Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ժընեւի ԵՀԽ կեդրոնի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Ժընեւի ԵՀԽ կեդրոնի մէջ 

Ժընեւի մէջ Համամիութենական Աղօթք. Միասին Քալել։

«Քալենք միասին, աղօթենք միասին, գործենք միասին, ահա այս է մեր հիմնական ճանապարհը, որուն նպատակակէտն է միութիւնը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի հիմնադրութեան 70 ամեակին առիթով, Ժընեւ կատարած համամիութենական ուխտագնացութեան ծիրէն ներս, ԵՀԽ համամիութենական կեդրոնին մէջ, Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ հաշտութեան եւ միութեան աղօթքի արարողութեան, որուն առթիւ տեղի ունեցած համամիութենական աղօթքներէն ու Պօղոս առաքեալի Գաղատացիներուն ուղղած նամակի մէկ հատուածի  ընթերցումէն ետք, Ֆրանչիսկոս Պապ ներկայացուց յաուր պատշաճի քարոզը՝ խօսքը կեդրոնացնելով «միասին քալելու» կարեւորութեան վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ունկնդրեցինք Պօղոս Առաքեալի խօսքերը, ուղղուած Գաղատացիներուն, որոնք կը փորձարկէին ներքին պայքարի մը տառապանքը։ Այս ծիրէն ներս է որ Առաքեալը հրաւէր կ՛ուղղէ, երկու անգամ, «Առաջնորդուելու Հոգիով – Քալելու Հոգիին համաձայն», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դնելով «Քալել» բառին վրայ ու դիտել տալով թէ մարդը ուղեւորութեան մէջ դրուած էակ մըն է։ Բոլոր կեանքի ընթացքին ան կոչուած է քալելու, իր մօր արգանդէն հազիւ ծնած՝ մինչեւ այս երկրային կեանքէն հեռանալը։ Քալելը սակայն կարգապահութիւն է, յոգնութիւն է, որուն համար պէտք է ամենօրեայ համբերութիւն եւ մշտական մարզանք - ըսաւ Սրբազան Հայրը նկատել տալով թէ  այս կը պահանջէ նաեւ հրաժարիլ բազմաթիւ ճանապարհներէ, ընտրելու համար այն ճանապարհը որ մեզ կը տանի մեր նպատակին։

«Քալելը կը պահանջէ նաեւ խոնարհութիւն վերադառնալու մեր քայլերուն վրայ, հոգ տանելու համար մեր ճանապարհորդակիցներուն, որովհետեւ միայն միասին է որ կարելի է լաւ քալել։ Ի վերջոյ քալելը կը պահանջէ անձնական յարատեւ դարձ մը» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ սոյն դժուարութիւններու դիմաց շատեր կը նախընտրեն հրաժարիլ այս մէկէն ու կը փնտռեն կեանքի հանգստութիւնը։

«Աստուած ի սկզբանէ մեզ կոչած է քալելու» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով Աբրահամին որ թողուց իր երկիրը, Մովսէսին, Պետրոսին ու Պօղոսին, ինչպէս նաեւ Յիսուսին՝ որ իր աստուածային բնութենէն դուրս գալով մարդեղացաւ ու քալեց մեր հետ, Ինք՝ որ է Ճանապարհ։ «Ու երբ վերադարձաւ իր Հօր մօտ մեզի պարգեւեց Սուրբ Հոգին, որպէսզի մենք եւս ուժը ունենանք քալելու այդ ուղղութեամբ։ Քալելու Հոգւոյն համաձայն»  յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով Քրիստոնեայի կոչումին՝ այն է «թոյլ տալ որ Հոգին առաջնորդէ մեզ ու չի հպատակիլ աշխարհիկ հանգստութիւններուն, որոնք մեզ սպառողականութեան ստրուկ կը դարձնեն, ուր «Աստուծոյ ձայնը անլսելի կը դառնայ եւ ամէն ինչ կը կորսնցնէ իր նշանակութիւնը»։

«Սուրբ Հոգւոյն համաձայն քալելը կը նշանակէ մերժել աշխարհիկութիւնը» ըսաւ Սրբազան Հայրը, կը նշանակէ ընտրել ծառայութեան տրամաբանութիւնը ու յառաջանալ ներումի ճանապարհին վրայէն, կը նշանակէ ըմբռնել Աստուծոյ խօսքը «պիտի սիրես քու ընկերդ քու անձիդ պէս»։

