Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը «Տիվին Վերպօ» միաբանութեան անդամներուն:

Վերպիթինի միաբանութեան էական խարիզմն է աւետել Աստուծոյ խօսքը բոլոր մարդոց՝ ամէն ժամանակի եւ վայրի մէջ, օգտագործելով նաեւ ամէն միջոց:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 22 յունիսին, Վատիկանի «Քլեմենթինա» դահլիճին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Divin Verbo» միաբանութեան աւելի քան 155 անդամները ՝ Հռոմի մէջ գումարած իրենց տարեկան ընդհանուր ժողովին առիթով:

Անոնց արտասանած խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով միաբանութեան կարգախօսին՝ « Քրիստոսի սէրը մեզ կը մղէ. խարսխուած Բանին մէջ, յանձնառու Անոր առաքելութեան մէջ» մատնանշեց թէ այս է որ կ՝առաջնորդէ միաբանութեան գործերը եւ ունի յստակ Պօղոսեան եւ առաքելական համ, նկատել տալով որ Քրիստոսի սէրն է, որ կը մղէ անհատական եւ հասարակաց վերանորոգումի՝ ամրապնդելու համար դուրս ելլելու յանձնառութիւնը եւ աւետարանը հռչակելու:

Նորին Սրբութիւնը ապա անհրաժեշտ նկատեց արմատներուն վերադառնալը՝ տեսնելու համար որն է կեանքի աւիշը, որ կեանք կու տայ միաբանութեան հասարակութիւններուն ու գործերուն, որոնց անդամները կը գործեն աշխարհի չորս ծագերուն մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ երեք բառերուն- վստահութիւն, աւետում եւ եղբայրներ:

Վստահութիւն Աստուծոյ եւ Աստուածային նախախնամութեան հանդէպ, որովհետեւ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ ապաւինումի գիտակցութիւնն է, որ էական է քրիստոնէական եւ կրօնաւորային կեանքին համար:

Սրբազան Հայրը յորդորեց որ պէտք է գիտակցիլ, մինչեւ ուր կը հասնի մեր վստահութիւնը Աստուծոյ, Անոր ողորմած եւ նախախնամական սիրոյ վրայ, հարց տալով որ արդեօք պատրաստակամ ենք մենք մեզ վտանգելու՝ քաջարի ու վճռակամ ըլլալու համար մեր առաքելութեան մէջ, քաջալերելով , չի վախնալ եւ ներփակուած չի մնալ ու արգելք չի հանդիսանալ Սուրբ Հոգիին ներգործութեան:

Ի վերջոյ Սրբազան Հայրը քաջալերեց միաբանութեան անդամները, վերանորոգելու իրենց վստահութիւնը Տիրոջ հանդէպ, առանց վախի դուրս ելլելու՝ վկայելու համար Աւետարանի ուրախութիւնը, որ շատերը երջանիկ կը դարձնէ::

Աւետում: ֆրանչիսկոս Պապ յարեց թէ Վերպիթինի միաբանութեան էական խարիզմն է աւետել Աստուծոյ խօսքը բոլոր մարդոց՝ ամէն ժամանակի եւ վայրի մէջ, օգտագործելով ամէն միջոց, կազմաւորելով առաքեալներու հասարակութիւն մը՝ միացած իրենց միջեւ ու Տիեզերական եկեղեցւոյ հետ :

Ան ապա յիշեց միաբանութեան հիմնադիրին խօսքը . գացէք ամբողջ աշխարհ եւ հռչակեցէք բարի աւետիսը ընդգծելով որ այս առաքելական յանձնառութիւնը, չի ճանչնար ոչ սահմաններ ոչ ալ մշակոյթներ, որովհետեւ համայն աշխարհը առաքելութեան հող է :

Երրորդ բառը եղբայրներ: Այս առնչութեամբ Սրբազան Հայրը ըսաւ: «Մենք մինակ չենք, մենք եկեղեցի ենք, ժողովուրդ մըն ենք: Մեր կողքին ունինք եղբայրներ ու քոյրեր որոնց հետ կը քալենք կեանքի ուղիին եւ մեր յատուկ կոչումին վրայէն, գեղեցիկ երեւոյթ նկատելով հասարակութիւնը մը, որ միացած կ՝ընթանայ եւ որոնց անդամները իրար զիրար կը սիրեն, հաստատելով որ այս է ամենամեծ աեւտարանացումը:

Ան ապա շեշտեց որ աշխարհը եւ եկեղեցին կարիքը ունին զգալու այս եղբայրական սէրը հակառակ՝ բազմազանային միջ-մշակութեան դիտել տալով որ միբանանութիւն մը որուն անդամները միացած են պիտի կարենան դիմագրաւել ամէն դժուարութիւն՝ դուրս ելլելու եւ հանդիպելու համար այլ եղբայրներուն, որոնք դուրսը կը գտնուին եւ մեկուսացուած վիճակի մէջ են՝՝ լքուած իրենց ճակատագիրին, ինչպէս նաեւ ոտնակոխուած անձնասէր շահագրգռութիւններէն, մատնանշելով որ ասոնք են մեր եղբայրները, որ կարիքը ունին մեր օգնութեան, Աստուծոյ ներկայութեան փորձարկումին:

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց Հայցելով Յիսուսի օրհնութիւնը, Վերպիթի համայն ընտանիքին խնդրելով Տիրամայրէն՝ Սուրբ Հոգիին Հարսէն, որ խնամք տանի բոլորին խնդրելով ներկաներէն որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2018, 13:30