Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի զեկոյցը ուժանիւթի փոխանցման շուրջ կայացած գիտաժովի մասնակիցներուն

Պէտք է միշտ նկատի ունենալ, որ կլիմայական փոփոխութիւններու առաջին զոհերը աղքատներն են:

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

Շաբաթ, յունիս 9ին, Ֆրանչիսկոս Պապ զեկոյց մը ուղղեց ուժանիւթի փոխանցման շուրջ կայացած գիտաժողովի մասնակիցներուն։ Ան գիտաժողովը նկատեց առիթ կարծիքներու եւ շահաւէտ փոխանակումի։
Ճարտարարուեստական-գիտական յառաջդիմութիւնը կʼարագացնէ ամէն տեսակի հաղորդակցութիւն։ Լուր մը՝ ճշմարիտ կամ սուտ, գաղափար մը՝ բարի կամ չար, մեթոտ մը՝ ազդու կամ ապակողմնորոշիչ, մէյ մը արձակուած՝ քանի մը երկվայրկեանի մէջ կը տարածուին։ Այս արագ ընթացքի հոսանքին մէջ են նաեւ մարդիկ, որոնք իրարու կը հանդիպին շատ արագ յաճախականութեամբ։
Տեղեկութիւններու, անհատներու եւ առարկաներու զանգուածներուն այս աշխուժ շարժումը կը պահանջէ միշտ աւելի մեծ ոյժ։ Մեր կեանքի միջավայրերու մեծ մասը պայմանաւորուած է ուժանիւթով եւ սակայն պէտք է նկատի առնենք, թէ որքան մեծ է թիւը այն մարդոց որոնք չունին ելեկտրականութեան մատչելիութիւն. ասոնք աւելի քան մէկ միլիարտ անհատներ են։
Այս իրականութենէն կը ծագի մարտահրաւէրը՝ յաջողիլ ապահովել հարկաւոր ուժանիւթի հսկայական քանակը բոլորին համար, հումքերու շահարկումով, որոնք սակայն խուսափին յառաջացնելէ կենսոլորտի անհաւասարակշռութիւն, պատճառելով վատթարացումի այնպիսի ընթացք մը, որուն պատճառով ամբողջ մարդկութիւնը այսօր եւ վաղը ծանրապէս պիտի վնասուի։
Օդի որակը, ծովերու աստիճանը, անուշ ջուրի պահեստներու կայունութիւնը, կլիման եւ բնական նուրբ կառոյցներու հաւասարակշռութիւնը, չեն կրնար անտարբեր մնալ ի դէմս այն միջոցներուն, որով մարդկային էակները կը յագեցնեն իրենց ուժանիւթի ծարաւը՝ ծանր անհաւասարութիւններով։
Մինչ կը փորձենք յագեցնել այդ ծարաւը, օրինական չէ աճեցնել ջուրի իսկական ծարաւը, աղքատութիւնը եւ ընկերային արտալքումը։ Ուժանիւթի աճող քանակը տրամադրութեան տակ ունենալու հարկաւորութիւնը, մեքենաները բանեցնել կարենալու նպատակով, չէ կարելի գոհացնել ի գին օդի թունաւորումին։ Մարդկային գործունէութիւններու համար տարածքներու գրաւման կարիքը չէ կարելի իրականացնել այնպիսի կերպով, որ վտանգի տակ դրուի մեր եւ այլ էակներու գոյութիւնը։
Սրբազան Պապը ապա միջազգային հասարակութեան ուշադրութեան յանձնեց այս մարտահրաւէրը։ Ան նկատեց, թէ պէտք է որդեգրել տիեզերական երկարատեւ ռազմավարութիւններ, որոնք ուժանիւթի ապահովութիւն տան, եւ նպաստեն տնտեսական կայունութեան, պաշտպանեն առողջութիւնը եւ կենսոլորտը եւ յառաջացնեն մարդկային համապարփակ զարգացումը, հաստատելով ճշգրիտ պարտականութիւններ՝ դիմագրաւելու կլիմայական փոփոխութեան խնդիրը։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա իր խօսքին մէջ մանրամասնեց բարդ մարտահրաւէրներու հրատապ նկարագիրը, յիշելով իր «Գովեալ լիցի» շրջաբերականի կոչը։ Յիշեցուց նաեւ 2015 թուականի Փարիզի Համաձայնագիրը որ ստորագրած էին 196 պետութիւններ։
Սրբազան Հայրը գնահատեց գիտաժողովի մասնակիցներու ճիգերը, որոնց շնորհիւ կատարուած են յառաջդիմութիւններ։ Ան յիշեց, թէ քարիւղի ընկերութիւնները կը զարգացնեն միջոցներ արժեւորելու համար կլիմայական փոփոխութեան վտանգներու տարողութիւնը եւ ըստ այնմ ճշդելու իրենց գործարարական ծրագիրները։ Սակայն Ֆրանչիսկոս Պապա բաւարար չի նկատեր ձեռք բերուած յառաջդիմութիւնները. պէտք է աւելի երկարաժամկէտ հեռանկարով ծրագիրներ մշակել։ Պէտք է միշտ նկատի ունենալ, որ կլիմայական փոփոխութիւններու առաջին զոհերը աղքատներն են։ Ասոր համար հարկաւոր է ստեղծել հաւասարակշիռ վիճակ մը առանց չարաշահումներու եւ պատեհապաշտ արարքներու։
Սրբազան Հայրը բացայայտեց լուծումներու զանազան միջոցներ, որոնք ըլլան ազդու եւ արդար։ Խօսքի աւարտին կոչ ուղղեց ներկաներուն որ իրենց կարողութիւնները դնեն այսօրուան աշխարհի երկու մեծ «դիւրաբեկութիւններու» տրամադրութեան տակ – աղքատներու եւ կենսոլորտի։ Ան յորդորեց որ ըլլան ղեկավարներու բջիջ մը, որ ուժանիւթի տիեզերական փոխանցումը այնպէս պատկերէ, որ նկատի առնուին երկրագունդի բոլոր ժողովուրդները, ինչպէս նաեւ ապագայ սերունդները, եւ բնութեան կառոյցի բոլոր էակները։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2018, 13:19