Ֆրանչիսկոս Պապ Չիլէի եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպումի ժամանակ Ֆրանչիսկոս Պապ Չիլէի եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպումի ժամանակ 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կʼնդունի Չիլէի երեք եպիսկոպոսներու հրաժարականը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունած է Չիլէի Օսորնօ թեմի եպիսկոպոս Խուան Պարրոս Մատրիտի հրաժարականը

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 8 յունիսին, Վատիկանը յայտարարեց, թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունած է Չիլէի Օսորնօ թեմի եպիսկոպոս Խուան Պարրոս Մատրիտի հրաժարականը, որ ծածկած էր Ֆերնանտո Քարատիմա քահանային մանկապղծութեան արարքները։

Երկուշաբթի, 11 յունիսին, Վատիկանէն հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, ուր կը հաստատուի Չիլէի այլ երկու եպիսկոպոսներու հրաժարականը։

Գերպ. Պարրոս իր հրաժարականը ներկայացուցած էր մայիսի 15-17 կայացած հանդիպումին առիթով, ուր Ֆրանչիսկոս Պապ յանդիմանած էր եպիսկոպոսները, որոնք սիսթեմաթիք կերպով ծածկած էին մանկապղծութեան պարագաները։ Գերպ. Խորխէ Էնրիքէ Քոնչուա Քայուքէօ, Սանթիակոյի օգնական եպիսկոպոսը, պիտի ծառայէ իբր առաքելական կառավարիչ Օսորնոյի թեմին։

Սրբազան Պապը ընդունած է նաեւ Փուերթօ Մոնթէի Արքեպիսկոպոս Քրիստիան Քարօ Քորտերոյի հրաժարականը, եւ իբր առաքելական կառավարիչ նշանակած է Ողորմածութեան Միաբանութեան Գաւառային Մեծաւոր Հայր Ռիքարտօ Պազիլիօ Մորալէս Կալինտօ։

Երրորդ անձը, որուն հրաժարականը ընդունուած է Սրբազան Պապին կողմէ, Վալփարաիզոյի եպիկոպոս Կոնծալօ Տուարթէ Կարսիա տէ Քորթազարն է, որուն տեղ նշանակուած է Չիլէի օգնական եպիսկոպոս Փետրօ Մարիօ Օսսանտոն Պուլայեւիչ՝ իբր առաքելական կառավարիչ։

Մալթացի Արքեպիսկոպոս Չարլզ Շիքլունա եւ Հաւատոյ Վարդապետութեան ժողովէն Գերապայծառ Ժորտի Պերթոմէօ կատարած էին խուզարկում մը Չիլէի կղերի կողմէ կատարուած մանկապղծութեան պարագաներուն եւ ներկայացուցած էին 2300 էջանոց տեղեկատուութիւն մը, որուն հետեւանքով Ֆրանչիսկոս Պապ Հռոմ կանչած էր Չիլէի եպիսկոպոսները։

2015 թուականին, երբ Ֆրանչիսկոս Պապ անուանած էր Պարրոս եպիսկոպոսը, հանդիպած էր ընդդիմութեան ալիքներու։ Բողոքողներու խումբ մը, որոնց կարգին նաեւ ոչ-կաթողիկէներ, փորձած էին արգիլել Պարրոսի մուտքը Օսորնոյի մայր տաճարէն ներս, անոր գահակալութեան օրը՝ 12 մարտ 2015ին։

Այդ օրէն ի վեր, հակառակորդները չէին դադրած իրենց ձայնը բարձրացնելէ։ Անոնցմէ ոմանք զոհերն էին Քարատիմա քահանային, որ 2011ին Հաւատոյ Վարդապետութեան Ժողովի կողմէ յանցաւոր գտնուած էր՝ 80ական եւ 90ական թուականներուն կատարած մանկապղծական արարքներուն համար, եւ դատապարտուած էր աղօթքի եւ առանձնութեան կեանքի։

Գերապայծառ Պարրոս հաւաստիացուցած էր իր անմեղութիւնը, ըսելով թէ տեղեակ չէր այդ արարքներուն։ Նախնական շրջանին Ֆրանչիսկոս Պապ պաշտպանած էր Պարրոսը, մերժելով որ ան հրաժարի իր աթոռէն, եւ տարւոյս յունուարին Չիլէի կատարած իր առաքելական այցելութեան ժամանակ անոր դէմ կատարուած մեղադրանքները անուանած էր «զրպարտութիւններ»։ Սակայն Շիքլունայի եւ Պերթոէօի կատարած խուզարկութիւններուն վրայ հիմնուած, տարւոյս ապրիլ ամսոյն, Սրբազան Հայրը ներում խնդրած էր իր կատարած «լուրջ սխալներուն» համար, որոնք հետեւանքն էին «ճշմարտացի եւ հաւասարակշռուած տեղեկութիւններու բացակայութեան»։ Ապա ան երկու անգամ հանդիպում ունեցած էր մանկապղծութեան զոհերուն հետ։
 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2018, 14:52