գաղթականներուն օգնութիւն մատուցելու իրենց յանձնառումին համար եւ անոնց կից նշեց նաեւ Թուրքիան, Լիբանանը եւ Սպանիան։ Անդրադառնալով հուսկ Նախագահ Թրամփի Մեքսիքայէն ժամանող գաղթականներուն հայող վերջին որոշումին, Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց «ես համաձայն եմ Միացեալ նահանգներու եպիսկոպոսներուն հետ», որոնք դատապարտած էին այդ որոշումը։ 

Ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ խաղաղութեան ու մարդու իրաւունքներու մասին ու յատկապէս խաղաղութեան իրաւունքի մասին, դիտել տալով թէ շատ անգամ այս նիւթերը յարաբերական կը մնան։

«Այսօր կայ մարդկային իրաւունքներու տագնապ մը» ըսաւ Սրբազան Պապը ընդգծելով թէ բոլոր եկեղեցիները պէտք է ըլլան խաղաղութեան եկեղեցիներ ու այդ խաղաղութեան հոգիով պէտք է միանան ու գործեն միասին։ «Միութիւնը ի նպաստ խաղաղութեան» հաստատեց Սրբազան Հայրը մատնանշելով օրուան ընթացքին ունեցած հանդիպումներու զրոյցներուն։

«Խաղաղութիւնը անհրաժեշտ է» շեշտեց Սրբազան Պապը աւելցնելով թէ « հարկաւոր է հակամարտութիւնները լուծել բանակցութեամբ, երկխօսութեան ու միջնորդութեամբ եւ ոչ թէ Կայէնի նման»։

«Այսօր կայ նաեւ միջնորդութեան տագնապ մը» դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ բացայայտելով նաեւ թէ «կայ յոյսի տագնապ»։

Ակնարկելով հուսկ ծայրայեղական խմբակցութիւններուն, նաեւ կաթողիկէներու միջեւ, Նորին Սրբութիւնը դատապարտեց զանոնք, որովհետեւ, ըսաւ Ան, միայն կործանում ու աւէր կը յառաջացնեն, հուսկ այս վերջիններու դէմ թելադրեց խթանել մարդկային առաջին իրաւունքը՝ «յոյսի իրաւունքը»։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2018, 08:02