Ֆրանչիսկոս Պապին մեկնումը դէպի Ժընեւ Ֆրանչիսկոս Պապին մեկնումը դէպի Ժընեւ 

Սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին համամիութեան ուխտաւորի այցը Ժընեւ։

Համամիութենական ուխտագնացութեան բնաբանն է «Քալել, աղօթել, ու գործել միասին»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 21 յունիս 2018-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, միօրեայ ուխտագնացութեամբ մեկնեցաւ Ժընեւ որպէս ճամբորդութեան բնաբան ունենալով «Քալել, աղօթել, ու գործել միասին»։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիսանայ երրորդ Քահանայապետը որ կ՛այցելէ Ժընեւը։ Առաջինը եղաւ Պօղոս Զ Պապը՝ 1969ին, ապա Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ  որ երկու անգամ այցելեց քաղաքը՝ առաջինը՝ 1984-ին, ապա 2004-ին։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հօր սոյն ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ իր քահանայապետութեան միջազգային ճամբորդութիւններու 23-դը։ Անոր գլխաւոր նպատակն է քրիստոնեաներու միջեւ միութիւնը, ինչպէս ընդգծուած է՝ ըլլայ կարգախօսին, ըլլայ նշանաբանին մէջ։

Իտալիայէն դէպի Զուիցերիա փոխադրող թռիչքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը աւանդութեան համաձայն հեռագիր ուղղեց Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Սերճօ Մաթթարելլային որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը Անոր յայտնեց ուխտագնացութեան նպատակը՝ հանդիպիլ կաթողիկէ հասարակութեան ու յատկապէս ամրապնդել երկխօսութիւնը միւս եկեղեցիներուն հետ։ Ֆրանչիսկոս Պապ այս առթիւ նախագահին ու Իտալացի ժողովուրդին փոխանցեց հոգեւոր, քաղաքացիական ու ընկերային բարօրութիւն, շնորհելով նաեւ իր առաքելական օրհնութիւնները։

Սրբազան Քահանայապետն ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը փոխադրող օդանաւը  Ֆիումիչինօ օդակայանէն թռիչք առաւ  8.35-ին, ուղղուելով  Ժընեւի միջազգային օդակայան ուր ժամանումը նախատեսուած է 10.10 անց։

Իր կեցութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պիտի հանդիպի Զուիցերիոյ Դաշնութեան նախագահ՝ Տիար Ալէն Պերսեթի հետ, ապա ուղղուելով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի համամիութենական կեդրոն, ժամը 11.15-ին պիտի մասնակցի համամիութենական աղօթքի, որուն ընթացքին պիտի ներկայացնէ աւուր պատշաճի քարոզը։

Համամիութենական աղօթքի աւարտին Սրբազան Հայրը  Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ միասին պիտի բաժնեկցի եղբայրական ճաշը եւ յետմիջօրէին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այլ համամիութենական հանդիպումի մը։

Քահանայապետի ուխտագնացութիւնը վերջ պիտի գտնէ երեկոյեան 5.30-ին «Palaxpo» համալիրին մէջ  գլխաւորած Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ, որուն աւարտին  Ան հակիրճ հանդիպում պիտի ունենայ  Զուիցերիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն հետ, ապա պիտի ուղղուի  Ժընեւի օդակայան, ուր պաշտօնական արարողակարգի աւարտին, ժամը 20-ին, կը մեկնի, վերադարձ կատարելու Հռոմ  ապա Վատիկան ուր ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան 21.40-ին՝ Չամփինօ օդակայան։

Նշենք թէ Նորին Սրբութիւնը երէկ յետմիջօրէն, սովորութեան համաձայն, այցելեց Հռոմի Տիրամօր նուիրուած մայր Տաճար Սանթա Մարիա Մաճճորէն, ուր «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի» Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ  աղօթեց, Անոր հովանիին յանձնելով սոյն առաքելական ճամբորդութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

Photogallery

«Սալուս Փոփուլի Ռոմանի» սրբապատկերը
21/06/2018, 08:31