Սուրբ Հոգւոյն ուղին արդարեւ յատկանշուած է Պօղոս առաքեալի նշած անկիւնաքարերով. «Սէր- ուրախութիւն, հաւատք, հեզութիւն, խաղաղութիւն, համբերութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, ժուժկալութիւն (Գաղատացիք 5, 22)։

«Մենք կանչուած էք քալելու այդ ճանապարհէն որ կը պահանջէ յարատեւ դարձ ու մտայնութեան վերանորոգում, որպէսզի ան համակերպի Սուրբ Հոգւոյն մտայնութեան» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով դարերու ու պատմութեան հոլովոյթին քրիստոնեաներու միջեւ տիրող բաժանումներուն, որոնց դրդապատճառը եղած է միշտ «աշխարհիկ մտայնութիւնն ու տրամաբանութիւնը»։ «Իսկ համամիութիւնը մեզ կը մղէ քալելու Յիսուսի կամքին համաձայն, առաջնորդուած Սուրբ Հոգիէն» շարունակեց Սրբազան Հայրը դիտել տալով թէ «համամիութիւնը անշահ ու կորուստով յատկանշուած գործ է», թէեւ այդ կորուստը աւետարանական կորուստ է, ըսաւ Ան վերյիշելով Յիսուսին խօսքերը. «Ով որ կ՛ուզէ իր կեանքը փրկել, պիտի կորսնցնէ զայն, իսկ այն որ իր կեանքը կորսնցնէ ինծի համար պիտի փրկէ զայն (Ղուկ 9,24)։ 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ մատնանշեց միասին քալելու դժուարութեան մասին, յատկապէս երբ այդ ընթացքը յատկանշուած է «մասնական» շահերու փնտռտուքով։ Այս մէկը  հակառակ է Առաքեալի տրամաբանութեան որ կը քալէ Սուրբ Հոգւոյն համաձայն, բիւրեղացնելով սիրտը չարէն, ընտրելով Աւետարանի ճամբան ու մերժելով աշխարհիկ դիւրանցումները ըսաւ Սրբազան Հայրը հրաւիրելով «Եկեղցինրու Համաշխարհային  խորհուրդի 70 ամեակին առթիւ Սուրբ Հոգիէն խնդրել որ ուժեղացնէ մեր քայլը։

«Թող որ հեռաւորութիւնները արդարացում չ՛ըլլան. Կարելի է այսօրուընէ իսկ քալել միասին՝ Սուրբ Հոգւոյն համաձայն. Աղօթել, քարոզել, ծառայել միասին ու այս մէկը հաճելի պիտի ըլլայ Աստուծոյ։

«Քալենք միասին, աղօթենք միասին, գործենք միասին, ահա այս է մեր հիմնական ճանապարհը, որուն նպատակակէտն է միութիւնը» ըսաւ Սրբազան Հայրը նշելով թէ այս ճանապարհին հակառակ ճանապարհը՝ բաժանումն է, որ իր հետ կը բերէ պատերազմ ու կործանում։

«Տէրը մեզմէ կը պահանջէ յանձն առնել հաղորդութեան ճանապարհը, որ կը տանի խաղաղութեան» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ու շեշտեց. «Տէրը մեզմէ կը պահանջէ միութիւն, աշխարհը, որ յօշոտուած է բազմաթիւ բաժանումներէն, որոնք կը հարուածեն յատկապէս տկարները, կը հայցէ միութիւնը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը աւարտեց հաստատելով թէ ինք ուզեց այստեղ գալ որպէս ուխտաւոր՝ խաղաղութեան եւ միութեան փնտռտուքով, ապա գոհութիւն մատուցեց Աստուծոյ այդ շնորհքին համար ու հայցեց որ Խաչը ըլլայ ուղևորութեան կողմնորոշը, որովհետեւ այնտեղ՝ Յիսուսին միջոցաւ, խորտակուեցան բաժանումի պատնէշները եւ յաղթահարուեցան թշնամութիւնները։ «Խաչին մէջ մենք կը հասկնանք թէ մեր բոլոր տկարութիւններուն հանդերձ, ոչ մի բան կարող է մեզ բաժնել Անոր սէրէն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով քարոզը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2018, 11:44