Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը «Emouna Fraternité Alumni» ընկերակցութեան:

Կրօնքը հարց մը չէ այլ մաս կը կազմէ հարցերու խաղաղ կարգաւորման:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 23 յունիս 2018-ին, Վատիկանի «Քահանայապետերու» անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց "Emouna Fraternité Alumni" ընկերակցութեան 22 անդամները:

Ունկդրէ լուրը

Ողջունելով յիշեալ ընկերակցութեան համանախագահները Սրբազան Հայրը իր ողջոյնները ուզեց փոխանցել ընկերակցութեան բոլոր անդամներուն ինչպէս նաեւ զանազան կրօնային եւ հոգեւորական հաստատութիւններու անդամներուն, որոնք կը գործակցին Emouna Fraternité Alumni" ընկերակցութեան հետ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ՝ ընկերակցութեան գոյութեան համար որ ծնունդ առած է Emouna – L’Amphi des religions”, ծրագրին ծիրէն ներս՝ առաջարկուած Փարիզի քաղաքական ուսմունքի համալսարանի բաժանմունքէն՝ համագործակցութեամբ Ֆրանսային մեծ կրօններուն, Ֆրանչիսկոս Պապ իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես ընկերակցութեան անդամներուն բաժնեկցութեան հոգիին համար որ կը ձգտի՝ զանազան կրօններուն անդամներուն միջեւ եղբայրական կապերը ամրապնդելու՝ խորանալով փնտռտուքի աշխատանքին մէջ:

Նորին Սրբութիւնը ապա յայտնեց որ ընկերակցութեան անդամներուն միջեւ այդ ամրապնդուած կապերը կը վկայեն, որ զանազան կրօններուն հաւատացեալներուն միջեւ երկխօսութիւնը անհրաժեշտ պայման է աշխարհի մէջ խաղաղութեան նպաստելու համար Ան ապա քաջալերեց ընկերակցութեան անդամները, շարունակելու ընթանալ այդ ուղղիին վրայէն խնամք տանելով երեք հիմնական կեցուածքներուն ՝ «ինքնութեան պարտականութիւն, տարբերութեան քաջութիւն եւ դիտաւորութեան հարազատութիւն»:

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ որ իսկական եղբայրութիւնը չէ կաելի ապրիլ եթէ ոչ ուրիշներուն նկատմամբ բացուածքով, որ միշտ անկեղծութեամբ կ՛ որոնէ՝ ինքզինք հարստացնել տարբերութիւններու միջոցաւ, որովհետեւ իւրաքանչիւրին բարիքը կը կայանայ բոլորին բարիքին մէջ:

Ան ապա խնդրեց ներկաներէն որ իրենց բարձր մակարդակի յարաբերութիւններով վկայեն, որ կրօնքը հարց մը չէ այլ մաս մըն է կարգաւորման, քաջալերեց ապա որ անոնք աճեցնեն հանդիպումի եւ երկխօսութեան՝ խթանելու համար խաղաղութիւնը եւ անուշութեամբ եւ յարգանքով պաշտպանելու իւրաքանչիւր կեանքի սրբութիւնը՝ ընդդէմ ամէն տեսակի ֆիզիքական, ընկերային, կրթական բռնութեան:

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց հայցելով բոլորին համար Աստուածային օրհնութիւնները, խնդրեց ինչպէս միշտ որ աղօթեն իրեն համար:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/06/2018, 12:59