Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին Ժընեւ այցի եզրափակիչ պատարագը Ֆրանչիսկոս Պապին Ժընեւ այցի եզրափակիչ պատարագը 

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Ժընեւ այցի եզրափակիչ պատարագի ընթացքին։

Չի կանգնինք կարծրացած հոգիի ետին, այլ կատարենք առաջին քայլը. Աղօթքի, եղբայրական հանդիպումի ու գործնական սիրոյ մէջ:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 21 յունիս 2018-ին, Սրբազան Քահանայապետը Ժընեւ կատարած համամիութեան ուխտաւորի միօրեայ այցելութիւնը եզրափակեց Ժընեւի «Palexpo» մարզահամալիրին մէջ մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեամբ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 40 հազարէ աւելի Զուիցերացի հաւատացեալներ։

Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց երեք բառերու վրայ «Հայր, Հաց եւ Ներում»։

«Երեք բառեր որ այսօրուայ Աւետարանը (Մատթ. 6, 7-15) մեզի կը նուիրէ եւ որոնք մեզ կ՛առաջնորդեն դէպի հաւատքին սիրտը» ըսաւ Սրբազան Հայրը ու խօսելով «Հայր» բառի մասին նշեց թէ այս բառը, որով կը սկսի «Հայր մեր» աղօթքը, Աստուծոյ սրտին մէջ մուտք գործելու բանալին է։ Յիսուս մեզմէ խնդրեց որ աղօթենք «Հար մեր որ  յերկինս ես եւ ոչ թէ Երկնքի Աստուած որ Հայր ես»։ Աստուած արդարեւ անհուն ու յաւերժական ըլլալէ առաջ Հայր է։  Անորմով  մենք սիրուած զաւակներ ենք։ Հայր մերը «ես»ի եւ «իմ»ի աղօթք մը չէ այլ «մեր»ի աղօթք է, Եկեղեցւոյ աղօթքը, եւ ամէն անգամ որ մենք խաչ կը հանենք կամ  «Հայր մերը» կ՛արտասանենք, կ՛ամրապնդենք մեր քրիստոնեայի արմատները,  որովհետեւ երբ Հայր մը կայ՝ ոչ մէկը բացառուած է,  որովհետեւ մենք ամէնքս անոր սրտին համար սիրուած զաւակներ ենք։

Չի յոգնինք ուրեմն «Հայր Մեր» ըսելէ, յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ «այս ընելով մենք կը հաստատենք  թէ ամէնքս մաս ենք միակ մարդկային ընտանիքին» ու յորդորեց  «ասկէ մղուած խնամք տանելու  իւրաքանչիւր եղբայրի, որովհետեւ այս է մեր Հօր խնդրանքը «սիրել զաւակներու սրտով, որպէս իրարու եղբայրներ»։

Հաց. Յիսուս մեզի կը յորդորէ ամէնօրեայ հացը խնդրել Հօրմէ։ Հացը որ էական է ապրելու համար։ Անհրաժեշտ կերակուր մը առօրեայի համար, որ սակայն կը պակսի  մեր բազմաթիւ եղբայրներու ու քոյրերու սեղաններէն։ «Ասոր համար վա՜յ անոր որ կը շահարկէ հացը։ Կերակուրը պէտք է մատչելի ըլլայ բոլոր ժողովուրդներուն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը  դիտել տալով թէ «հացը խնդրել Աստուծմէ կը նշանակէ նաեւ ըսել «Հայր օգնէ ինծի որ պարզ կեանք մը ունենամ», որովհետեւ, նկատել տուաւ Սրբազան Պապը, կեանքը դարձած է խրթին։ Վազվզուք առտուընէ իրիկուն, հազարւոր հեռաձայններու ու պատգամներու մէջ…«կեանքը լիացնող բազմաթիւ իրողութիւններ, որոնք սակայն կը պարպեն սիրտը, ասոր համար հարկ է ընտրել հացին պարզութիւնը, վերագտնելու համար լռութեան ու աղօթքի քաջութիւնը, որոնք իսկական մարդկային կանքի մը թթխմորն են» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը եւ աւելուց «հարկ է ընտել անհատները եւ ոչ թէ իրերը, որպէսզի աճին անձնական եւ ոչ թէ անիրական  (Վիրտուալ)  յարաբերութիւնները։  Պէտք է գնահատենք ամենօրեայ պարզ իրողութիւնները ու զանոնք պահպանենք» յորդորեց Սրբազան Պապը նշելով թէ առօրեայ հացը Յիսուսն է։ «Առանց Անոր ոչ մէկ բան կարող ենք կատարել. Ու եթէ զայն չենք համարեր մեր կեանքի կերակուրը, մեր օրուան կեդրոնը ու մեր առօրեայի շունչը, ամէն ինչ ունայն է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու խօսքը կեդրոնացուց «ներում» բառին վրայ, դիտել տալով թէ ներելը դժուար է, սակայն Տէրը այս կը պահանջէ  մեզմէ. «Եթէ դուք ներէք ուրիշներուն իրենց յանցանքները, ձեր Հայրը որ Երկինքն է պիտի ներէ ձեզի։

Ներումը «Հայր մեր» աղօթքի  պարտադիր դրոյթն է։ Աստուած մեր սիրտը կ՛ազատէ ամէն մեղքէ, կը ներէ ամէն ինչ ու մեզմէ կը պահանջէ միակ մէկ բան.  երբեք չի յոգնինք մեր կարգին ներում շնորհելէ ուրիշներուն։

Ներումը  կը  նորոգէ, հրաշքներ կը կատարէ։ Սուրբ Պետրոս այդ ներումը փորձարկեց ու դարձաւ իր հօտին հովիւը։ Սաւուղը եւս Սուրբ Ստեփանոսէն ներումը ընդունելէն ետք՝ դարձաւ Պօղոս  ու մեզմէ իւրաքանչիւրս որ ներում կ՛ընդունի Հօրմէ կը դառնայ նոր արարած, սիրելով եղբայրները։

Իրար զիրար ներելը ու դարերէ ետք մենք մեզ որպէս եղբայրներ վերագտնելը, մեզի միայն բարիք կը հասցնէ ու Հայր Աստուած կ՛ուրախանայ  երբ տեսնէ թէ մենք իսկական սրտով զիրար կը սիրենք ու կը ներենք մէկը միւսին  ու մեզի կը շնորհէ իր Հոգին։

«Հայցենք սոյն շնորհքը. Չի կանգնինք կարծրացած հոգիի ետին, այլ կատարենք առաջին քայլը. Աղօթքի, եղբայրական հանդիպումի ու գործնական սիրոյ մէջ։ Այսպէսով մենք կը դառնանք նման մեր Հօր որ կը սիրէ անվերապահօրէն։ Եւ Ան մեր վրայ պիտի զեղու միութեան Հոգին - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2018, 18:30